Հրանդ Տինք Հիմնարկի Գիտաժողովը

Պոլսահայ ընկերական կեանքէ ներս նախորդ շաբաթավերջին կարեւորագոյն նախաձեռնութիւններէն էր Հրանդ Տինք Հիմնարկի երկօրեայ գիտաժողովը։ Ան կը կրէր «Կործանուած քաղաքակրթութիւն՝ ոչ իսլամ բնակչութեան ունեցուածքը Օսմանեան Կայսրութեան անկումի եւ վաղ հանրապետական ժամանակաշրջանին» խորագիրը։ Պողազիչի Համալսարանի երբեմնի պատմական մատրան, իսկ այժմու անուանումով «Ալպէրտ Լոնկ» դահլիճի մէջ կայացած համագումարին կազմակերպման համար իրենց աջակցութիւնը կը բերէին քաղաքի երեք կարեւոր ԲՈՒՀ-երը՝ Պողազիչի, Սապանճը եւ Պիլ­կի հա­մալ­սա­րան­նե­րը։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Պոլսահայ ընկերական կեանքէ ներս նախորդ շաբաթավերջին կարեւորագոյն նախաձեռնութիւններէն էր Հրանդ Տինք Հիմնարկի երկօրեայ գիտաժողովը։ Ան կը կրէր «Կործանուած քաղաքակրթութիւն՝ ոչ իսլամ բնակչութեան ունեցուածքը Օսմանեան Կայսրութեան անկումի եւ վաղ հանրապետական ժամանակաշրջանին» խորագիրը։ Պողազիչի Համալսարանի երբեմնի պատմական մատրան, իսկ այժմու անուանումով «Ալպէրտ Լոնկ» դահլիճի մէջ կայացած համագումարին կազմակերպման համար իրենց աջակցութիւնը կը բերէին քաղաքի երեք կարեւոր ԲՈՒՀ-երը՝ Պողազիչի, Սապանճը եւ Պիլ­կի հա­մալ­սա­րան­նե­րը։

20 Նո­յեմ­բեր Ուրբաթ առա­ւօտ հա­մագու­մա­րը մեկ­նարկեց Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի անու­նով Ռա­քէլ Տին­քի, Պո­ղազի­չի Հա­մալ­սա­րանի անու­նով Կիւ­լայ Պար­պա­րոսօղ­լուի, Սա­պան­ճը Հա­մալ­սա­րանի անու­նով Նի­հաթ Պէր­քէ­րի եւ Պիլ­կի Հա­մալ­սա­րանի անու­նով Մեհ­մէտ Տուրմա­նի ելոյթնե­րով։ Հա­մագու­մա­րի առա­ջին նիս­տի ընդհա­նուր խո­րագիրն էր «Պատ­մա­կան են­թա­հողը»։ Այ­հան Աք­թար ստանձնեց նիս­տա­վարի պաշ­տօ­նը, իսկ զե­կոյցնե­րով ներ­կա­յացան՝ Ապ­տիւլհա­միտ Քըր­մը­զը, Մուսթա­ֆա Էր­տէմ Քա­պատա­յը եւ Նի­լայ Էօզօք Կիւնտո­ղան։ Այս վեր­ջի­նի զե­կոյ­ցը կը բնու­թագրէր 1840-1870 թուական­նե­րու մի­ջեւ Բա­լուի մէջ հա­սարա­կական բռնու­թեան տնտե­սական գոր­ծօննե­րը եւ կու գար իբ­րեւ ու­շագրաւ զե­կոյց։ Իսկ նա­խորդ եր­կու զե­կու­ցողնե­րը ներ­կա­յաց­ուցին իրենց տոք­թո­րակա­նի ըն­թացքին պաշտպա­նած տե­սու­թիւննե­րը։

Երկրորդ նիս­տը ձօ­նուած էր աշ­խա­տու­ժի յատ­կութիւննե­րուն։ Ահ­մէտ Ին­սե­լի վա­րած այս նիս­տին Հո­լան­տա­ցի ակա­դեմա­կան Յել­լէ Վեր­հէյ զե­կու­ցեց խիստ կա­րեւոր նիւթ մը ներ­կա­յաց­նե­լով, «1890-ական­նե­րուն գա­ւառէն դէ­պի Իս­թանպուլ հա­յոց գաղ­թը»։ Վեր­հէ­յի այս զե­կոյ­ցին անդրա­դառ­նանք կողքի սիւնակով։ Երկրորդ զե­կու­ցող Սի­նան Տին­չէր ներ­կա­յացուց հայ գաղ­թա­կանաց զօ­րակ­ցութեան ցան­ցե­րը։

Եր­րորդ նիս­տը վա­րեց Էտ­հէմ Էլ­տէմ։ Այս նիս­տին Զէյ­նէփ Քէ­զէր ծա­նօթա­ցուց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դող շրջա­նին Խար­բերդի եւ շրջա­կայ­քին մէջ ճար­տա­րագի­տական եւ հո­ղագոր­ծա­կան կա­ռոյցնե­րու հար­կադրուած փո­փոխու­թիւնը։ Էլ­չին Մա­ճար որ­պէս գրա­ւուած տա­րածքնե­րու ու­շագրաւ օրի­նակ, ման­րա­մաս­նութեամբ պատ­մեց Կի­լիկիոյ Կա­թողի­կոսու­թեան պատ­կա­նող հարստու­թեան կեղեքումը։ Նիւ­թը ալ աւե­լի ու­շագրաւ կը դառ­նար նկա­տի ու­նե­նալով Կի­լիկիոյ Արամ Ա. Կա­թողի­կոսի այդ հարստու­թեան վե­րադար­ձին հա­մար Թուրքիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեանի մօտ բա­ցած դա­տը։ Գա­րոլին Մես­րո­պեան Հիք­մըն նիւթ ու­նե­ցաւ Աֆյոն Գա­րահի­սարի հա­յու­թեան տնտե­սական կեան­քը 1875-1925 թուական­նե­րու մի­ջեւ։

Օրուայ չոր­րորդ եւ վեր­ջին նիս­տի ըն­թացքին քննար­կուեցան այս ան­գամ ոչ հա­յերու վե­րաբե­րեալ նոյն բնոյ­թով խնդիր­ներ։ Էյալ Կի­նիօ յետ Պալ­քա­նեան Պա­տերազ­մին Տի­մէթո­քայի մէջ միջ­հա­մայնքա­յին յար­բե­րու­թիւննե­րը քննար­կեց։ Ճիոր­տա­նօ Ալ­թա­ռոզի անդրա­դար­ձաւ վեր­ջին լե­ւան­թէննե­րու ըն­կե­րային ու կրօ­նական ապ­րումնե­րուն։ Իսկ Տի­միթ­րիս Սթա­մաթօ­փու­լօ փաս­տա­բան Վլա­տիմիր Միր­մի­րօղ­լուի օրի­նակէն մեկ­նե­լով ներ­կա­յացուց 1919-1922 թուական­նե­րուն Պոլ­սոյ յոյն քաղ­քե­նիու­թիւնը։

Շա­բաթ օրուայ նիս­տե­րուն առա­ջինը դար­ձեալ ձօ­նուած էր ան­հա­տական պատ­մութիւննե­րու։ Այսպէս Օյա Կէօզէլ Տուրմազ ծա­նօթա­ցուց աք­սո­րեալ հայ վա­ճառա­կան մը՝ Իպ­րա­նոսեանը։ Ճո­նաթան Քոն­լին խօ­սեցաւ երկրի ամե­նահա­ւատա­րիմ տար­րե­րէն մէ­կուն, Կիւլպէն­կեան ըն­տա­նիքին մա­սին։ Իսկ Սէ­զայի Պալ­ճը Կե­րասո­նի մէջ յոյն քաղ­քե­նիու­թեան վե­րել­քը պատ­մեց Կե­րասո­նի քա­ղաքա­պետ Քափ­թան Եոր­կի Քոս­թանդի­նիտի Փա­շայի օրի­նակով։

Բա­նախօ­սու­թեան վե­ցերորդ նիս­տը նիւթ կ՚առ­նէր իրա­ւական եւ կրօ­նական ճնշումնե­րը։ Պատ­մութեան Հիմ­նարկի ատե­նապետ Պիւ­լէնթ Պիլ­մէ­զի ղե­կավա­րած այս նիս­տին մէջ երի­տասարդ պատ­մա­բան Մեհ­մէտ Փո­լաթէլ նմոյշներ ներ­կա­յացուց 1908-1912 թուական­նե­րու մի­ջեւ հա­յոց նախ գրա­ւուած ապա վե­րադար­ձուած կա­լուած­նե­րու մա­սին օրէն­քի յօ­դուած­նե­րը եւ շրջա­բերա­կան­նե­րը։ Հիլ­մար Քայ­զէր խօ­սեցաւ թա­լանի են­թարկուած «շար­ժուն» գոյ­քե­րու մա­սին։ Անուշ Յով­հաննէ­սեանի զե­կոյ­ցը դար­ձեալ խիստ ու­շագրաւ էր, քա­նի որ ան կը քննար­կէր ժա­ռան­գի իրա­ւունքէն օգ­տուելու հա­մար որ­դեգրուած եւ այդ ըն­թացքին ալ բռնիօրէն իս­լա­մացուած ան­չա­փահաս­նե­րու խնդի­րը։ Հա­միտ Պո­զաս­լան շա­հեկան զու­գա­հեռ­ներ հիւ­սեց Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ Հո­լոքոս­տի տնտե­սական թա­լանի ծրագ­րին մա­սին։

Եօթերորդ նիս­տը վա­րեց Այ­ֆէր Պա­րթու Ճան­տան։ Հոս Իւ­միտ Քուրթ լքուած տա­րածքնե­րու վե­րադար­ձի գոր­ծընթա­ցը դի­տեց «Ճէ­պիլ ի Պէ­րէքէթ» սան­ճա­քի, յատ­կա­պէս Եդե­սիա եւ Օս­մա­նիյէ քաղաքներու օրի­նակով։ Էլի­նօր Մո­րաք պրպտեց թրքե­րէն իրա­ւաբա­նական բա­ռամ­թերքի մէջ «գործնա­կանա­պէս ան­տէր մնա­ցած» բա­ցատ­րութեան բո­վան­դա­կու­թիւնը։ Ֆրան­չէսքա Փէ­նոնի Ի. դա­րու սկիզբնե­րուն Կե­սարիոյ եւ շրջա­կայ գիւ­ղե­րու մէջ հա­յոց կրօ­նական ճար­տա­րապե­տու­թեան ոչնչա­ցու­մը պատ­մեց։ Ֆը­րաթ Կիւլլիւ ծա­նօթ անուն մըն է իբ­րեւ թա­տերա­կան պատ­մա­գէտ։ Ան ալ իր կար­գին ներ­կա­յացուց ուշ Օս­մա­նեան եւ վաղ հան­րա­պետա­կան շրջա­նին թա­տերա­կան աշ­խարհէն հա­յերուն հե­ռացու­մը։ Սդե­ֆանի Քունտաք­ճեան նոյն ժա­մանա­կահա­տուա­ծի մէջ հայ այ­րի կի­ներու եւ որբե­րու վա­ճառ­ման ար­ժէ­քը հար­ցաքննեց։

Ինչպէս նշուած խո­րագիր­ները կը վկա­յեն բա­ւական ցնցիչ ելոյթնե­րով լե­ցուն հա­մագու­մար մըն էր, որ նոյն պա­հուն հա­ղոր­դուեցաւ նաեւ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի հա­մացան­ցի կայ­քէ­ջի մի­ջոցաւ։ Կաս­կած չկայ որ յա­ռաջի­կայ օրե­րուն զա­նազան առիթ­նե­րով ար­ձա­գանգներ պի­տի լսենք, այդ նիս­տե­րու ըն­թացքին ար­տա­սանուած ճա­ռերէն։ Իսկ հա­յերէն էջե­րու ընթերցողնե­րուն հա­մար ամենաուշագրաւ յօդուածներէն ամփոփումներ պիտի հրատարակենք յաջորդ թիւերուն մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ