Յոյները զղջում կը պահանջեն

Թուրքիայէն գաղթելով Յունաստանի մէջ բնակութիւն հաս­տա­տած «Պոլ­սե­ցի Յոյ­ներ Տիեզե­րական Դաշ­նակցու­թիւն»ը 6-7 Սեպ­տեմբեր 1955-ի դէպ­քե­րու 60 ամեակին առ­թիւ պա­հանջներ յայտնեց Թուրքիոյ պե­տութեան։

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

Թուրքիայէն գաղթելով Յունաստանի մէջ բնակութիւն հաս­տա­տած «Պոլ­սե­ցի Յոյ­ներ Տիեզե­րական Դաշ­նակցու­թիւն»ը 6-7 Սեպ­տեմբեր 1955-ի դէպ­քե­րու 60 ամեակին առ­թիւ պա­հանջներ յայտնեց Թուրքիոյ պե­տութեան։ Դաշ­նակցու­թեան նա­խագահ Նի­կողա­յոս Ու­զունօղ­լու եւ ընդհա­նուր քար­տուղար Նի­կողա­յոս Անակ­նաստա­փու­լո­յի ստո­րագ­րութեամբ մէյ­մէկ նա­մակ ղրկուած է Թուրքիոյ Խորհրդա­րանի նա­խագահ Իս­մէտ Եըլ­մա­զի եւ քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւննե­րու կեդ­րոննե­րուն։ Նա­մակին մէջ կը պա­հան­ջուի որ Թուրքիա մե­ղան­չէ 6-7 Սեպ­տեմբե­րի պա­տահած­նե­րուն հա­մար եւ պոլ­սե­ցի յոյ­նե­րու այս առ­թիւ մատ­նուած տա­ռապան­քը սփո­փէ ետ դար­ձի կոչ մը հրա­պարա­կելով։ Նա­մակի հե­ղինակ­նե­րէն Պո­լսեցի Յոյ­ներու Տիեզե­րական Դաշ­նակցու­թեան ատե­նապետ Նի­կողա­յոս Ու­զունօղ­լու յայտնեց թէ այս դի­մու­մին հիմք կը կազ­մէ ՄԱԿ-ի 60/147 բա­նաձե­ւը։ Ան նաեւ դի­տել կու տայ որ 6-7 Սեպ­տեմբե­րի դէպ­քե­րը 1950-է ետք Թուրքիոյ մէջ ժո­ղովրդա­վարու­թեան նա­հան­ջի կա­րեւո­րագոյն ազ­դա­կը եղած է։ Ան նաեւ նշեց որ իրենց միու­թիւնը ան­ցեալին ալ այս բնոյ­թով դի­մում մը կա­տարած էր, որ ան­պա­տաս­խան մնաց։ Իսկ վար­չա­պետ Տա­ւու­թօղլու 5 Դեկ­տեմբեր 2014-ին հան­դի­պում մը ու­նե­ցած է միու­թեան վա­րիչ­նե­րուն հետ Աթէն­քի մէջ։ Յոյ­նե­րու պա­հանջնե­րուն մէջ ու­շագրաւ են պատ­մա­կան «Յու­նաց Գրա­կանու­թեան Միու­թիւն»ի ար­խիւնե­րուն Ան­գա­րայէն Իս­թանպուլ ետ բե­րուի­լը, Պէ­յօղ­լույի Աղջկանց Կեդ­րո­նական Վար­ժա­րանին հա­մալ­սա­րան ըլ­լա­լով վե­րաբա­ցուե­լուն աջակ­ցիլ, ան­հա­տական սե­փակա­նու­թիւննե­րու մա­սին գոր­ծադրուած սահ­մա­նափա­կումնե­րուն վե­րացու­մը եւ այլն։

Այս բո­լորին մէջ ամե­նաու­շագրաւ պա­հան­ջարկը կը մնայ 6-7 Սեպ­տեմբե­րի դէպ­քե­րուն հրա­պարա­կաւ եւ պաշ­տօ­նապէս պա­խարա­կու­մը։ Երե­ւոյթ մը՝ որուն խորհրդան­շա­կան իմաս­տը շատ աւե­լի նշա­նակա­լից է, քան որե­ւէ նիւ­թա­կան հա­տուցում։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ