Անմահ բանաստեղծներու յիշատակին

Այս շաբաթ կը յիշատակենք Հայ ժողովուրդի երկու եղեռնամահ բանաստեղծներու՝ Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի 100-րդ տարելիցը։ Անոնք քալեցին հայ ազգյի գողգոթան, խաչուեցան անմեղ, իսկ մեզ թողուցին գրական հսկայ վաստակ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք երկու քերթուածներ իբրեւ խունկ ու մոմ նահատակ բանաստեղծներու յիշատակին։

ՁՕՆ

Եղեգնեայ գըրչով երգեցի փառքեր.

-Քեզի ընծա՜յ, իմ հայրենիք-

Սոսեաց անտառէն էի զայն կըտրէր,

-Քեզի ընծա՜յ, հին հայրենիք-

Եղեգնեայ գըրչով երգեցի քուրմեր,

Ընդ եղեգան փող լո՛յս ելանէր։

Եղեգնեայ գըրչով երգեցի կարօտ.

-Ձեզի ընծա՜յ, հայ պանդուխտներ-

Ան տարաշխարհիկ բոյսի մ՚էր ծըղոտ…

-Ձեզի ընծա՜յ, հէգ պանդուխտներ-

Եղեգնեա գըրչով երգեցի հարսեր.

Ընդ եղեգան փող ո՛ղբ ելանէր։

Եղեգնեայ գըրչով երգեցի արիւն,

-Ձեզի ընծա՜յ , սուրի զոհեր-

Ան ծլած էր մոխրի մէջ իբրեւ կընիւն…

-Ձեզի ընծա՜յ, կրակի զոհեր-

Եղեգնեայ գըրչով երգեցի վէրքեր.

Ընդ եղեգան փող սիրտս ելանէր։

Եղեգնեայ գըրչով որբ տունս երգեցի.

-Քեզի ընծա՜յ , հայր ալեհեր-

Ցամքած աղբիւրէն մեր զայն յօտեցի…

-Քեզի ընծա՜յ, մայր կարեվէր-

Եղեգնեայ գըրչով օճախս երգեցի,

Ընդ եղեգան փող ծո՛ւխ ելանէր։

Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի.

-Ձեզի ընծայ, հայ մարտիկներ-

Գրիչս եղաւ անթրոց սըրտերու հնոցի…

-Ձեզի ընծա՜յ, քաջ մարտիկներ-

Եղեգնեայ գըրչով վրէժ երգեցի.

Ընդ եղեգան փող բո՛ց ելանէր։

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

ԵՐԹԱ՜Լ

Երթալ, երթալ, երթալ անձայն, անհանդէս.

Երթալ առուին պէս մարզերու տակ անտես.

Կապոյտին մէջ՝ հեզ, հողմնավար ամպին պէս…

Երթա՜լ՝ առանց գիտնալու թէ դէպի ո՞ւր.

Երթալ հեռու ոստաններէն այս տըխուր,

Երթա՜լ խաւար գիշերին մէջ թաքթաքուր…

Երթա՜լ, երթա՜լ, երթա՜լ առանց ճրագի.

Երթա՜լ առանց սուգի, լացի, փափագի.

Երթա՜լ՝ առանց սովի, պապագի…

Երթալ՝ մարդոց կոյտին մէջէն լըռելեայն.

Օտար մընալ իրենց ցաւին, գիտութեան.

Երթա՜լ տգէտ, խուլ, համըր, կոյր յաւիտեան…

Չըգիտնալ որ հոս Իտէալը չիկայ…

Ուխտագնաց երթալ ափերն հեռակայ,

Դէպի ուղին Երջանկութեան մշտակայ…

Աննիւթանա՜լ, անրջանա՜լ, վըսեմ, վես.

Երթալ անցա՜յգ, անա՜յգ, երթալ վերջապէս

Աչքերը գոց՝ ցայգաշրջիկ խեղճին պէս…

Երթա՜լ՝ երթա՜լ չը ճանչնալ Մարդ ու Աստուած,

Զոյգ երթալ՝ քո՜յր ձեռքըդ ձեռքի մէջ դըրած

Անրջանքին ու Սիրոյն պէս Աքսորուած…

ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ