Մահ տիպար հոգեւորականի

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

Մարդասիրական ծառայութիւններու պատմութեան մէջ միշտ կարեւոր ներդրում ունեցած են հոգեւորականները։ Այս առումով Ի. դարու կարեւոր դէմքերն էին Հայր Տէսմոնտ Թութու եւ Մայր Թէրեզա։ Ներ­կայ օրե­րուն իրենց հետ յի­շուող անուն մը դար­ձաւ Մի­թիլի­նի կղզիի երէց Սթրա­թիս։ Իր անու­նը լսե­ցինք Մի­ջին Արե­ւել­քի պա­տերազմնե­րէն փախ­չե­լով դէ­պի Եւ­րո­պա գաղ­թել ցան­կա­ցող փախստա­կան­նե­րու պատ­ճա­ռաւ։ Այդ ճա­նապար­հորդութեան կա­րեւո­րագոյն հանգրո­ւան­նե­րէն մէկն է Տէր Սթրա­թիսի պաշ­տօ­նավա­րած Մի­թիլի­նի քա­ղաքը, որ ան­մի­ջական հա­րեւա­նու­թիւն ու­նի Թուրքիոյ Չա­նաք­քա­լէ քա­ղաքին հետ։ Խիստ անա­պահով ծո­վային ճամ­բորդու­թիւնով Մի­թիլի­նի հաս­նող գաղ­թա­կան­նե­րու պա­հապան հրեշ­տա­կը դար­ձած էր ան։ Իր ջան­քե­րուն շնոր­հիւ 2007-ին հիմ­նո­ւեցաւ «Ակալիա» (գրկող) մար­դա­սիրա­կան միու­թիւնը։ Միու­թիւնը գաղ­թա­կան­նե­րուն կ՚ապա­հովէր սննդամ­թերք, հա­գուստե­ղէն եւ ժա­մանա­կաւոր պատսպա­րան։ «Ես կը տես­նեմ օգ­նութեան կա­րօտ մար­դիկ։ Չեմ կրնար մեր­ժել իրենք, չեմ կրնար վտա­րել, չեմ կրնար բան­տարկել։ Չեմ կրնար յօ­ժարիլ ծո­վուն մէջ խեղ­դո­ւել­նուն»։ Այս նա­խադա­սու­թիւնը իբ­րեւ բնա­բան ըն­դունած տէր­ հայրը վախ­ճա­նեցաւ 2 Սեպ­տեմբե­րին, ճիշդ այն օրը՝ երբ մօր ու եղ­բօր հետ միասին խեղ­դա­մահ եղած Ալան մա­նու­կի դիակը կը յայտնո­ւէր Պոտ­րումի ծո­վափի աւազ­նե­րուն վրայ։

Տէր Սթրա­թիս քրիս­տո­նէական սէ­րը կը բնու­թագրէր, իբ­րեւ գաղ­թա­կան­նե­րու օգ­նե­լու մի­ջոց։ «Սի­րեցէք զի­րար։ Աս­տը­ւած սէր է։ Ինչպէս նշած ենք Ակա­լիայի կա­նոնագրութեան մէջ, առանց խտրա­կանութեան սի­րեցէք բո­լոր մարդկանց։ Նկա­տի մի՛ ու­նե­նաք անոնց կրօ­նը, ազ­գութիւ­նը, սե­ռը կամ քա­ղաքա­կան հա­կումնե­րը։ Մարդ հա­մարո­ւելու չա­փանի­շը սի­րելու այս կա­րողու­թեան հետ հա­մեմա­տուած է։ Այս է մա­հը յաղ­թա­հարե­լու ճա­նապար­հը»։

Տէր­ հայրը ու­նէր հա­ւատա­րիմ գոր­ծընկեր­ներ, որոնք կը հա­ւատան թէ ան գրկած է Ալան մա­նու­կը եւ հրա­ժեշտ առած այս կեղ­տոտ աշ­խարհէն դէ­պի յա­ւեր­ժութիւն։

Իր հետ կա­տարո­ւած հար­ցազրոյ­ցի մը ըն­թացքին հե­տեւեալ տո­ղերով կը ներ­կա­յաց­նէր զինք եւ իր առա­քելու­թիւնը։ «Ես Մի­թիլի­նի կղզիի Քա­լօնի­լի գիւ­ղէն Տէր Սթրա­թիս։ Կ՚ու­զեմ օգ­տա­կար ըլ­լալ։ Ակա­լիա անուն միու­թիւնը հիմ­նած ենք ծո­վու հան­դի­պակաց ափէն եկող­նե­րու օգ­նե­լու հա­մար։ Պէտք է հասկնաք որ այս մար­դիկ փամ­փուշտնե­րէն ազա­տելու հա­մար հոս եկած են։ 10, 18, 20 ժա­մեր քա­լելով եկած են։ Սու­րիացի գաղ­թա­կան մը ըսած էր որ լոկ զաւ­կին փրկութեան հա­մար պատ­րաստ է 50 ժամ եւս քայ­լե­լու։ Մենք անոնք կը դի­տենք իբ­րեւ օգ­նութեան կա­րօտ մար­դիկ։ Եթէ յան­կարծ Լէս­ֆո­սի մէջ առա­ւօտ մը տես­նէք լո­ւացո­ւող մէ­կը, կամ ար­տա­սուող կին մը, մա­նուկ մը, մի փոր­ձէք հարցնել թէ քրիս­տո­նեայ են, թէ ոչ։ Կեան­քը կարճ է բո­լորիս հա­մար։ Եկէք այդ կարճ կեան­քը իմաս­տա­ւորենք բարիքներով։ Ուրիշներու մատուցած այդ բարիքէն մեզի ալ բաժին կը վիճակի»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ