Գալիքի գայլերն ու ոչխարները

Յանուն ճշմար­տութեան պէտք է ար­ձա­նագ­րել որ Սու­րիոյ մէջ չկար գիւղ մը որ ելեկտրա­կանու­թիւն չու­նե­նար, չկար գիւղ մը առանց դպրո­ցի, եւ եթէ նա­խակրթա­րանի աշա­կերտ մը դպրո­ցէն հե­ռանար տնօ­րէնու­թիւնը պար­տա­ւոր էր պատ­կան մար­միննե­րուն տե­ղեկաց­նել այդ մա­սին եւ ոս­տի­կանու­թիւնը այդ աշա­կեր­տը բռնի կը վե­րադարձնէր դպրոց։

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Յանուն ճշմար­տութեան պէտք է ար­ձա­նագ­րել որ Սու­րիոյ մէջ չկար գիւղ մը որ ելեկտրա­կանու­թիւն չու­նե­նար, չկար գիւղ մը առանց դպրո­ցի, եւ եթէ նա­խակրթա­րանի աշա­կերտ մը դպրո­ցէն հե­ռանար տնօ­րէնու­թիւնը պար­տա­ւոր էր պատ­կան մար­միննե­րուն տե­ղեկաց­նել այդ մա­սին եւ ոս­տի­կանու­թիւնը այդ աշա­կեր­տը բռնի կը վե­րադարձնէր դպրոց։

Այ­սօր Սու­րիոյ դպրոց­նե­րուն մեծ մա­սը քան­դո­ւած կամ կի­սաքանդ է, մեծ թի­ւով վար­ժա­րան­ներ կը ծա­ռայեն որ­պէս պատսպա­րան գաղ­թա­կան­նե­րու, եղած դպրոց­նե­րու մէջ ալ գրե­թէ բան չեն սոր­վիր աշա­կերտնե­րը եւ տա­րեվեր­ջին կար­գը կը փո­խեն։ Կրթա­կան տնօ­րէնու­թիւնը մաս­նա­ւոր դպրոց­նե­րէն կը պա­հան­ջէ դիւ­րացնել աշա­կերտնե­րուն յա­ջողու­թիւնը։

Փո­ղոցը կը վխտան մա­նուկնե­րը, սի­կարէթ կը ծա­խեն, եր­թե­ւեկու­թեան սպա­սար­կող միք­րո­պասե­րու մէջ վա­րոր­դի օգ­նա­կան կ՚աշ­խա­տին, հաց կը ծա­խեն, փո­ղոցա­յին բո­լոր տե­սակի առեւ­տուրնե­րու մէջ կա­րելի է հան­դի­պիլ անոնց. շատ լաւ կը յի­շեմ Մահ­մուտ անու­նով այն 12 տա­րեկան պա­տանին, որ մեր հա­րեւան նպա­րավա­ճառին խա­նու­թին առ­ջե­ւի մայ­թը եր­բեմն կ՚աւ­լէր, եր­բեմն կ՚օգ­նէր ապ­րանքնե­րը ներս կամ դուրս տե­ղափո­խելու, փո­խարէ­նը չիփս կ՚ու­տէր, հիւթ կը խմէր… ինձմէ յա­ճախ սի­կարէթ կը խնդրէր... Օր մըն ալ նպա­րավա­ճառին թոյլտո­ւու­թեամբ անոր հե­ծանի­ւը առած էր մին­չեւ փո­ղոցին ան­կիւնը քշե­լով եր­թալ-գա­լու եւ ան­հե­տացած էր.. պար­զո­ւեցաւ որ 15-20 հա­զար­նոց ֆրան­սա­կան հե­ծանի­ւը հա­զար սու­րիակա­նի ծա­խած էր, ամ­բողջ օրը պտտած, կե­րած ու խմած էր եւ դեռ եր­կու հա­րիւր ալ մօ­րը տո­ւած էր, զար­մանք պատ­ճա­ռելով հօ­րը, որ նպա­րավա­ճառին պա­հանջքին ըն­դա­ռաջե­լով զա­ւակին ձեռ­քէն բռնած եկաւ եւ յայ­տա­րարեց.

-Ի՚նչ կ՚ու­զես ըրէ, կ՚ու­զես ծե­ծէ, մեռ­ցուր, ոս­տի­կանու­թեան յանձնէ. ես այս խնդրին չեմ խառ­նո­ւիր…

Եւ հայ­րը Պի­ղատո­սի նման ձեռ­քե­րը լո­ւաց, իրեն ի՚նչ իր ան­չա­փահաս զա­ւակին վար­քա­գիծը...

Մեծ է թի­ւը նաեւ ման­կա­հասակ մու­րա­ցիկ­նե­րուն, որոնք այս աս­պա­րէզէն ներս կը գոր­ծեն առան­ձին կամ իրենց ծնող­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցութեամբ։ Մու­րացկան­նե­րու խումբե­րու կա­րելի է հան­դի­պիլ բլի­թավա­ճառ­նե­րու մօտ .- Անօ­թի եմ.. ականջ ծա­կող յան­կերգը ամէն վայրկեան կա­րելի է լսել... Գրե­թէ բո­լոր բլի­թավա­ճառ­նե­րը քա­նի մը այսպի­սի «յա­ճախորդներ» ու­նին, որոնց ամէն օր քա­նի մը բլիթ կու տան ձրիաբար։

Վոհ­մակնե­րու նմա­նող խումբե­րով կը պտտին։ Ասոնց ձեռ­քը միշտ տե­ղէ մը ճա­րուած սի­կարէթ կայ եւ յա­ճախ կը մօ­տենան ասոր կամ անոր սի­կարէ­թը վա­ռելու խնդրան­քով կամ պա­հան­ջով։ 4-8 պա­տանի­ներէ կազ­մը­ւած այս խմբակ­նե­րը կը տա­րածո­ւին եւ կը «գրա­ւեն» փո­ղոց մը եւ կը սկսին բարձրա­ձայն՝ պո­ռալով խօ­սիլ իրար հետ, հայ­հո­յել իրար, չա­փել-չափչփել անցնող աղ­ջիկնե­րը. ոչ մէ­կը կը հա­մար­ձա­կի սաս­տել զա­նոնք։

Սու­լէյմա­նիէի Մար Ճըր­ճոս եկե­ղեցիի հա­րեւա­նու­թեամբ ու­տե­լիք վա­ճառող հռչա­կաւոր խա­նութներ կան. ասոնց շրջա­կայ­քը կա­րելի է հան­դի­պիլ ժա­մերով փո­ղոցը կանգնող երի­տասարդ տղոց խումբե­րու. այս տղա­քը ար­կա­ծախնդրու­թիւն փնտռող շփա­ցած պա­տանի-երի­տասարդներ են եւ... եւ նոյ­նիսկ ասոնք չեն հա­մար­ձա­կիր խօսք մը ուղղել այդ փո­ղոցա­յին­նե­րուն։ Ան­գամ մը երբ կ՚անցնէի այդ վայ­րէն, հայ­հո­յանքներ լսե­ցի, կանգ առի, չորս ցնցո­տիաւոր պա­տանի­ներ իրար­մէ 15-20 մեթր հե­ռաւո­րու­թեան վրայ կե­ցած իրար գնդակ կը նե­տէին հայ­հո­յանքնե­րու հա­մեմո­ւածու­թեամբ։

-Ին­չո՞ւ կը պո­ռաք, ին­չո՞ւ կը հայ­հո­յէք,- հար­ցուցի ին­ծի ամենէն մօ­տիկ գտնո­ւողին։

-Չենք հայ­հո­յեր, գնդա­կով կը խա­ղանք..

Եւ գնդա­կը կը շպրտէ կանգնած երի­տասարդնե­րու խումբի մը կող­մը. գնդա­կը կը զար­նո­ւի խումբէն մէ­կու երե­սին, շպրտո­ղը վա­զելով կ՚եր­թայ եւ ցի­նիկա­բար նա­յելով հա­րուա­ծը ու­տո­ղի երե­սին, կը վերցնէ գնդա­կը եւ ոտ­քի ու­ժեղ հա­րուա­ծով մը բո­լորի լուր հա­յեացքնե­րուն տակ կը նե­տէ դէ­պի իրեն հայ­հո­յող ըն­կե­րը, հայ­հո­յանք մըն ալ ինք ար­ձա­կելով..

-Ին­չո՞ւ բան չէք խօ­սիր, կը հարցնեմ տղոց խումբին։

-Ի՞նչ պի­տի խօ­սինք, ի՚նչ օգուտ..

Ես ցա­ւով կը նշմա­րեմ թա­քուն վախ մը՝ հին ժա­մանակ­նե­րէ եկող մո­ռացու­թեան տրո­ւած եւ «ոչ­խա­րացող» մար­դոց մէջ գլուխ ցցող վա­խը՝ ամ­բոխ դար­ձող ըն­կե­րու­թե­նէն

Այս ման­կա­հասակ գաղ­թա­կան փո­ղոցա­յին­նե­րուն կա­րելի է հան­դի­պիլ նաեւ ջու­րե­րու ծո­րակ­նե­րու մօտ կար­գի շա­րուած­նե­րու մէջ։ Իւ­րա­քան­չիւրը եկած է հինգ-վեց, ութ-տաս տա­կառիկ­նե­րով եւ պար­կե­րու մէջ տե­ղաւո­րած շի­շերով։ Անոնց ծնող­քը լաւ գի­տեն որ իրենց զա­ւակ­նե­րը գլուխ կ՚ել­լեն կար­գի կե­ցող­նե­րուն հետ եւ քա­նի մը ան­գամ լե­ցուն տա­կառ­նե­րով կ՚եր­թան կու գան։ Մէ­կը չի հա­մար­ձա­կիր հե­տեր­նին խօ­սիլ, զգու­շա­նալով վի­րաւո­րական լկտի պա­տաս­խաններ ստա­նալէ։ Եր­բեմն ջու­րի հեր­թե­րու առ­ջեւ կռիւ-կռո­ւըտու­քի կը հան­դի­պիս, կռո­ւող­նե­րը ման­կա­հասակ խումբեր են, իսկ մե­ծահա­սակ­նե­րը կը հե­ռանան անոնցմէ զգու­շօ­րէն փոր­ձե­լով ցած­րա­ձայն մրթմրթալ.

-Ամօթ է տղաք, չի վայ­լեր...

-Այս ի՞նչ սե­րունդ կը մեծ­նայ.

Ի՞նչ սե­րունդ,- այս հար­ցը ես ալ ինքզին­քիս կ՚ուղղեմ։

Հա­լէպի «միւս» կող­մը ի՞նչ տե­սակ սե­րունդ կ՚աճի չեմ գի­տեր։

Պե­տու­թեան ազ­դե­ցու­թեան գօ­տիին մէջ, գա­լիք Սու­րիոյ հա­մար հա­սակ կ՚առ­նեն եր­կու սե­րունդներ. մէ­կը մար­դա­վարի դպրոց կ՚եր­թայ, ուր կը ճգնին զինք դաս­տիարա­կել ինչպէս առաջ, ու­սում տալ ինչպէս առաջ, քա­ղաքա­կիրթ պա­հել ինչպէս առաջ...

Երկրոր­դը, որ բա­ցար­ձակ մե­ծամաս­նութիւն կը կազ­մէ եւ որուն գլխա­ւոր յատ­կա­նիշը լքո­ւածու­թիւնն է, դպրոց չ՚եր­թար, նոյ­նիսկ եթէ ար­ձա­նագ­րո­ւած է որ­պէս աշա­կերտ, գա­ցած-չգա­ցած գրե­թէ նոյնն է, միշտ փո­ղոց­ներն է եւ օրէ­ցօր աւե­լի կը լկտիանայ, կը վե­րածո­ւի գա­զանի­կի.. այս խմբա­ւորու­մին մէջ կը հան­դի­պինք նաեւ 15-16 տա­րեկա­նին որ­պէս եկա­մու­տի աղ­բիւր՝ յա­նուն հա­յրենի­քի զէնք վերցնող­նե­րու..

Յետ գրու­թիւն։ Փոք­րիկ այ­գիի մը մէջ, ուր քա­նի մը տաս­նեակ գաղ­թա­կան­ներ ապաս­տան գտած են, օր մը, ար­դէն մթնցած էր, երկրորդ խումբէն պա­տանի մը տե­սայ, որ ծա­ռի մը հաստ ճիւ­ղե­րուն վրայ ան­կո­ղինի նմա­նող բան մը զե­տեղած էր եւ վրան ծա­լապա­տիկ նստած..

Աս­տո­ւած իմ, երա­նի հար­ցուցած չըլ­լա­յի... հար­ցուցի.

-Հո՞ն կը քնա­նաս։

Հար­ցումիս ծա­ռին տակ կե­ցած ըն­կե­րը պա­տաս­խա­նեց.

-Այո՚, քրոջ հետ...

... Ծա­ռին վրայ եւ ծա­ռին տակ պայ­թող խե­լագա­րի քահ-քա­հը ռումբի մը պայ­թիւնին ազ­դե­ցու­թիւնը ձգեց վրաս եւ մին­չեւ վերջ պի­տի ծա­կէ ական­ջիս բլթա­կը եւ խո­ցէ հո­գիս։

Գա­լիքին, երկրորդ խումբին մաս կազ­մողնե­րը հա­ւանա­բար գայ­լե­րու վոհ­մակնե­րու պէս նախ պի­տի հում-հում ու­տեն, իրենց հա­մեմատ, առա­ջին խումբի ոչ­խա­րան­մաննե­րը ապա (կամ միեւ­նոյն ատեն) զի­րար յօ­շոտեն...

Ներ­կա­յիս, գա­լիք սե­րունդի այս եր­կու խմբա­ւորումնե­րուն ընդհա­նուր յայ­տա­րարը զրկո­ւածու­թիւնն է՝ ամէն ինչէ ու նախ եւ առաջ մանկութենէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ