Օրաթորիոյ՝ ձօնուած Հրանդ Տինքի յիշատակին

Իսթանպուլահայ երաժշտական կեանքի մէջ վերջին տարիներու բացառիկ յայտնութիւնն է Մաժակ Թօշիկեանի յօրինած «Հրանդ Տինք Փօփ Օրա­թորիօ»ն։ Երգչա­խումբի, սիմ­փո­նիկ նուագա­խումբի եւ մե­նակա­տար­նե­րու հա­մար յօ­րինուած այս ծա­ւալուն գոր­ծի խօս­քե­րը գրած է թեր­թիս աշ­խա­տակից­նե­րէն Պեր­ճուհի Պէր­պէ­րեան։

Բե­մային այս ծա­ւալուն ստեղ­ծա­գոր­ծութեան առա­ջին ներ­կա­յացու­մը կա­յացած էր Երե­ւանի մէջ։ Այժմ խմբա­վար Յա­կոբ Մա­միկո­նեան, Լու­սա­ւորիչ Երգչա­խումբի 50 ան­դամնե­րու եւ սիմ­փո­նիկ նուագա­խումբի աւե­լի քան 40 նուագա­ծու­նե­րու հետ տա­րած ժրա­ջան աշ­խա­տու­թիւնով կը պատ­րաստուի Իս­թանպու­լեան առա­ջին ներ­կա­յացու­մին։

Ինչպէս Երե­ւանեան ներ­կա­յացու­մը, Իս­թանպու­լի այս կա­լա հա­մերգն ալ կ՚իրա­կանա­նայ հան­րա­ծանօթ բա­րերար Տիգ­րան Կիւլմէզ­կի­լի հո­վանա­ւորու­թեամբ։

Իսկ նման բո­վան­դա­կալից հա­մերգ մը կը կա­րօտի կազ­մա­կերպչա­կան լուրջ աշ­խա­տան­քի։ Այդ աշ­խա­տան­քը վստա­հուած է Մխի­թարեան Սա­նուց Միու­թեան, որ հիմ­նարկու­թեան 70 ամեակին զու­գա­դիպող այս մի­ջոցա­ռու­մին հա­մար իր շար­քե­րէն ներս կազ­մած է յա­տուկ յանձնա­խումբ մը։ Միու­թեան ատե­նապետ Վար­դան Պալ­մումճու եր­գա­հան Մա­ժակ Թօ­շիկեանի, խմբա­վար Յա­կոբ Մա­միկո­նեանի եւ կազ­մա­կեր­պիչ յանձնա­խումբէն Ար­թիւր Գա­զարի ըն­կե­րակ­ցութեամբ «Ակօս» կա­տարած այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին ներ­կա­յացուց նաեւ յանձնա­խումբի ան­դամնե­րը։ Այդ կազ­մին մէջ կը տես­նենք՝ Ան­նա Թու­րայ, Ար­սէն Քո­վան, Ար­թիւր Գա­զար, Այգ Թահ­մինճիօղ­լու, Հրանդ Քա­լաթաշ, Լե­ւոն Պա­ղըշ, Լուիզ Պա­քար, Մա­սիս Աբէ­լեան, Նաժ­­տա Շա­­տեան, Ռէ­­հան Սա­­րըպայ, Սար­­վէն Սա­­հակեան եւ Սո­­նա Մէն­­թէ­­­շէ անուննե­­րը։

Հրանդ Տինք Օրա­­թոր­­իա­­­յի Իս­­թանպուլեան ներ­­կա­­­յացու­­մը յա­­տուկ յու­­զում մը կը պատ­­ճա­­­ռէ եր­­գա­­­հան Մա­­ժակ Թօ­­շիկեանին։ «Ի վեր­­ջոյ Հրան­­դին ապ­­րած, շնչած քա­­ղաքն է այս։ Այս քա­­ղաքին մէջ հիմ­­նեց «Ակօս»ը, այս քա­­ղաքին մէջ ամուսնա­­ցաւ, այս քա­­ղաքին մէջ պայ­­քա­­­րեցաւ իր գա­­ղափար­­նե­­­րուն հա­­մար։ Ան­­հա­­­մար գա­­ղափա­­րակից ըն­­կերներ ու­­նի այստեղ։ Այս բո­­լորին բեր­­մամբ յա­­տուկ ար­­ժէք մը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ Իս­­թանպու­­լեան ներ­­կա­­­յացու­­մը։ Երա­­նի պայ­­մաննե­­րը յար­­մար ըլ­­լա­­­յին եւ ներ­­կա­­­յացում մըն ալ կա­­րենա­­յինք կա­­տարել իր ծննդա­­վայր Մա­­լաթիոյ մէջ» կ՚ըսէ Մա­­ժակ Թօ­­շիկեան։

Խմբա­­վար Յա­­կոբ Մա­­միկո­­նեան նա­­խապէս վա­­յելած է եր­­կու մե­­նակա­­տար­­նե­­­րու՝ Պօ­­ղոս Եղիազա­­րեանի եւ Սէր­­ճան Կա­­զէրօղ­­լուի այս գոր­­ծին մէջ ցու­­ցա­­­բերած յա­­ջողու­­թիւնը։ Խմբա­­վարը հի­­մա նոյն յա­­ջողու­­թիւնը կ՚ակնկա­­լէ մե­­ներգչու­­հի Գա­­րին Չու­­պուքճեան Պօզ­­քուրթէն։

24 Յու­­նուար Կի­­րակի երե­­կոյ «Լիւթֆի Քըր­­տար» հա­մեր­գասրա­հին մէջ կա­յանա­լիք այս եզա­կի հա­մեր­գի տոմ­սե­րը ար­դէն մօ­տեցած են սպառ­ման փու­լին։