Հայոց Ցեղասպանութիւնը բարեփոխումներու վերջակէտն է

ԹԱՆԷՐ ԱՔՉԱՄ

Նախ կ՚ու­զեմ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկին շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնել այս յա­տուկ հրա­ւէրին հա­մար։

Ինչպէս գի­տէք այս տա­րի ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեակն է եւ ինձմէ պա­հան­ջուեցաւ այս մա­սին ելոյթ ու­նե­նալ։

Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը մարդկու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծութիւն մըն է, որ բնու­թագրուեցաւ 1948-ին։ Այ­սօր Թուրքիոյ մէջ հրա­տապ նիւթ մըն է 1915-ին պա­տահած­նե­րուն ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ըլ­լա­լով յի­շուի­լը։ Մինչդեռ այս տա­րակար­ծութիւ­նը վե­րաց­նո­ղը նոյն ինքն ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռի հե­ղինակ Ռա­փայէլ Լեմ­քին եղած է։ Մնաց որ նա­խապէս ալ նման բնոյ­թի ոճիր­նե­րը դա­տապար­տող 1899 եւ 1907-ի Լա­հէյի հա­մաձայ­նութիւ­նը, որ կը կո­չուի «Մար­թէնսի Վճիռ», ռուս իրա­ւագէտ Մար­թէնսի Օս­մա­նեան Կայսրութեան իր քրիս­տո­նեայ հպա­տակ­նե­րուն դէմ գոր­ծադրած կո­տորած­նե­րէն ծա­գած է։ Կայ եւս մի հա­մաշ­խարհա­յին սահ­մա­նում, որ կը կոչուի «Մարդկու­թեան Դէմ Յան­ցանքներ», առա­ջին ան­գամ գոր­ծա­ծուած է հա­յերու զան­գուածա­յին սպա­նու­թեան դէմ Անգլիա, Ֆրան­սա եւ Ռուսիոյ հա­մատեղ յայ­տա­րարու­թեան մէջ։

Լեմ­քին իր «ան­պաշտօ­նական» կեն­սագրու­թեան մէջ այս նիւ­թին նկատ­մամբ հե­տաքրքրու­թիւնը կը ներ­կա­յաց­նէ Սո­ղոմոն Թէհ­լէ­րեանի դա­տավա­րու­թիւնով։ «Դա­տավա­րու­թիւնը վե­րածուեցաւ յան­ցա­գործ թուրքե­րու հա­շուե­տուու­թեան։ Հա­մաշ­խարհա­յին հա­սարա­կու­թիւնը այսպէ­սով տե­սաւ Թուրքիոյ մէջ պա­տահած ող­բերգութեան իրո­ղու­թիւնը։ Իրենց շա­հերու հե­ռան­կա­րով հա­յոց սպա­­նու­­թիւնը ան­­տե­­­սող եւ թուրք յան­­ցա­­­գոր­­ծե­­­րը ազատ ար­­ձա­­­կող արեւմտեան աշ­­խարհը այս դա­­տավա­­րու­­թիւնով կը հար­­կադրուէր սար­­սա­­­փելի իրո­­ղու­­թիւնը լսե­­լու։ Որ­­քա՞ն իրա­­ւացի է ան­­հա­­­տի մը զէնքն ի ձե­­ռին ար­­դա­­­րու­­թիւն բաշ­­խե­­­լը։ Այս հար­­ցումին պա­­տաս­­խա­­­նը չէի գի­­տեր, բայց հա­­մոզուեցայ որ ցե­­ղի կամ կրօ­­նական խմբա­­կի մը ուղղեալ ոճիր­­նե­­­րուն դա­­տապարտման հա­­մար անհրա­­ժեշտ է հա­­մաշ­­խարհա­­յին օրի­­նագիծ մը ստեղ­­ծել»։

Այս դա­­տավա­­րու­­թե­­­նէն ազ­­դուած Լեմ­­քին կը թո­­ղու իր գրա­­կանու­­թեան ու­­սումը եւ կ՚ուղղուի իրա­­ւագի­­տու­­թեան։ Իր յու­­շե­­­րուն մէջ կը փո­­խան­­ցէ ու­­սուցիչին հետ ու­­նե­­­ցած վէ­­ճը։ Կը հարցնէ թէ Թա­­լիաթ ին­­չո՞ւ հա­­մար չէ ձեր­­բա­­­կալուած եւ դա­տուած։ Ու­­սուցի­­չը կը պա­­տաս­­խա­­­նէ՝ «դա­­տարան­­նե­­­րը այս մա­­սին ոչ օրէն­­քի յօ­­դուած մը եւ ոչ ալ իրա­­ւասու­­թիւն ու­­նին»։ Ապա իր տե­­սու­­թիւնը պար­­զե­­­լու հա­­մար օրի­­նակ մը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ։ «Հա­­ւեր ու­­նե­­­ցող ագա­­րակա­­տէր մը են­­թադրէ։ Ան եթէ որո­­շէ իր հա­­ւերը սպան­­նել, այս իր գիտ­­նա­­­լիք գործն է։ Եթէ մի­­ջամ­­տես, անոր իրա­­ւունքը ոտ­­նա­­­կոխած կ՚ըլ­­լաս»։ Առար­­կած էի ըսե­­լով որ «մար­­դիկ հաւ չեն»։

Լեմ­­քին կը դժուարա­­նայ Թէհ­­լէ­­­րեանին Թա­­լիաթը սպան­­նե­­­լուն ոճ­­րա­­­գոր­­ծութիւն հա­­մարուելուն, բայց Թա­­լիաթին մի­­լիոն­­ներ սպան­­նե­­­լուն յան­­ցանք չհա­­մարուելուն տա­­րօրի­­նակ հա­­կասու­­թիւնը ըն­­կա­­­լելու։

Այս բո­­լորը մեր երկրի մէջ այնքան ալ ծա­­նօթ չեն քա­­նի որ չենք առե­­րեսուած մեր պատ­­մութեան հետ։ Այդ պատ­­ճա­­­ռաւ ալ մեր պե­­տու­­թիւնը տա­­կաւին իր քա­­ղաքա­­ցինե­­րը հա­­ւեր ըլ­­լա­­­լով կը տես­­նէ։

Առե­­րես­­ման հա­­մար չորս
պատ­­ճառներ

Ի՞նչ կը նշա­­նակէ պատ­­մութեան հետ առե­­րեսուիլ կամ ին­­չո՞ւ ստի­­պուած ենք առե­­րեսուելու։ Այս մա­­սին չորս պատ­­ճառներ յստա­­կացած են։ Առա­­ջինը՝ ոչնչա­­ցուած մարդկանց ար­­ժա­­­նապա­­տուու­­թիւնը ապա­­հովե­­լու հա­­մար է։ Բո­­լոր մեծ զան­­գուածա­­յին սպանդնե­­րու մէջ զո­­հերը ման­­րէի, մի­­ջատի, ու­­ռուցքի մը վե­­րածող քա­­րոզ­­չութիւններ կը կա­­տարուին։ Այդ առու­­մով ալ մար­­դոց ար­­ժա­­­նապա­­տուու­­թիւնը վե­­րահաս­­տա­­­տելու հա­­մար առե­­րես­­ման կը կա­­րօտինք։ Երկրորդ պատ­­ճա­­­ռը, կո­­տորած­­նե­­­րը հա­­սարա­­կու­­թեան մօտ ար­­դա­­­րութեան զգա­­ցու­­մը եւ խիղ­­ճը կը խոր­­տա­­­կեն։ Ար­­դա­­­րու­­թիւնը վե­­րակեր­­տե­­­լու հա­­մար անիրաւուած­­նե­­­րուն կո­­րուստը հա­­տու­­ցել պէտք է։ Եթէ այս առե­­րեսու­­մը չկա­­տարէք ար­­դար ապա­­գայ մը չէք կրնար երա­­զել։ Եր­­րորդ պատ­­ճա­­­ռը ան­ցեալին իրա­­րու հետ բա­­խում ու­­նե­­­ցած հա­­սարա­­կու­­թիւննե­­րը, եթէ խա­­ղաղ հա­­մակե­­ցու­­թիւն մը պի­­տի ապ­­րին պար­­տա­­­ւոր են ան­­ցեալի դէպ­­քե­­­րուն մա­­սին իրա­­րու հետ խօ­­սելու եւ առե­­րեսուելու։ Չոր­­րորդ եւ ամե­­նակա­­րեւոր գոր­­ծօ­­­նը, եթէ ու­­րա­­­նաք ան­­ցեալի պա­­տահած­­նե­­­րը, նոյն յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւ­­նը կրկնե­­լու նե­­րու­­ժը պա­­հած կ՚ըլ­­լաք ձեր մէջ։ Այ­­սօր Թուրքիոյ Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի մէջ ան­­յա­­­ջողու­­թեան գլխա­­ւոր պատ­­ճառն այս է։ Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի ժո­­ղովուրդնե­­րը Թուրքիոյ այ­­սօ­­­րուան կա­­ռավա­­րու­­թիւննե­­րը կը դի­­տեն իբ­­րեւ օս­­մա­­­նեան թուրք վա­­րիչ­­նե­­­րու շա­­րու­­նա­­­կու­­թիւնը։ Եւ որ­­քան ատեն որ այս վեր­­ջիններս չեն առե­­րեսուած իրենց մեղ­­քե­­­րուն հետ, նոյն յան­­ցանքնե­­րը դար­­ձեալ կրնան գոր­­ծել։

Վեր­­ջա­­­պէս կրնանք ըսել որ նոյ­­նիսկ եթէ խու­­սա­­­փիք պատ­­մութեան հետ առե­­րեսուելէ, ան ընդմիշտ կը հե­­տապնդէ ձեզ։

Բա­­րեփո­­խումնե­­րու խնդի­­րը

Պատ­­մութեան հետ առե­­րեսուելու հրա­­մայա­­կանը այժմէական պատ­­ճառ մըն ալ ու­­նի։ Եթէ յա­­ջողած ըլ­­լա­­­յինք հայ­­կա­­­կան խնդրի մա­­սին ար­­դար առե­­րեսում մը կա­­տարե­­լ, քրտա­­կան հար­­ցը այսպէս չէինք ապ­­րեր։ Այ­­սօր բո­­լորը զար­­մանքով հասկնալ կ՚ու­­զեն թէ բա­­խումնե­­րը ին­­չո՞ւ վերսկսան։ Եթէ լաւ սեր­­տած ըլ­­լա­­­յինք մեր պատ­­մութիւ­­նը, պի­­տի տես­­նէինք որ այ­­սօ­­­րուայ խնդի­­րը քրտա­­կան բա­­րեփո­­խումնե­­րու խնդիր մըն է եւ շատ նման է հա­­յոց հետ ապ­­րուած­­նե­­­րուն։ Հա­­րիւր տա­­րի առաջ խնդի­­րը հա­­յոց, ըն­­կե­­­րային կեան­­քի եւ ար­­դա­­­րադա­­տական հա­­մակար­­գի մէջ իս­­լամնե­­րուն հետ հա­­ւասար հա­­մարուելուն մա­­սին էր։ Պատ­­մութիւ­­նը կը վկա­­յէ, թէ հա­­յոց այս ուղղու­­թեամբ յա­­ռաջըն­­թաց ար­­ձա­­­նագ­­րած շրջան­­նե­­­րուն յա­­ջոր­­դած է կո­­տորած­­նե­­­րը։ Կ՚ու­­զեմ նշել կարգ մը օրի­­նակ­­ներ։ Ապ­­տիւլհա­­միտ 1895-ի Հոկ­­տեմբե­­րին յայ­­տա­­­րարեց թէ հա­­յերը իս­­լամնե­­րու հետ հա­­ւասար իրա­­ւունքնե­­րու պի­­տի տի­­րանան եւ իրենց բնակ­­չութեան հա­­մեմա­­տու­­թեամբ պաշ­­տօն պի­­տի ստանձնեն շրջա­­նային վար­­չութիւննե­­րու մէջ։ Հա­­յերը խիստ ոգե­­ւորուած էին այս զար­­գա­­­ցու­­մով, երբ վրայ հա­­սաւ արե­­ւելեան քա­­ղաք­­նե­­­րէն եկող սպան­­դի լու­­րե­­­րը։ Բա­­րեփո­­խումնե­­րու խոս­­տումն ալ աւե­­լի քան հա­­րիւր հա­­զար հա­­յու հետ միասին առ­­յա­­­ւէտ թա­­ղուե­­ցան։

Բա­­րեփոխ­­ման փո­­խարէն
կո­­տորած

Հա­­ւասա­­րու­­թեան, ազա­­տու­­թեան եւ եղ­­բայրու­­թեան խոս­­տումնե­­րով աւե­­տուած 1908-ի յե­­ղափո­­խու­­թե­­­նէն ետք հա­­յեր դար­­ձեալ բա­­րեփոխ­­ման յոյ­­սեր սնու­­ցա­­­նեցին։ Մեր պատ­­մա­­­բան­­նե­­­րը չեն գի­­տեր, բայց յե­­ղափո­­խու­­թե­­­նէն ետք գու­­մա­­­րուած Օս­­մանեան Խորհրդա­­րանի օրա­­կար­­գի առա­­ջին նիւ­­թե­­­րէն մէկն ալ հայ­­կա­­­կան բա­­րեփո­­խումնե­­րու խնդիրն էր։ Բայց հա­­յերուն յոյ­­սե­­­րը ան­­գամ մը եւս ցնդե­­ցան, երբ Ատա­­նայի եւ շրջա­­կայ­­քի մէջ քսան հա­­զար հա­­յեր անխնայ սպա­­նուե­­ցան։

1915-18-ի կո­­տորած­­ներն ալ նման բնոյթ ու­­նին։ Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը Օս­­մա­­­նեան Պե­­տու­­թեան վար­­չա­­­յին­­նե­­­րուն 1914-ի Փետ­­րուարին ստո­­րագ­­րած հայ­­կա­­­կան բա­­րեփո­­խումնե­­րու հա­­մաձայ­­նագրին դրած վեր­­ջա­­­կէտն է։ Հա­­կառակ հա­­մատա­­րած պնդու­­մին, Ա. Աշ­­խարհա­­մար­­տը անուղղա­­կի գոր­­ծօն մըն է Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան։ Տա­­րագ­­րութիւ­­նը պե­­տու­­թեան գլխուն փոր­­ձանք մը հա­­մարուած հայ­­կա­­­կան բա­­րեփո­­խումնե­­րէ վերջնա­­կանա­­պէս ազա­­տուե­­լու հա­­մար գոր­­ծադրուեցաւ։ Այս շրջա­­նին Իթ­­թի­­­հատա­­կան­­նե­­­րը հա­­յոց բա­­րեփո­­խումնե­­րու խնդի­­րը կը դի­­տէին օտար պե­­տու­­թիւննե­­րուն երկրին ներ­­քին գոր­­ծե­­­րուն մի­­ջամ­­տե­­­լու առիթ մը ըլ­­լա­­­լով։

Այս պնդումնե­­րը իմ պնդումներս չեն, այլ այդ շրջա­­նի ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարար Թա­­լեաթ Փա­­շայի խօս­­քե­­­րը։ 26 Մա­­յիս 1915 թուակիր վար­­չա­­­պետու­­թեան ուղղեալ եր­­կա­­­րաշունչ գրու­­թեան մէջ ան կ՚ըսէ թէ աք­­սո­­­րի բուն նպա­­տակը հա­­յական բա­­րեփո­­խումնե­­րու խնդի­­րը լու­­ծել է։

Քրտա­­կան բա­­րեփո­­խում

Իսկ այժմ կը խօ­­սինք քրտա­­կան բա­­րեփո­­խումնե­­րու մա­­սին։ Պատ­­մութիւ­­նը թուրքե­­րը պի­­տի դա­­տէ քիւրտե­­րուն վար­­չութեան հա­­ւասար մաս­­նակցու­­թիւնը ապա­­հոված ըլ­­լա­­­լու, թէ չըլ­­լա­­­լու հան­­գա­­­ման­­քով։ Քրտա­­կան բա­­րեփո­­խումնե­­րու հիմ­­քը քիւրտե­­րուն ըն­­կե­­­րային, քա­­ղաքա­­կան, մշա­­կու­­թա­­­յին բո­­լոր խա­­ւերու մէջ թուրքե­­րու հետ հա­­ւասար քա­­ղաքա­­ցիներ հա­­մարուելու երաշ­­խիքն է։ Այս ապա­­հովե­­լու մի­­ջոցը սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան քա­­ղաքա­­ցիու­­թեան մի­­ջոցաւ երաշ­­խա­­­ւորուած հա­­մաձայ­­նութիւն մը եւ շրջա­­նային վար­­չութիւննե­­րու գոր­­ծադրու­­թիւնն է։

Այս սկզբունքնե­­րուն գոր­­ծադրու­­թիւնը որե­­ւէ կազ­­մա­­­կեր­­պութեան հետ սա­­կար­­կութեան նիւթ չի կրնար ըլ­­լալ։ Չեմ ու­­զեր աղէտ­­նե­­­րու լրա­­բերը դառ­­նալ, բայց զար­­գա­­­ցումնե­­րուն հա­­ւանա­­կան հե­­տեւանքնե­­րուն մա­­սին պատ­­կե­­­րացում մը կազ­­մե­­­լու հա­­մար կ՚ու­­զեմ կա­­ռավա­­րու­­թեան մօտ թեր­­թի մը մեկ­­նա­­­բանու­­թիւնը բաժ­­նել։ Թուրքիոյ թէ ներ­­քին եւ թէ ար­­տա­­­քին ճա­­կատի մը կող­­մէ պա­­շարուած ըլ­­լա­­­լը յայտնող թեր­­թը այս կամ­­քը կը բնու­­թագրէ -Ա. Աշ­­խարհա­­մար­­տին Օս­­մա­­­նեան քա­­ղաքա­­կան ու­­ժը ցի­­րու­­ցան ընող կամք- ըլ­­լա­­­լով։ Այս հաս­­տա­­­տու­­մէն ետ­­ք սոյն ճա­­կատին մաս կազ­­մող ներ­­քին կեր­­պարնե­­րու դէմ ազ­­գա­­­յին պայ­­քա­­­րի մը՝, մաք­­րա­­­գործման մը անհրա­­ժեշ­­տութիւ­­նը կը նշէ։

Յի­­շենք որ Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը ու­­րա­­­ցող­­նե­­­րը -Հայ­­կա­­­կան ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն մը չէ պա­­տահած, եղա­­ծը երկրի պաշտպա­­նու­­թիւնն է- կ՚ըսեն։ Այս մտայ­­նութեան հա­­մաձայն, եթէ ազ­­գը եւ հայ­­րե­­­նիքը վտան­­գուած է, այդ վտան­­գը չէ­­զոքաց­­նե­­­լու հա­­մար բո­­լոր մի­­ջոց­­նե­­­րը ըն­­դունե­­լի են։

Չեմ պնդեր, որ զար­­գա­­­ցումնե­­րը ան­­պայման դէ­­պի հոս կը հաս­­նին, պար­­զա­­­պէս մտայ­­նութեան մը յա­­րատե­­ւու­­թիւնը ընդգծել կ՚ու­­զեմ։

Պատ­­մութեան բե­­ռը

Պատ­­մութեան բե­­ռը մեր ու­­սե­­­րուն վրայ է եւ պատ­­մութիւ­­նը մղձա­­ւան­­ջի մը նման մեզ կը հե­­տապնդէ։ Կ՚ու­­րա­­­նանք, չենք գի­­տեր, չենք յի­­շեր կ՚ըսենք, բայց մեզ չի թո­­ղուր։ Նա­­խորդ դա­­րաս­­կիզբին Օս­­մանեան Կայսրու­­թեան պա­­ռակտման եւ ազ­­գա­­­յին պե­­տու­­թեան հիմ­­նադրման շրջա­­նին եր­­կի­­­րը արեան լիճ դար­­ձած էր։ Այ­­սօր նման գոր­­ծընթաց մը կ՚ապ­­րինք։ Մի­­ջին Արե­­ւել­­քը արեան լիճ մը դար­­ձած է եւ ըստ երե­­ւոյ­­թի այդ լի­­ճը ալ աւե­­լի պի­­տի ըն­­դարձա­­կուի։ Պի­­տի ըն­­դարձա­­կուի, որ­­քան ատեն որ ոմանք 1920-ական­­նե­­­րուն հիմ­­նած ազ­­գա­­­յին պե­­տու­­թիւննե­­րուն կարծրա­­տիպե­­րը կը պար­­տադրեն։ Մինչ այդ ու­­րիշներ, թե­­րեւս ար­­տա­­­քին գոր­­ծօններն ալ օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­լով կը փա­­փաքին իրենց ազ­­գա­­­յին պե­­տու­­թիւննե­­րը հիմ­­նել։ Այս ակնկա­­լու­­թիւննե­­րը հիաս­­թա­­­փու­­թիւն ալ կրնան պատ­­ճա­­­ռել, իրա­­կանու­­թիւն ալ կրնան դառ­­նալ։ Բայց միշտ ի գին բիւ­­րա­­­ւոր­­նե­­­րու, նոյ­­նիսկ մի­­լիոն­­նե­­­րու արիւ­­նով։ Մինչդեռ կայ աւե­­լի հա­­մերաշխ մի­­ջոց մը, որն է քիւրտ, թուրք, արաբ, հայ, ասո­­րի, ալէ­­վի կամ սիւննի հա­­մակե­­ցու­­թիւնը ապա­­հովել։

Հրան­­դին երա­­զը

Հրանդ Տինք Տի­­յար­­պէ­­­քիրի մէջ ելոյթ մը ու­­նե­­­ցած եւ քիւրտ բա­­րեկամ­­նե­­­րուն խոր­­հուրդ տուած էր հա­­յոց պատ­­մութիւ­­նը լաւ ու­սումնա­սիրել։ «Մե­զի պա­տահած­նե­րէն դաս քա­ղեցէք» ըսած էր Հրանդ։ Թուրքիոյ ժո­ղովրդա­վարա­ցու­մը, ժո­ղովրդա­վարա­կան սկզբունքնե­րու վրայ վե­րակա­ռու­ցումը իր ամե­նամեծ երազն էր։ Հրանդ նման երա­զանք ու­նե­ցող հայ մը ըլ­լա­լուն հա­մար սպա­նուե­ցաւ։ Ու­րեմն կամ Հրանդ Տին­քը ժո­ղովուրդնե­րու առաջ­նորդի մը պէս պի­տի ըն­կա­լենք եւ իր երա­զան­քը իրա­կանաց­նենք, կամ ալ այս հո­ղերուն վրայ դեռ եր­կար ժա­մանակ արիւ­նա­հոսու­թեան ակա­նատես պի­տի ըլ­լանք։

Շնորհակալութիւն ձեր ուշադրութեան համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ