Ժուլիա Մութլույի տարազները Գերմանիոյ մէջ

Ժուլիա Մութլույի կողմէ արտադրուած ազգային բնոյթով 100 տարազներ այս շաբաթավերջին Գերմանիոյ Էսլինկէն քաղաքին մէջ կը ներկայացուին տողանցքով մը։ Այս առթիւ Էսլինկէնի «Մարալ» միութեան վարչային Տիար Ստեփան Բարիլոյսեան խմբագրութեանս ուղարկած է նամակ մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։

«1971-էն 2015 ամբողջ 44 տա­րի։ Այ­սօ­­րուան նման կը յի­­շեմ Սիր­­քէ­­­ճիի Կա­­ռատու­­նէն գնաց­­քին մեկ­­նումի պա­­հը։ Նոյ­­նիսկ կը յի­­շեմ Քոմ­­փարթմա­­նի հո­­տը։ Ան­­մի­­­ջական պի­­տանի բա­­ներով լե­­ցուած ճամպրուկ մը ու­­նէի միայն։ Եր­­կօ­­­րեայ ճամ­­բո­­­րու­­թիւնով հա­­սանք Գեր­­մա­­­նիոյ Թիւ­­պինկէն քա­­ղաքը։

Անցնող 44 տա­­րինե­­րը ին­­չեր պար­­գե­­­ւեցին կամ ին­­չե­­­րէ զրկե­­ցին զիս։ Կար­­ծեմ այս հար­­ցումը շա­­տեր կը հարցնեն իրենք իրենց։

Հա­­մոզուած եմ որ նախ աւագ սե­­րունդի նկատ­­մամբ յար­­գանքը կորսնցու­­ցինք։ Մեր սո­­վորու­­թիւննե­­րը եւ աւան­­դութիւննե­­րը մոռ­­ցանք։ Օտա­­րացանք մեր չորս հա­­զար տա­րուան մշա­­կոյ­­թին։ Մեծ մշա­­կու­­թա­­­յին ար­­ժէք մը ստեղ­­ծած հայ ժո­­ղովուրդի անմշակ զա­­ւակ­­նե­­­րը դար­­ձանք։ Կը զգամ որ քիչ մը ծանր են այս խօս­­քե­­­րը, բայց ափ­­սոս որ իրաւ։ Կը տես­­նեմ որ սփիւռքա­­հայու­­թիւնը օրըս­­տօ­­­րէ կը նա­­հան­­ջէ, սփիւռքի ան­­հա­­­տը կը մե­­կու­­սա­­­նայ, հետզհե­­տէ աւե­­լի ամուր պա­­տեանի մը մէջ հե­­ռու կը մնայ ըն­­կե­­­րային կեան­­քէ։

1986-ին Էս­­լինկէ­­նի հա­­յերը հիմ­­նե­­­ցին «Մա­­րալ» միու­­թիւնը։ Այս միու­­թիւնը 29 տա­­րի է որ հա­­մեստ աշ­­խա­­­տու­­թիւն կը տա­­նի մշա­­կու­­թա­­­յին գետ­­նի վրայ։ Ան­­ցեալին միու­­թիւնը ու­­նէր երեք դա­­սարան­­ներ, ու­­սուցչու­­հի մը եւ երեք օգ­­նա­­­կան ու­­սուցիչ­­նե­­­րով օժ­­տուած հա­­մակարգ։ Այ­­սօր մէկ աշա­­կերտ իսկ չկայ։ Ու­­նէինք երեք ֆուտպո­­լային ակումբներ, որոնցմէ այ­­սօ­­­րուան մնաց միայն քա­­նի մը մար­­զիկ։ Այս բո­­լորը տե­­ղի չգո­­յու­­թիւնով կամ պիւտճէի սահ­­մա­­­նափա­­կու­­թիւնով կա­­րելի է՞ բա­­ցատ­­րել։ Այս բո­­լորը զար­­տուղի գոր­­ծօններ են։ խնդի­­րը մեր հե­­տաքրքրու­­թեան նուազումն է։ Ատե­­նօք մեծ եռան­­դով մեր ձեռ­­նարկած­­ը այ­­սօր այ­­լեւս հե­­տաքրքրա­­կան չեն թուիր։

Այս տա­­րի Հա­­յոց Մեծ Եղեռ­­նի դա­­րադար­­ձը նոր հրա­­մայա­­կան մը դրաւ մեր առ­­ջեւ։ Այսպէս Պա­­տէն Վիւրթէն­­պէրկի հայ հա­­մայնքը եւ Էս­­լինկէ­­նի «Մա­­րալ» միու­­թիւնը նա­­խաձեռ­­նած են Տի­­կին Ժու­­լիա Մութլու­­յի կող­­մէ պատ­­րաստուած տա­­րազ­­նե­­­րու ցու­­ցադրու­­թեան։ Հա­­րիւ­­րա­­­մեակը ազ­­գա­­­յին հա­­րիւր տա­­րազ­­նե­­­րու ցու­­ցադրու­­թիւնով նշե­­լու հա­­մար, Գեր­­մա­­­նիա հրա­­ւիրած ենք ձեռ­­նարկին հե­­ղինակ Ժու­­լիա Մութլուն եւ իր ու­­թը գոր­­ծընկեր­­նե­­­րը։ Կ՚ակնկա­­լենք թէ այս ձեռ­­նարկը բա­­ցի Գեր­­մա­­­նիա բնա­­կող հա­­յու­­թե­­­նէ, Եւոր­­պա­­­կան զա­­նազան եր­­կիրնե­­րու մէջ բնա­­կող հա­­յերուն ալ ու­­շադրու­­թեան ար­­ժա­­­նանայ։ Մշա­­կոյ­­թի կա­­րեւոր բա­­ղադ­­րիչնե­­րուն մաս կը կազ­­մեն տա­­րազ­­նե­­­րը, որոնց ցու­­ցադրու­­թիւնով այս մա­­սին պատ­­կե­­­րացում մը պի­­տի մա­­տու­­ցենք Եւոր­­պա­­­յի հա­­սարա­­կու­­թեան։

Այս մար­­տահրա­­ւէրին ըն­­դա­­­ռաջ մեզ նիւ­­թա­­­կան եւ բա­­րոյա­­կան զօ­­րակ­­ցութիւ­­նով գօ­­տեպնդող­նե­րուն շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնեմ»։