Ս. Միւռոնը 1700 տարեկան

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ամենանուիրական աւանդութիւններէն մէկն է Սրբազան Միւռոնի պատրաստութեան կարգը, որ այս տարի տեղի ունեցաւ 27 Սեպտեմբեր Կիրակի, Վարագայ Սուրբ Խաչի տաղաւարին։ Բառին բուն իմաստով խուռներամ բազմութիւն մը փութացած էր Մայր Տաճար հաղորդակից դառնալու համար այս կարեւոր իրադարձութեան։ Ներկայ գտնուեցան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բազմաթիւ թեմերու առաջնորդներ, որոնց կարգին էր նաեւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։