Մենք աւելի շատ նմանութիւններ ունինք, քան կը կարծենք

ՅԱՍՄԻԿ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

Ապագայ առաջ­նորդնե­րու փո­խանակ­ման (FLEX) ծրա­­գիրը կը հո­­վանա­­ւոր­­ո­­­ւի ԱՄՆ-ի կա­­ռավա­­րու­­թեան կող­­մէ։ Ծրա­­գիրը նա­­խատե­­սուած է նախ­­կին ԽՍՀՄ-ի 10 հան­­րա­­­պետու­­թիւննե­­րու՝ նե­­րառեալ Հա­­յաս­­տա­­­նի դպրո­­ցական աշա­­կերտնե­­րու հա­­մար։ Այս շրջագը­­ծով աշա­­կերտնե­­րուն կրթա­­թոշակ կ՚ապա­­հովո­­ւի ու­­սուման մէկ տա­­րեշրջա­­նը ԱՄՆ-ի մէջ անցնե­­լու հա­­մար։ Մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը կը մնան ամե­­րիկեան հիւ­­րընկա­­լող ըն­­տա­­­նիքի մօտ եւ կը յա­­ճախեն ամե­­րիկեան դպրոց։ Ծրագ­­րի շրջա­­նաւարտնե­­րը այ­­նուհետ կը սկսին աշ­­խոյժօ­­րէն մաս­­նակցիլ հա­­մայնքա­­յին կեան­­քի իրա­­դար­­ձութիւննե­­րուն։

Եւ ահա, Սեպ­­տեմբե­­րի 3-6-ը Հա­­յաս­­տա­­­նի, Վրաս­­տա­­­նի եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի ՖԼԵՔՍ ծրագ­­րի 45 շրջա­­նաւարտներ մաս­­նակցեցան Հա­­րաւ Կով­­կա­­­սեան FLEX-Ability աշ­­խա­­­տաժո­­ղովին։ Աշ­­խա­­­տաժո­­ղովի նպա­­տակն էր շրջա­­նաւարտնե­­րուն տալ հմտու­­թիւններ եւ գի­­տելիք՝ մաս­­նա­­­գիտու­­թեան զար­­գացման, անգլե­­րէն լե­­զուի դա­­սաւանդման եւ սո­­ցիալա­­կան մէ­­տիայի ոլոր­­տի մէջ։ Անոնք նաեւ սոր­­վե­­­ցան նա­­խագ­­ծեր կազ­­մել, որոնք այ­­նուհետ կ՚իրա­­կանաց­­նեն իրենց հա­­մայնքնե­­րուն մէջ։

Աշ­­խա­­­տաժո­­ղովէն զատ մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը ժա­­մանակ ու­­նե­­­ցան նաեւ մի­­մեանց իրենց ազ­­գա­­­յին պա­­րերը սոր­­վեցնե­­լու։ Ահա այդ ժա­­մանակ էր, որ մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը հասկցան թէ որ­­քան նման ու միաժա­­մանակ որ­­քան տար­­բեր են իրար­­մէ։

-Մեր ազ­­գե­­­րը կար­­ծես երեք խնձոր­­ներ ըլ­­լան. մէ­­կը կա­­նաչ է, միւ­­սը կար­­միր, միւսն ալ դե­­ղին։ Անոնք կրնան տար­­բեր հա­­մեր եւ գոյն ու­­նե­­­նան, բայց անոնք բո­­լորն ալ նոյնն են,- կը կար­­ծէ ատրպէյ­­ճանցի մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րէն մէ­­կը։

Հա­­յաս­­տանցի մաս­­նա­­­կից Նու­­նէ Յա­­րու­­թիւնը կը փաս­­տէ. ծրա­­գիրը ին­­ծի օգ­­նեց կոտ­­րել բո­­լոր կարծրա­­տիպե­­րը։ Մենք վրա­­ցի կամ ատրպէյ­­ճանցի մեր հա­­սակա­­կից­­նե­­­րու հետ չենք շփո­­ւիր, մեր հիմ­­նա­­­կան տե­­ղեկա­­տուա­­կան աղ­­բիւրը մէ­­տիան է, որ մեծ մա­­սամբ լցո­­ւած է խե­­ղաթիւ­­րո­­­ւած լու­­րե­­­րով։ Նման ծրա­­գիր­­նե­­­րը կ՚օգ­­նեն հասկնալ ու պատ­կե­րացում կազ­մել թէ սահ­մա­նէն այն կողմ իմ հա­սակա­կիցն ար­դեօ՞ք նոյն կեան­քով կ՚ապ­րի ինչ որ ես։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ