Հայազգի երեսփոխա՞ն թէ համայնքի ներկայացուցիչ

Հայ ժո­ղովուրդի փի­լիսո­փայա­կան աւան­դութեան մէջ շատ ուշ զար­գա­ցած երե­ւոյթ մըն է ար­դի քա­ղաքա­կանու­թիւնը, մա­նաւանդ ալ կու­սակցա­կան հա­մակար­գը։ Ան­շուշտ որ ու­նե­ցած ենք կու­սակցու­թիւններ, սա­կայն անոնք իշ­խա­նու­թիւն ձեռք բե­րելու հա­մար մրցակ­ցե­լու են­թա­հող մը չու­նե­նալով, վերածուած են գա­ղափա­րախօ­սական ակումբնե­րու։ Շատ կարճ տե­ւած է հայ­կա­կան աւան­դա­կան կու­սակցու­թիւննե­րու իրաւ քա­ղաքա­կան գոր­ծունէու­թիւնը։ Վրայ հա­սած է 1915-ը եւ հայ քա­ղաքա­կան միտ­քը հար­կադրո­ւած է այ­լա­սերու­մի կամ ու­ծա­ցու­մի վտան­գին դի­մաց հա­յապահ­պանման աշ­խա­տու­թիւն ծա­ւալե­լու։ Եթէ այս երե­ւոյ­թը կը վե­րաբե­րի ընդհան­րա­պէս սփիւռքա­հայութեան, Հա­յաս­տան եր­կիրն ալ խորհրդա­յին կար­գե­րու որ­դեգրած «պրո­լետար­նե­րու բռնա­տիրու­թիւն» սկզբունքին հե­տեւան­քով, չէ ու­նե­ցած մրցու­նա­կու­թիւն թե­լադ­րող կու­սակցու­թիւններ։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Մեզ, սփիւռքի հա­յերուս հա­մար ալ քա­ղաքա­կանու­թիւնը փշոտ դաշտ մը եղաւ որ­մէ պէտք էր հե­ռու մնա­յինք։ Այս էր ընդհա­նուր դաս­տիարա­կու­թիւնը։ Ապ­րած երկրի հետ հա­րազա­տու­թիւն չտես­նող հայ ան­հա­տը քա­ղաքա­կան խնդիր­նե­րը կը թո­ղուր երկրի տէ­րերուն։ «Իրենց եր­կիրն է, ինչ որ ու­զեն ան ընեն, մենք մեր հա­ցի խնդի­րով կը զբա­ղինք»։ Սփիւռքա­հայու հո­գեբա­նու­թիւնը կա­րելի է այս ընդհան­րա­ցու­մով բա­ցատ­րել։ Այդ է պատ­ճա­ռը, որ շա­տեր կը դժո­ւարա­նան Թուրքիոյ խորհրդա­րան մտած երեք հայ պատ­գա­մաւոր­նե­րու առա­քելու­թիւնը հասկնա­լու խնդրին մէջ։ Խոր­հուրդ կու տան թէ անոնք հե­ռու մնան քա­ղաքա­կանու­թե­նէն։ Այ­սինքն դեր­ձա­կին կ՚ըսեն որ հե­ռու մնայ ասեղ դեր­ձա­նէ, մկրատ,մատ­նո­ցէ։

Նա­խորդ շաբ­թու մէջ Սա­գօ Արեան, ՀՏՓ-ի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լա­նը կը մե­ղադ­րէր խորհրդա­րանի ամ­պիոնէն իր ար­տա­սանած խօս­քե­րուն հա­մար։ Կը խօ­սէր երկրի իշ­խա­նու­թիւննե­րու մտայ­նութեամբ։ Օրի­նակի հա­մար կը պնդէր թէ Թուրքիոյ բա­նակը արե­ւելեան նա­հանգնե­րու մէջ կը պա­տերազ­մի ահա­բեկիչ­նե­րու դէմ։ Բա­ցի նա­խագահ Էր­տո­ղանէ եւ անոր բեր­նէն ելա­ծը բա­ցար­ձակ հրա­հանգ հա­մարող Թուրքիոյ իշ­խա­նամէտ մա­մու­լէն, ոչ ոք կը խոր­հի թէ այդ բա­խումնե­րը կը կա­յանան ահա­բեկիչ­նե­րու դէմ։

Հրեանե­րու յա­տուկ հի­ւան­դութիւն մըն էր ու­րիշնե­րուն ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը նա­խան­ձիլ, կը տես­նենք որ Սա­գօ Արեանն ալ վա­րակո­ւած է նոյն ախ­տէն։

Ան ՀՏՓ կու­սակցու­թիւնը կը հա­մարէ «քրտա­մէտ», հե­տեւա­բար ալ Փայ­լա­նի այդ կու­սակցու­թեան ամ­պիոնէն ար­տա­սանած ճա­ռերը կը բնու­թագրէ «պա­պէն աւե­լի պա­պական»։ Նոյ­նիսկ կ՚անցնի պար­կեշտու­թեան սահ­մա­նը եւ այս խոստմնա­լից երես­փո­խանի ելոյթնե­րը կ՚անո­ւանէ «Փան­չունիական Մօ­տեցում»։ Կը կար­ծէ թէ երկրի ամե­նակ­րա­կոտ նիւ­թե­րուն մա­սին խօ­սելով հայ երես­փո­խանը «այ­լոց հա­շիւ­նե­րը կը տես­նէ»։ Այս մտայ­նութեան դժո­ւար պի­տի ըլ­լայ սոր­վեցնել թէ Կա­րօ Փայ­լան, Սե­լինա Տո­ղան կամ Մար­գար Էսա­յեան հայ պատ­գա­մաւոր­ներ ըլ­լա­լով հան­դերձ, երկրի հայ հա­մայնքին ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը չեն։ Աշ­խարհի վրայ կան խորհրդա­րան­ներ, որոնք յա­տուկ աթոռ վե­րապա­հած են իրենց երկրի փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն հա­մար եւ այդ փոք­րա­մաս­նութիւններն են որ կը ճշդեն այդ աթո­ռի թեկ­նա­ծու­նե­րը։ Կա­րօ Փայ­լան դեռ հիմ­նադրու­թեան շրջա­նէն ան­դա­մակ­ցած է ՀՏՓ-ի, պաշ­տօն ստանձնած է կու­սակցութեան կեդ­րո­նական վար­չութեան մէջ եւ իր քա­ղաքա­կան կա­րողու­թիւննե­րով պատ­գա­մաւոր ընտրո­ւած։ Քա­ղաքա­կան մշա­կոյ­թէ զուրկ մտքի հա­մար դիւ­րին հասկնա­լի երե­ւոյթներ չեն այս բո­լորը։ Ի վեր­ջոյ անոնք չէին հասկցած նաեւ թէ Մի­սաք Մա­նու­շեան ին­չո՞ւ զո­հուած է Ֆրան­սա­յի ազա­տու­թեան հա­մար, երբ բազ­մա­թիւ ֆրան­սա­ցիներ հա­մերաշ­խօ­րէն կը գոր­ծակցէին եր­կի­րը ար­շա­ւած Նա­ցինե­րուն հետ։ Մի­թէ ա՞ն ալ պա­պէն աւե­լի պա­պական էր։ Սիւ­նա­կի տա­րողու­թիւնը չի բա­ւեր թէ պատ­մենք հա­կաֆա­շիս­տա­կան պայ­քա­րի խոր­հուրդը։ Անոնց հա­մար նոյնն է, նշա­նակու­թիւն չու­նի Սուփհի Նէ­ժատ Աղըր­նասլըի Քո­պանէի ազա­տագրման հա­մար մար­տի­րոսա­նալը եւ այդ պայ­քա­րին մէջ հնչա­կեան հե­րոս Փա­րամա­զի անու­նը որ­դեգրելը։

Պոլսահայութիւնը խնդիր չունի հայ երեսփոխաններու հետ։ Անոնցմէ մէկը արդէն ըլլալով իշխանութիւն վայելող կուսակցութեան անդամ, կարիք չի զգար իրաւունքներ պահանջելու։ Իսկ մնացեալ երկուքը, Կարօ Փայլան եւ Սելինա Տողան բաւական համերաշխ են իրարու հետ եւ շատ անգամ իրենց ելոյթներով կու գան զիրար անբողջացնելու։ Մեր արտասահմանի բարեկամները թող հանգիստ ըլլան, խնդիրը քաղաքական, գաղափարախօսական բնոյթ ունի եւ մեր պատգամաւորներն ալ ունին իրենց խօսքը այդ խնդիրներու լուծման համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ