Ձեզ Բարեկենդան, մեզ բարի Զատիկ

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

«Ահա եկաւ հայոց ազգին օրերը», -կ՚եր­գուի բա­րեկեն­դա­նեան յայտնի եր­գով։ Ու­րեմն կա­րելի է երե­ւակա­յել՝ որ­քա՜ն սի­րուած ու սպա­սուած տօն մըն էր այն։ Բա­րեկեն­դա­նը կը յա­ջոր­դէ Ս. Սարգսի տօ­նին եւ կը տե­ւէ շուրջ եր­կու շա­բաթ, ան­մի­ջապէս ան­կէ ետք սկիզբ կ՚առ­նեն Մեծ Պահ­քի եր­կար ու ձիգ քա­ռասու­նի­նը օրե­րը։ Այս Մեծ Պահ­քը այնքան խիստ էր (ընդ որու՝ այդ խստու­թիւնը կը տա­րածուէր ոչ միայն ու­տե­լիքի, այ­լեւ մտքի եւ վար­քի վրայ), որ հա­յերս Բա­րեկեն­դա­նի օրե­րուն կը շտա­պէինք առա­ւելա­գոյնս յա­գենալ կեան­քի բա­րիք­նե­րէն։ Բա­րեկեն­դա­նը առատ կե­րու­խումով, զուար­ճանքով ու հրա­պարա­կային խնջոյքնե­րով, խաղ ու պա­րով, թա­տերա­կան բե­մակա­նացումնե­րով ու հան­դէսնե­րով լե­ցուն տօն մըն էր։ Այս եր­կու շա­բաթուայ ըն­թացքին, մա­նաւանդ՝ Բուն Բա­րեկեն­դա­նին, այն է՝ գա­լիք Կի­րակի օրը, կը վե­րանա­յին ամէն տե­սակ ըն­կե­րային եւ հա­սարա­կական չա­փանիշ­նե­րը, ամէ­նը, կար­ծես, շուռ կու գա­յին. կը փո­խէին ըն­կե­րական դե­րերը, երի­տասարդներն ու պա­տանի­ները այ­լեւս ստի­պուած չէին զուսպ ու են­թարկուող մնալ մե­ծերու ու առա­ջացած տա­րիքով մարդկանց հետ, ամենքն իրար հա­ւասար էին՝ ահել ու ճա­հել, եպիս­կո­պոս ու վա­նական, ռա­միկ ու իշ­խան։ Տէր­տէրն ու իշ­խա­նը, երի­տասարդն ու ալե­ւորը, տղա­մարդ ու կին՝ բո­լորը ձեռք ձեռ­քի տուած կը պա­րէին, կը խա­ղային, կը զուար­ճա­նային..… եւ, ան­շուշտ, կ՚ու­տէին, շա՜տ կ՚ու­տէին, այնքան կ՚ու­տէին, որ փոր­նե­րը կ՚ու­ռէին, Բա­րեկեն­դանն ալ «փո­րեկեն­դան» կ՚անուանէին։ «Ճա­շի սե­ղանը արե­ւին ել­նե­լէն առաջ պատ­րաստ պի­տի ըլ­լայ»։ Այդ օրե­րուն ու­տեստներն էին փա­թիլան, բխբխի­կը, խա­շիլը, զա­նազան թռչնե­ղէնը, մսե­ղէնը, ձա­ւարե­ղէնը, կա­թաներն ու խմո­րեղէն­նե­րը, հա­լուան ու կաթ­նա­սերը, վերջն ալ ան­պայման բե­րան­նե­րը խա­շած սպի­տակ ձուով պի­տի փա­կէին, որ Աս­տուած ար­ժա­նաց­նէ կար­միր ձուով (Զա­տիկին) բա­նալու։ Ան­գամ մը այնպէս պա­տահե­ցաւ, որ գիւ­ղե­րէն մէ­կուն կին մը Կի­րակի երե­կոյեան ան­հանգստա­ցած ամուսնուն կը դի­մէ, թէ վախ ու վայ, մի բան մո­ռացել ենք ու­տե­լու, կ՚եր­թայ կո­վը կը կթէ, կա­թը կը խմեն, այ­նույետ հայ­կա­կան պա­տուա­կան իւ­ղով հա­մեմուած ձուածե­ղը կ՚ու­տեն, նոր կ՚անցնին հանգչե­լու, այդժամ տան հիւ­րը ան­հանգստա­ցաց իրենց կու տայ կտոր մը հաց, թէ՝ առէք, այս պա­տառն ալ անուշ ըրէք, նոր հան­գիստ քնէք։

Բա­րեկեն­դա­նը խորհրդան­շող հիմ­նա­կան էակը «Ու­տիս Տատն» է (ու­տել ար­մա­տէն, ան­շուշտ)։ «Ու­տիս Տա­տը» գզգզուած, քրքրուած պուպրիկ էր։ Կի­րակի երե­կոյեան տղա­ները կ՚եր­թա­յին վեր­ջին մրցա­խաղին՝ ձիար­շա­ւին, որու աւար­տին կը բարձրա­նային սա­րի գա­գաթը եւ այնտե­ղէն հան­դի­սաւոր կեր­պով ցած կը գլո­րէին Ու­տիս Տա­տին»։ Ան­կէ ետք յա­տուկ ծէ­սով կը հրա­ւիրէին «Պաս Պա­պին»։

Բա­րեկեն­դա­նի ան­բա­ժան մա­սը կը կազ­մէր թա­տերա­խաղե­րը ու դի­մակա­հան­դէսնե­րը։ Քա­նի որ այդ օրե­րուն եկե­ղեցին կը նշէր Վար­դա­նանց պա­տերազ­մի նա­հատակ­նե­րու օրը, ուստի եւ կը բե­մակա­նացուէին դրուագ­ներ պա­տերազ­մէն։ Գիւ­ղը կը բա­ժանուէր եր­կու մա­սի՝ մէկ կող­մը հա­յերն էին, միւս կող­մը՝ պար­սիկնե­րը։ Դէմ­քե­րը կը մրո­տէին, այ­լե­ւայլ քուրք ու մոր­թի կը հագ­նէին, փայ­տէ թրեր վերցնե­լով ու կը սկսէին պա­տերազ­մի։ Նախ Վար­դա­նը, Վա­սակը (յի­շար­ժան է, որ ժո­ղովուրդը անոնց միասին կը պատ­կե­րէ, այլ ոչ որ­պէս թշնա­մի) եւ մնա­ցեալ իշ­խա­նաւոր­նե­րը Ղե­ւոնդ Երէ­ցի գլխա­ւորու­թեամբ կ՚եր­թա­յին եկե­ղեցի։ Ի դէպ՝ Բա­րեկեն­դա­նին կը զուար­ճա­նային, կը պա­րէին-խա­ղային նաեւ վա­նական­նե­րը ու քա­հանա­ները։ Պ.Պռո­շեանը բա­րեկեն­դա­նեան խա­ղերը նկա­րագ­րե­լով, կ՚ըսէ. «էլ ահել ու ջա­հել չկար, էլ երի­տասարդ ու միր­քա­ւոր չէիր ջո­կիլ, բո­լորը միասին ջա­հելա­ցել՝ կայ­տա­ռացել էին։ Պա­պիս պէս պա­տուե­լի իշ­խաննե­րը կա­լերու­մը լախ­տի էին խա­ղում..… տէր­տէրն էլ վե­րար­կուն ծա­լած մի կողմ դրած, կա­պի ծը­փան փէ­շերը կո­կիկ հա­ւաքած, գօ­տիկը խրած՝ էն­պէս ծուլ-ծուլ էր լի­նում ճժի բո­լոր­քո­վը, որ կ՚ա­սես, թէ սա իր կեան­քումը միշտ ըմ­բը­շամարտ է եղել։ Մի­միայն լախ­տը, որ մէջ­քա­խառն ու­սագլխին հաս­նում էր, զգում էր, որ էս­պէս բան իր օրու­մը չի տե­սել։ - Դէ, հեր օրհնած, մի քիչ էլ կար­գիս խնա­յեցէք, կա­մաց տուէք, է՛- ասում էր մեր Տէր հայ­րը...… -Ոչինչ, տէր­տէր ճան, էսօր ար­ձա­կուրդ ա, Բա­րեկեն­դան օրեր ա, խելքներս կո­րել ա- պա­տաս­խա­նում էին մեր իշ­խաննե­րը ու իրենց խա­ղի հետ ընկնում»։

Երե­կոնե­րը ու­րա­խու­թեան ամե­նաթունդ պա­հուն կը լսուէր կեն­դա­նական ան­ճոռնի ձայ­ներ։ Յան­կարծ գո­մէն դուրս կու գար մի ան­հա­ւանա­կան «մեյ­մուն»՝ հա­գին մոր­թի­ներ, դէմ­քը ան­ճա­նաչե­լիօրէն այ­լանդա­կուած ու մրո­տուած, այս ու այն կողմ կը թռչկո­տէր մին­չեւ տան­տէ­րերը ու­տե­լու մի բան չտան, որ­մէ ետք կը թող­նէր կ՚եր­թէր մէկ այլ տուն։ Ասոնք հիմ­նա­կանօ­րէն ձմե­ռուայ չար շվոտ ոգի­ները կը յի­շեց­նէին։

Ամե­նուր այդ օրե­րուն կը շղթա­յուէր շուրջպա­րերը, կ՚եր­գուէր հին ու նոր՝ տե­ղին վրայ յօ­րինուած եր­գեր։ Աղ­ջիկ տղա­ներ խումբ-խումբ կը բա­ժանուէին եւ հար­ցուպա­տաս­խա­նիք պա­րեր­գեր կը յօ­րինէին։ Զա­նազան մրցա­խաղեր կը խա­ղային, որոնցմէ էր գօ­տիով խա­ղը, գնդա­կախա­ղերը, ճանը եւ այլն։

«Ըհը եկան Հայոց ազգին օրերը,

Հանեցէք հիները, հագէք նորերը,

Բարկեննուն օրերը, Զատկուն Կիրակին,

Եկանք ի Բարեկենդան, կ՚երթանք ի Զատիկ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ