Բաղրամեան պողոտայի ցոյցերը վերսկսած

«Ո՚չ թա­լանին» նա­խաձեռ­նութեան ան­դամնե­րը կրկին ոտ­քի ելած են։ Բո­ղոքի ցոյ­ցե­րու մաս­նա­կից­նե­րը դէմ ել­լե­լով էլեկտրա­կան ու­ժա­նիւ­թի թան­կացման դէմ Սեպ­տեմբե­րի 1-ին փոր­ձած են փա­կել Բաղ­րամեան պո­ղոտա­յի՝ նա­խագա­հական նստա­վայ­րի հան­դի­պակաց հա­տուա­ծը։

«Ո՚չ թա­լանին» նա­խաձեռ­նութեան ան­դամնե­րը կրկին ոտ­քի ելած են։ Բո­ղոքի ցոյ­ցե­րու մաս­նա­կից­նե­րը դէմ ել­լե­լով էլեկտրա­կան ու­ժա­նիւ­թի թան­կացման դէմ Սեպ­տեմբե­րի 1-ին փոր­ձած են փա­կել Բաղ­րամեան պո­ղոտա­յի՝ նա­խագա­հական նստա­վայ­րի հան­դի­պակաց հա­տուա­ծը։ Ոս­տի­կան­նե­րը, սա­կայն, ցոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րը հե­ռացու­ցած են փո­ղոցէն։ Ինչպէս յայտնում է www.tert.am-ը, հան­րա­պետութեան հրա­պարա­կէն ոս­տի­կանութեան կեդ­րոն բեր­ման են են­թարկուած են 7 քա­ղաքա­ցիներ, որոնք մի քա­նի ժամ յե­տոյ ազատ ար­ձա­կուած են։ Ցու­ցա­րար­նե­րը, որոնց թի­ւը մի քա­նի տաս­նեակի կը հաս­նի, Սերժ Սարգսեանէն պա­հան­ջած են կա­տարել էլեկտրա­կան ու­ժա­նիւ­թի սա­կագ­նի վե­րանայ­ման մա­սին իր խօս­տումնե­րը։ Երե­ւանի փո­խոս­տի­կանա­պետ Վա­լերի Օսիպ­եա­նը ցու­ցա­րար­նե­րուն տե­ղեկա­ցու­ցած է, որ նա­խագահ Սարգսեանը Լեռ­նա­յին Ղա­րաբաղ է։

Բաղ­րամեա­նի վրայ իրա­վիճա­կը կը շա­րու­նա­կէ լա­րուած մնալ։ Նա­խաձեռ­նութեան ան­դամնե­րը ոս­տի­կան­նե­րէն կը պա­հան­ջէն, որ ազատ ար­ձա­կուին բեր­ման են­թարկուած­նե­րը՝ գո­չելով «ա-զա-տում»։ Մինչ սպա­սու­մը կը շա­րու­նա­կուի, անոնք կ՚եր­գեն ազ­գա­յին-ազա­տագ­րա­կան եր­գեր ու վան­կարկէն՝ «ար­դա­րու­թիւնը թող յաղ­թա­նակէ»։

Ըստ hraparak.am-ի՝ «Ոչ թա­լանին» նա­խաձեռ­նութեան բեր­ման են­թարկուած եւ ազատ ար­ձա­կուած ան­դամնե­րը՝ Մաք­սիմ Սարգսեանը, Ար­տուշ Չի­բուխչեանը, եւ Վահ­րամ Պետ­րո­սեանը նշած են, որ ոս­տի­կանու­թեան Արաբ­կի­րի բա­ժան­մունքը, ուր բեր­ման էին են­թարկուած, կը հրա­ժարին բա­ցատ­րութիւն տա­լէ եւ փաս­տա­թուղթեր ստո­րագ­րե­լէ։ Վեր­ջիննե­րուս մօտ դէմ­քի ու մարմնի վրայ թե­թեւ վնասուածքներ կան։

Նա­խաձեռ­նութեան ան­դամնե­րը կը պատ­րաստուին մին­չեւ վերջ եր­թալ ու տէր կանգնիլ իրենց պա­հան­ջին. կ՚ստի­պէն Սերժ Սարգսեանին էլեկտրա­կան ու­ժա­նիւ­թի սա­կագ­նի վե­րանայ­ման մա­սին իր խօստումները կատարել։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ