Ուսուցչաց Հիմնարկ 50 տարեկան

Թրքա­հայ Ու­սուցչաց Միու­թիւնը ար­ժե­ւորե­լով ժա­մանա­կի ըն­ձե­ռած օրի­նական առիթ­նե­րը, 1965-ին ծնունդ տո­ւաւ Ու­սուցչաց Հիմ­նարկին։ Այս հաս­տա­տու­թիւնը Հան­րա­պետա­կան Թուրքիոյ իրա­վիճա­կին մէջ հիմ­նո­ւած առա­ջին հիմ­նադրամն (վա­քըֆ) է։ Ան ի տար­բե­րու­թիւն Ու­սուցչաց Միու­թե­նէն, իրա­ւասու էր նո­ւիրա­տուու­թիւն գան­ձե­լու, յատ­կա­պէս ալ կտա­կուած կա­լուած­ներ ստա­նալու։

Այս տա­րի հիմ­նարկը ար­դէն բո­լորած է իր հիմ­նարկու­թեան Ծ. ամեակը։ Դի­տումնա­ւոր կեր­պով կ՚օգ­տա­գոր­ծենք հա­յատառ թո­ւար­կութեան մէջ 50-ի փո­խանա­կող Ծ. տա­ռը, իբր ող­ջոյն այս յո­բելեար տա­րիի խորհրդա­նիշը յղա­ցող Մի­նաս Օֆ­լա­զի։

Այս պա­հուն մեր սե­ղանին դրո­ւած է 50 ամեակին նո­ւիրո­ւած յու­շա­մատեանը։ Շուրջ 100 էջե­րէ բաղ­կա­ցող այս հրա­տարա­կու­թեան մէջ նշո­ւած են հիմ­նարկու­թե­նէն ցայ­սօր պաշ­տօն ստանձնած վար­չութեան ան­դամնե­րը եւ ատե­նապետ­նե­րը։

Յու­շա­մատեանը կը բա­ցուի Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Արամ Արք. Աթէ­շեանի «Հայ­րա­կան խօսք Ու­սուցչաց Հիմ­նարկի յիս­նա­մեակին առ­թիւ» խո­րագ­րեալ գրու­թիւնով։ Ապա կը հան­դի­պինք հիմ­նարկի ներ­կայ վար­չութեան պատ­գա­մին, որուն կը յա­ջոր­դեն Արա Կար­մի­րեանի, Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեանի, Վարդ Շի­կահե­րի եւ Արամ Գամ­պուրեանի ող­ջոյնի խօս­քե­րը։

Ապա յա­տուկ բա­ժին­նե­րով կը ծա­նօթացուին հիմ­նարկի կրթա­կան, հրա­տարակ­չա­կան, ըն­կե­րային գոր­ծունէու­թիւննե­րը, կազ­մութեան շրջա­նին մա­սին վկա­յու­թիւններ եւ այլ նիւ­թեր։

Յի­շենք որ Ու­սուցչաց Հիմ­նարկը կը պատ­րաստո­ւի յա­ռաջի­կայ օրերուն յատուկ հանդիսութեամբ յիշատակել իր հիմնարկութեան 50 ամեակը։