Որո՞ւն հոգն է հասարակութեան շահը

ԿԷՕԶՏԷ ՔԱԶԱԶ

gozdekazaz@gmail.com

Իսթանպուլի, յատկապէս ալ Պէյօղլու թաղի խորհրդանշական շինութիւններէն մէկն է «Նարմանլը Եուրտու»։ Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տէմիրճան իր պատասխանատուութեան տարածքին մէջ վերանորոգուած շէնքերու թիւը կը յայտնէ վեց հազար։ Անոնց կարգին է նաեւ Նարմանլը Եուրտու կոչուած խանը, որ քաղաքի մշակութային յիշողութեան մէջ շատ կարեւոր տեղ մը ունի։ Անցեալին այնտեղ գործած են Թուրքիոյ հնագոյն օրաթերթը «Ժամանակ», Խորհուրդային Միութեան առաջին դեսպանատունը եւ 1918-1920 թուականներու միջեւ գոյութիւն ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը։ Պատմական խանի բակին հետ միասին յիշուած վայր մըն է նաեւ անուանի նկարիչ Պէտրի Ռահմի Էյիւպօղլուի աշխատանոցը։ Ժամանակի խմբագիր Արա Գօչունեան «Ակօս»ի աշխատակազմէն Վարդան Էսդուգեանին այս մասին ուղղած հարցումներուն պատասխանելով կ՚ըսէ. «թերթը 1960-2000 թուականներու միջեւ հրատարակուած է այս շէնքին մէջ։ Ես ալ լրագրողութեան ասպարէզի առաջին քայլերս այստեղ նետած եմ։ Խանը երբեք արտադրամաս մը չէ եղած։ Այստեղ մանր արհեստներով զբաղողներ կ՚աշխատէին։ Բնակիչներ ալ կար այս շէնքին մէջ։ Կը խոստանայ վերանորոգութեան ժամանակ այս պատմական շէնքի դիմագիծը պահել։ Վստահ չեմ որ նման սկզբունք մը ինչպէս կարելի կ՚ըլլայ խոշոր շահի ակնկալութիւններու պարագային»։ Արա Գօչունեան կը խոստովանի թէ վաւերագրականի մը մէջ դեր ստանալով տարիներ ետք կրկին գացած է Նարմանլը Եուրտու եւ ապրումները յուզած են զինք։

Շինութեան աշխատանքը սկսաւ 19 Յունուար Երեքշաբթի օր, շինարարական գործիքներու տարածք մուտքով։ Անոնք առաջին հերթին արմատախիլ ըրին բակի երկու հսկայ ծառերը։ «Պէյօղլուի Քաղաքապաշտպանման Հարթակ»ը նախորդ Կիրակի շէնքի առջեւ հանրահաւաք մը կազմակերպելով փորձեց հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել պատմամշակութային այս արժէքի կորուստին դէմ։ Մինչ այդ Հնագէտներու Միութիւնն ալ առաջարկեց պեղումներու ժամանակ իր կազմէն ներկայացուցիչներուն հսկողութիւնը։ Սակայն այս առաջարկն ալ մերժուեցաւ եւ հիմքը կը փորուի առանց հնագէտ մասնագէտներու ներկայութեան։

«Էմէք» կինօթատրոնը

Նմանապէս քաղաքի կարեւոր պատմամշակութային շինութիւններէն մէկն է «Սէրքլ տՕրիան» շէնքը եւ այդ շէնքին մաս կազմող «Էմէք» կինօթատրոնը։ Այս կառոյցն ալ հիմնական վերանորոգութենէ մը ետք շուտով կը վերաբացուի, իբրեւ առեւտուրի կեդրոն։ Սակայն յատկապէս ալ կինօթատրոնի պահպանման համար դեռ առաջին օրէն սկսեալ բաւական մեծ աշխատութիւն տարուած էր գոնէ «Էմէք» կինօթատրոնը փրկելու ուղղութեամբ։ Իրաւ ալ այս սրահը երբեմնի շքեղ դահլիճներու վերջին օրինակը կը համարուի եւ գեղարուեստով զբաղողներ բազմաթիւ յիշատակներ ունին այս սրահին հետ։ Այս բոլորը պատճառ դարձաւ որ բուռն հակազդեցութիւն մը ցուցաբերուի «Էմէք» կինօթատրոնի փլուզման դէմ, բայց ինչպէս վերի տողերուն մէջ Արա Գօչունեան ալ կը վկայէր, կարելի չէ խոշոր շահի ակնկալութիւններու դիմաց մշակութային արժէքներու անհետացումը կանխել։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ