Պեյրութի աղբի ցոյցը

Լի­բանա­նը ար­դէն մէկ տա­րիէ աւե­լի է, որ նա­խագահ չու­նի, իսկ կա­ռավա­րու­թիւնը ինքն իրեն եր­կա­րացու­ցած է կա­ռավար­ման իր ժա­մանա­կահա­տուա­ծը։ Շա­բաթ օրը, Օգոս­տո­սի 22-ին հա­զարա­ւոր լի­բանան­ցի­ներ հա­ւաքուած էին Ռիադ էլ Սոլ Պեյ­րութ՝ վար­չա­պետի նստա­վայ­րի մօտ, բո­ղոքե­լու կա­ռավա­րութեան ձա­խող­ման եւ շա­բաթ­նե­րով երկրի մէջ կու­տա­կուած աղ­բի ու չգոր­ծող աղ­բա­նոց­նե­րու դէմ։

ՌԱՔԵԼ ՓԱՐԹԱՄԵԱՆ

Լի­բանա­նը ար­դէն մէկ տա­րիէ աւե­լի է, որ նա­խագահ չու­նի, իսկ կա­ռավա­րու­թիւնը ինքն իրեն եր­կա­րացու­ցած է կա­ռավար­ման իր ժա­մանա­կահա­տուա­ծը։ Շա­բաթ օրը, Օգոս­տո­սի 22-ին հա­զարա­ւոր լի­բանան­ցի­ներ հա­ւաքուած էին Ռիադ էլ Սոլ Պեյ­րութ՝ վար­չա­պետի նստա­վայ­րի մօտ, բո­ղոքե­լու կա­ռավա­րութեան ձա­խող­ման եւ շա­բաթ­նե­րով երկրի մէջ կու­տա­կուած աղ­բի ու չգոր­ծող աղ­բա­նոց­նե­րու դէմ։

2005 թուակա­նէն ի վեր, սա առա­ջին դէպքն էր, որ մար­դիկ, ան­կախ կրօ­նական ու ազ­գա­յին պատ­կա­նելու­թե­նէն, խա­ղաղ ցոյ­ցի հա­մար դուրս եկած էին փո­ղոց՝ պաշտպա­նելու իրենց իրա­ւունքնե­րը եւ պա­հան­ջե­լու կա­ռավա­րու­թեան հրա­ժարա­կանը։

Բո­ղոքի գոր­ծո­ղու­թիւնը կ՚իրա­կանաց­նէր «YouStink» (հո­տած էք) քա­ղաքա­կան շար­ժումը։

Լի­բանա­նեան զի­նուած ու­ժե­րը ցու­ցա­րար­նե­րուն դի­մաւո­րեցին ջրցան­նե­րով ու տար­բեր ուղղու­թիւննե­րով նե­տեցին ար­ցունքա­բեր կա­զեր՝ հա­րուա­ծելով ցու­ցա­րար­նե­րու գլուխնե­րուն։

Ոս­տի­կան­նե­րը կի­րառում էին մա­հակ­ներ, մին­չեւ ան­գամ կը կրա­կէին ռե­զինէ եւ իրա­կան փամ­փուշտներ։ Տաս­նեակ մար­դիկ վի­րաւո­րուե­ցան եւ որոշ­նե­րը ձեր­բա­կալուեցան։

Բո­ղոքի գոր­ծո­ղու­թիւնը շա­րու­նա­կուեց, ցու­ցա­րար­նե­րը բո­ղոքի դուրս եկան Կի­րակի օրը եւս՝ կա­ռավա­րու­թե­նէն պա­հան­ջե­լով կանգնեց­նել ան­մեղ մարդկանց կրա­կող եւ ծե­ծող ոս­տի­կան­նե­րուն եւ հենց կա­ռավա­րու­թեան հրա­ժարա­կանը։

Բա­խումներ տե­ղի ու­նե­ցան ոս­տի­կանա­կան ու­ժե­րու եւ սադ­րիչնե­րու մի­ջեւ, երբ վեր­ջիններս փոր­ձե­ցին հե­ռաց­նել փշա­լարե­րը ու խան­գա­րել խա­ղաղ բո­ղոքի գոր­ծո­ղու­թիւնը։

Սադ­րիչնե­րը քա­րեր եւ պայ­թուցիկ­ներ նե­տեցին ոս­տի­կան­նե­րուն վրայ, որու հե­տեւան­քով ոս­տի­կան­նե­րը կրկին գոր­ծադրե­ցին ջրցա­նը ու ար­ցունքա­բեր կա­զը։

Բա­խումնե­րու ար­դիւնքին շատ մար­դիկ վի­րաւո­րուե­ցան։ «YouStink» խումբը կոչ ըրաւ հա­ւաքուած­նե­րուն հե­ռանալ՝ չու­զե­լով, որ ինչ որ մէ­կը վնա­սուի սադ­րիչնե­րու եւ ոս­տի­կանա­կան ու­ժե­րու բա­խումնե­րու ար­դիւնքով եւ վե­րադառ­նալ Եր­կուշաբ­թի՝ շա­րու­նա­կելու խա­ղաղ ցոյ­ցը։

Բա­խումնե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան ամ­բողջ գի­շեր. կրա­կոց­նե­րու ար­դիւնքին քա­նի մը մարդ վի­րաւո­րուե­ցաւ։

Եր­կուշաբ­թի օրը ոս­տի­կանա­կան ու­ժե­րը հսկա­յական պէ­թոնէ պատ կանգնե­ցու­ցին վար­չա­պետի նստա­վայ­րի մօտ՝ այն պաշտպա­նելու հա­մար։ Չնա­յած հանգստեան օրե­րու բա­խումնե­րուն՝ ցու­ցա­րար­նե­րը նո­րէն հա­ւաքուեցան՝ պա­հան­ջե­լով կա­ռավա­րու­թեան հրա­ժարա­կանը։ Երեք­շաբթի ար­դէն հսկա­յական պէ­թոնէ պա­տը հե­ռացուած էր եւ ցոյ­ցը շա­րունակուեցաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ