Երկիրը դէպի քաօս կ՚երթայ

7 Յունիսի Խորհրդարանի ընտրութիւններու ար­դիւնքը հիաս­թա­փու­թիւն մը եղաւ նա­խագահ Ռէ­ճէփ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանի հա­մար, որ այդ օրէն ի վեր լա­րուա­ծու­թիւն կը գրգռէ երկրէն ներս։ ՀՏՓ կու­սակցու­թեան տա­սը տո­կոսի ար­գելքը յաղ­թա­հարե­լուն ար­գելք ըլ­լա­լու մի­տու­մով ընտրու­թեան նա­խոր­դող օրե­րուն գոր­ծադրուած յար­ձա­կումնե­րը ի վեր­ջոյ 20 Յու­լի­սին Սու­րուչի մէջ 33 կեան­քեր խլե­լով մեկ­նա­կէտը հան­դի­սացան եր­կի­րը պա­տերազ­մի դաշ­տի վե­րածե­լու ծրագ­րին։ Թուրքիոյ մէջ հա­մատա­րած հա­մոզում մըն է որ այս բո­լորը կը կա­տարուին նա­խագա­հի ծրագ­րին հա­մաձայն։

Ներ­կայ դրու­թեան մէջ երկրի քրտաբը­նակ քա­ղաք­նե­րը կը պար­զեն Սու­րիոյ ռմբա­կոծուած քա­ղաք­նե­րուն պատ­կե­րը։ Բազ­մա­թիւ քա­ղաք­նե­րու մէջ ար­տա­կարգ իրա­վիճակ կը տի­րէ։ Կու­սա­կալ­նե­րը կ՚ար­գի­լեն բնա­կիչ­նե­րու փո­ղոց ել­լե­լը եւ այդ ար­գի­լեալ ժա­մերուն ոս­տի­կանու­թիւնը կամ զի­նուոր­նե­րը զան­գուածա­յին ձեր­բա­կալու­թիւններ կը կա­տարեն նա­խապէս ճշդուած հաս­ցէ­ներէ ներս։ Հա­մայ­նա­պատ­կե­րը կը յի­շեց­նէ 90-ական թուական­նե­րը։ Սա­կայն այ­սօր ի տար­բե­րու­թիւն ան­ցեալէն, ժո­ղովուրդն ալ զգա­լիօրէն քա­ղաքա­կանա­ցած է եւ չի վա­րանիր զի­նեալ միաւո­րումնե­րու դէմ քա­րերով կամ փայ­տե­րով դի­մադ­րե­լու։ Լա­րուած իրա­վիճա­կը ալ աւե­լի կը սրուի որոշ քա­ղաք­նե­րէ ներս ինքնա­վարու­թեան հռչա­կու­մով։ Ծա­նօթ փոր­ձա­գէտ Ճէն­կիզ Չան­տար «Ակօս»ին կը յայտնէ թէ այս ըն­թացքը կը ծա­ռայէ նա­խագա­հի ծրագ­րին, հե­տեւա­բար կը սպառ­նայ ՀՏՓ-ի շա­հերուն։ «Յանուն մարդկու­թեան անըն­դունե­լի են Վար­դո­յի, Տիգ­րա­նակեր­տի, Լճէի, Ճիզ­րէի կամ Եիւքսէ­քովա­յի մէջ պա­տահած­նե­րը։ Բայց ես քա­ղաքա­կան ռազ­մա­վարու­թեան իմաս­տով կը զգու­շացնեմ, թէ ՀՏՓ պէտք չէ իյ­նայ այս ծու­ղա­կին» կ՚ըսէ Ճէն­կիզ Չան­տար։

«Ակօս»ի անձնա­կազ­մէն Կէօզ­տէ Քա­զազ, Ույկար Կիւլթէ­քին եւ Ֆա­թիհ Կէօք­հան Տի­լէր այս մա­սին տե­սակ­ցե­ցան ՀՏՓ-ի Տի­յար­պէ­քիրի պատ­գա­մաւոր­ներ՝ Զի­յա Փիր, Չաղ­լար Տէ­միրէ­լի եւ կու­սակցու­թեան նա­խագա­հի օգ­նա­կան Մե­րալ Տա­նըշ Պէշ­թա­շի հետ։ Փիր կը հարցնէ թէ ապա­հովու­թեան ու­ժե­րը ին­չի՞ կամ որո՞ւ դէմ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու կը ձեռ­նարկեն, քա­նի որ այ­սօր ձեր­բա­կալուող այդ մար­դիկ ար­դէն միշտ հոն եղած են։ «Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հի յայ­տա­րարու­թիւննե­րէն կը հասկնանք որ այս բո­լորը իր հրա­մանով կը կա­տարուին» կ՚ըսէ Զի­յա Փիր։ Չաղ­լար Տէ­միրէլ ալ կը փո­խան­ցէ Տիգ­րա­նակեր­տի, կամ ներ­կայ անու­նով Սիլ­վա­նի վի­ճակը։ «Քա­ղաքը աւե­րակի վե­րածուած է։ Քա­ղաքը անբնա­կելի դար­ձած, տու­նե­րը ռբմա­կոծուած, ինքնա­շար­ժե­րը հրկի­զուած են։ Կ՚ու­զեն ժո­ղովուրդը սար­սա­փի մատ­նե­լով ճնշու­մի տակ առ­նել»։

Իսկ Պէշ­թաշ կը յայտնէ թէ Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հը եւ անոր ցուցմունքնե­րով վա­րուող կա­ռավա­րու­թիւնը եր­կի­րը դէպի քաօս կը տանին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ