Նշանեանի բանտարկութեան պայմանները ծանրացած

Սե­ւան Նշա­նեան նախ­քան բան­տարկու­թիւն «Ակօս»ի խմբագ­րա­տան մէջ մե­զի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի մի­ջոցին կը յայտնէր թէ չէ վհա­տած բան­տարկու­թե­նէն, քա­նի որ այդ պայ­մաննե­րու տակ առի­թը պի­տի ու­նե­նայ իր ակա­դեմա­կան աշ­խա­տու­թիւննե­րուն շա­րու­նա­կելու։ «Եր­կու տա­րի բան­տարկու­թեան դա­տապար­տուեցայ, եթէ այդքա­նով մնայ դժգոհ չեմ ըլ­լար, քա­նի որ առիթ կը գտնեմ ար­դէն վրան աշ­խա­տած նոր բա­ռարա­նը աւար­տե­լու։ Սա­կայն կը վախ­նամ թէ ես բանտ մտնե­լէ վերջ շա­րու­նա­կուող դա­տավա­րու­թիւններն ալ ազա­տազրկու­մով կ՚աւար­տին եւ կրնամ մին­չեւ կեան­քիս վերջ բան­տէն դուրս չգալ»։ Իրա­ւացի եղաւ Նշա­նեանի այս կան­խա­գու­շա­կու­մը եւ ան հի­մա կը փոր­ձէ լրաց­նել 11 տա­րուայ բան­տարկու­թիւն մը։ Իսկ նախ­քան բան­տարկու­թիւն իրեն խոս­տա­ծուած հա­մեմա­տաբար ազատ պայ­մաննե­րը զա­նազան պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րով ար­գի­լուե­ցան եւ ան այժմ կը մնայ աւե­լի ծանր պայ­մաններ պար­տադրող փակ բան­տի մէջ։

Սե­ւան Նշա­նեանի պաշ­տա­պանու­թիւնը ստանձնած փաս­տա­բան Մու­րատ Աք­չը «Ակօս»ին կը յայտնէ թէ բաց բան­տէն դէ­պի փակ բանտ առաջ­նորդուելու պատ­ճա­ռը ան­կարգա­պահու­թեան յան­ցանք մըն է, որուն դէմ օրի­նական առար­կութիւն ներ­կա­յացուց։ «Սա­կայն այդ առար­կութեան քննար­կումը քա­նի մը ամիս պի­տի տե­ւէ եւ պա­րոն Սե­ւան այդ ժա­մանա­կի տե­ւողութեան փակ բան­տը պի­տի մնայ։ Շա­րու­նա­կուող դա­տավա­րու­թիւննե­րուն մա­սին առ այժմ զար­գա­ցում մը չկայ։ Իսկ փակ բան­տի պայ­մաննե­րը պի­տի դժուարաց­նեն Նշա­նեանի բա­ռարա­նի աշ­խա­տու­թիւննե­րը» կ՚ըսէ իրա­ւապաշտպան Մու­րատ Աք­չը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ