PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Իրողութիւնը եւ կեղծիքը

Այս սիւնակին նախորդ յօդուածը աւարտած էինք հարց տալով թէ Վիէննայի մէջ Սուրիոյ ապագան որոշելու համար մէկտեղուած մեծաւորները՞ աւելի վտանգաւոր ահաբեկիչներ են, թէ ինքզինք պայթեցնող մահապարտը։ Անցնող մէկ շաբաթուայ անցուդարձերը հարցումը դարձեալ օրակարգի կը բերեն։

24 Նոյեմբերի առաւօտուայ ժամերուն Թուրքիոյ օդային ուժերու Ֆ-16 ռազմական ինքնաթիռը հրթիռով կործանեց ռուսական ՍՈՒ-24 ինքնաթիռը։ Այս վերջինը կը թռչէր Թուրքիա-Սուրիա սահմանագծի վերեւ, ուր ռուսական զինեալ ուժերը կը ռմբակոծեն Սուրիոյ մէջ իշխանութեան դէմ պատերազմող ճիհատականներու դիրքերը։

Թուրքիա ինք հրահրած էր Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը։ Անշուշտ ոչ առանձին։ «Արաբական Գարուն» կոչուած հասարակական բողոքի ալիքները, երբ հասան Սուրիա գլխաւորութեամբ ԱՄՆ եւ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու, Սաուտի Արաբիան, Քաթարը եւ Թուրքիան փութացին բողոքի ցոյցերը իշխանութեան դէմ ապստամբութեան մը վերածելու։ Զէնք ու զինամթերքով ապահովեցին ցուցարարները։ Խրախուսեցին անոնց բանակի մը վերածուելու գործընթացը։ Այդ բանակը ձեւաւորելու համար ժողովներ գումարեցին իրենց երկիրներուն մէջ։ Մեկուսացնել փորձեցին երկրի օրինաւոր իշխանութիւնը։ Աւելին՝ յանցագործ հռչակեցին նախագահ Ասատը։ Այս բոլորին մէջ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ամենաոգեւորուած դերակատարը հանդիսացաւ յարակից երկիրը հալածելու համար։ Նախագահ Էրտողան դեռ իր վարչապետութեան տարիներուն կարծեց եւ քարոզեց, թէ Ասատի կառավարութեան օրերը ոչ թէ ամիսներու, այլ շաբաթներու տեւողութեամբ կը հասնի իր աւարտին։ Այդ քարոզչութեան մէջ իր գլխաւոր գործընկերն էր այժմու Վարչապետ Տաւութօղլու, որ այն տարիներուն կը պաշտօնավարէր իբրեւ Արտաքին Գործերու Նախարար։ Տաւութօղլուի եւ Էրտողանի այս արտաքին քաղաքականութիւնը ցնդեցաւ, ինչպէս նախորդ բոլոր օրինակները։ Ասատ ժամանակի ընթացքին յաջողեցաւ ընթացքը իրեն ի նպաստ փոխել։ Համաշխարհային գետնի վրայ Չինաստան, Ռուսաստան եւ Պարսկաս-տան արդէն առաջին օրէն ի վեր իր կողքին էին։ Վերջին ամիսներուն ան յաջողեցաւ նաեւ չէզոքացնել արեւմտեան երկիրներու իր դէմ որդեգրած ռազմավարութիւնը։

Այս պայմաններու տակ Թուրքիա միջազգային հասարակութեան կը ներկայանայ իբրեւ ՏԱԻՇ-ի պաշտպան երկիր։ Հարցաքննութիւն մը ապացուցեց թէ երկրի բնակչութեան ութը տոկոսը համակրանք ունի իսլամական շէրիաթի խոստումով վայրագօրէն մարդասպանութիւն կատարող այս արիւնարբու կազմակերպութեան նկատմամբ։ Քաղաքական գետնի վրայ դիւանագիտական թատրերգութիւններու բնոյթով Թուրքիա իբրեւ թէ Արեւմուտքի կողքին կը պատերազմի ՏԱԻՇ-ի դէմ։ Բայց իրողութիւնը ուրիշ բան կը մատնանշէ։ Ան հիմնականօրէն կը պայքարի ՏԱԻՇ-ի դէմ պայքարողներուն հակառակ։ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին մէջ ինքնավարութիւն ձեռք բերած քրտական կազմակերպութիւնները ՏԱԻՇ-ի դէմ պատերազմող ամենակարեւոր ուժերն են։ Իսկ Թուրքիա այդ ուժերը կը դիտէ որպէս ահաբեկիչներ։ Կը ռմբակոծէ անոնց դիրքերը։ Այսինքն կը զօրակցի ՏԱԻՇ-ին։ Ռուսական ինքնաթիռի դէմ կատարուած յարձակումն ալ պէտք է այս սահմանումին մէջ դիտել։ Ռուսաստան կը հալածէր ՏԱԻՇ-ը, իսկ Թուրքիան յարձակեցաւ Ռուսաստանին։ Եղելութիւնը այսքան պարզ ու յստակ է։ Այս յստակութեան մէջ նշանակութիւն չունի հակառակորդ ինքնաթիռի սահմանը հատել կամ չհատելու մասին վիճաբանութիւնը։

Զարմանալի բան է միջազգային քաղաքականութիւնը։ Բոլոր կողմերը կը տեսնեն յստակ իրողութիւնը, բայց նախապատուութիւնը կու տան իրենց խօսակիցներուն պաշտօնական յայտարարութիւններուն։