Գունազարդ վազք Երեւան

Ձեր կեանքի ամենաուրախ եւ զուարթ երեք քիլօմեթրերը

ՅԱՍՄԻԿ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

Գու­նա­զարդ վազ­քը (The Color Run) աշ­խա­րի մէջ լայն ար­­ձա­­­գանգ գտած մի­­ջոցա­­ռում մըն է, որ առա­­ջին ան­­գամ կա­­տարուած է 2011-ին ԱՄՆ-ի մէջ։ Այ­­սօր ար­­դէն աշ­­խարհի աւե­­լի քան 50 երկրնե­­րու մէջ 300-էն աւե­­լի գու­­նա­­­զարդ վազ­­քի մրցոյթներ կա­­տարուած են։ Վազ­­քի հիմ­­նա­­­դիր­­նե­­­րը նպա­­տակ ու­­նե­­­ցած են ամե­­նաու­­րախ եւ զուար­­ճա­­­լի մրցոյ­­թը կազ­­մա­­­կեր­­պել, զերծ ան­­հանգստու­­թե­­­նէն ու մրցոյթնե­­րուն բնո­­րոշ լա­­րուա­­ծու­­թե­­­նէն։ Գու­­նա­­­զարդ վազ­­քը ու­­նի հիմ­­նա­­­յին մի քա­­նի գա­­ղափար­­ներ.

Առողջ ապ­­րե­­­լակերպ- Մրցոյ­­թի մաս­­նակցի­­ներու մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը առա­­ջին ան­­գամ կը մաս­­նակցին 5 քմ եր­­կա­­­րու­­թ-եամբ վազ­­քի մը։ Սա խթան կը հան­­դի­­­սանայ, որ մէկ ան­­գամ մաս­­նակցե­­լէ յե­­տոյ անոնք շա­­րու­­նա­­­կեն միշտ զբաղուիլ վազ­­քով։

Եր­­ջանկու­­թիւն– «Երկրա­­գունդի ամե­­նաու­­րախ 5 քմ» խո­­րագի­­րը ամէն ինչ կ՚ըսէ վազ­­քի՝ մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րուն բե­­րած խին­­դին ու բերկրան­­քին մա­­սին։

Ան­­հա­­­տակա­­նու­­թիւն- Գու­­նա­­­զարդ վազ­­քի մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը կու գան ամե­­նատար­­բեր ըն­­կե­­­րական ու տա­­րիքա­­յին խմբե­­րէն։ Անոնց մէջ կան ինչպէս ար­­հեստա­­վար­­ժեր, այնպէս ալ վազ­­քի կամ ուղղա­­կի մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու մաս­­նակցե­­լու սի­­րահար­­ներ։

Հա­­մայնքա­­յին մաս­­նակցու­­թիւն- Վազ­­քի կազ­­մա­­­կերպման մտքին մէջ կայ նաեւ բա­­րեգոր­­ծութեան գա­­ղափա­­րը։ Մրցոյ­­թի ար­­դիւնքին հա­­ւաքուած գու­­մա­­­րը կ՚ուղղուի բա­­րեգոր­­ծութեամբ զբա­­ղուող կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րուն

Այս տա­­րի 15 Օգոս­­տոս թուակ­­անին մրցոյ­­թը հա­­սաւ նաեւ Հա­­յաս­­տան։ Մրցոյ­­թին մաս­­նակցե­­լու հա­­մար անհրա­­ժեշտ էր նա­­խապէս գնել 3.000 դրամ ար­­ժո­­­ղու­­թեամբ տոմս, որուն ար­­դիւնքին մաս­­նակցին կը տրուի վազ­­քի հա­­մարա­­նիշ, ռե­­զինէ թեւ­­նոց, փո­­շեներ­­կով փա­­թեթ եւ ջուր՝ վազ­­քուղիի վեր­­ջը։ Հարկ է նշել, որ Երե­­ւանեան վազ­­գուղին կրճա­­տուած էր, այսպէս մրցոյ­­թի երե­­ւանեան մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը հաստ 5 քմ-ի փո­­խարէն կը վա­­զեն 3 քմ-ով։

Մի­­ջոցառ­­ման ար­­դիւնքին գո­­յացած հա­­սոյ­­թի մէկ մա­­սը կը փո­­խան­­ցուի 9 տարեկան Գո­­ռի վի­­րահա­­տական ծախ­­սե­­­րը հո­­գալու։ Գո­­ռը ող­­նուղե­­ղային բարդ վնա­­սուածք ու­­նի եւ չի կա­­րողա­­նար քայ­­լել։

Մի­­ջոցա­­ռու­­մը յատ­­կա­­­պէս երի­­տասարդ շրջա­­նակներու մօտ լայն ար­­ձա­­­գանգ գտած է։ Այն լից­­քա­­­թափուելու, ու­­րա­­­խանա­­լու ու խեն­­թութիւն ընե­­լու հար­­թակ դար­­ձած էր՝ հնա­­րաւո­­րու­­թիւն տա­­լով եր­­գել, պա­­րել եւ ին­­չու ոչ, նոր ծա­­նօթու­­թիւններ հաս­­տա­­­տել։

-Ես վա­­ղուց կը սպա­­սէի, որ մրցոյ­­թը անցկա­­ցուի Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ։ Տե­­սած եմ, թէ ինչպէս են ար­­տերկրի մէջ անցկաց­­րել, ու շատ կը սպա­­սէի, որ այն Հա­­յաս­­տան եւս կազ­­մա­­­կեր­­պուի։ Շատ ու­­րախ ու դրա­­կան մի­­ջոցա­­ռում է,- կը պատ­­մէ գու­­նա­­­զարդ վազ­­քի մաս­­նա­­­կից Ճոն Մկրտչեանը։

Գոյ­­նե­­­րու այս տո­­նախմբու­­թեան Երե­­ւանի մէջ մաս­­նակցած են շուրջ 1000 հո­­գի։ Վազ­քուղին առա­ջին աւար­տող 3 տղայ եւ 3 աղջիկ պարգեւատրուած են մրցանակներով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ