Վարուժան կը վերադառնայ

Անոնք որ բախտաւոր էին, ու կրցած էին ներկայ ըլլալ Վարուժանի Պոլիս առաջին վերադարձին, հաւանաբար չեն մոռ­ցած այդ աստղա­լից գի­շերը։ Անոնք կը յի­շեն թէ ինչպէս սրա­հը… ոչ. չէր ցնծա­ցած, այլ լռած էր։ Վա­րու­ժան վե­րադար­ձած էր Շիշ­լի Քէնթ, այժմ կը վե­րադառ­նայ Պա­քըր­գիւղ, Տա­տեան Վար­ժա­րան, ու Ուրբաթ, Յու­նուար 22-ին, ժա­մը 20։30-ին, ու կը հան­դի­պի հան­դի­սատե­սին հետ։

Վա­րու­ժան կը վե­րադառ­նայ իր քեր­թուած­նե­րով, տի­պար­նե­րով, կեն­սագրա­կանով, յա­րաբե­րու­թիւննե­րով, նկար­նե­րով ու աւե­լին։ Վա­րու­ժան կը վե­րադառ­նայ նոր սե­րունդի շրթունքնե­րէն ու անոնց լու­սա­պայ­ծառ դէմ­քե­րուն վրայ։ Հար­ցուցէ՛ք անոնց, որոնք ներ­կայ էին Վա­րու­ժա­նի առա­ջին վե­րադար­ձին, բո­լորն ալ պի­տի հա­մաձայ­նին, որ Վա­րու­ժան մեր մէջ էր, հոն էր, սրա­հը։

Կեդ­րո­նական Վար­ժա­րանի տա­նիքին տակ պատ­րաստուած, վար­ժա­րանի ու­սուցիչ­նե­րու աշ­խա­տան­քով ի մի բե­րուած, ու աշա­կեր­տութեան բուռն աշ­խա­տասի­րութեամբ յա­ջողու­թեան հա­սած ներ­կա­յացու­մը, ոչ միայն մեզ կը տա­նի Վա­րու­ժա­նին, ու Վա­րու­ժա­նը կը բե­րէ մեզ, այլ կը յի­շեց­նէ, թէ ճիշդ ինչն է, որ մեզ կը պակսի։