Հայ ըմբիշտի Իսթանպուլեան յաղթանակը

ՊՈՒՐԱԿ ՖԸՐԹԸՆԱ

buragfirtina@gmail.com

Անուանի ըմբշտամարտիկ Լեւոն Ջուլֆալակեանի եր­կու որ­դի­ները Ար­սէն եւ Արամ Իս­թանպու­լի մէջ մաս­նակցե­ցան Վէհ­պի Էմ­րէ-Հա­միտ Գափ­լան 34-րդ Մի­ջազ­գա­յին Մրցումնե­րուն։ Յու­նահռո­մէական ոճի մէջ Ար­սէն Ջուլֆա­լակեան յաղ­թե­լով իր չորս մրցա­կից­նե­րը ար­ժա­նացաւ ոս­կեայ մե­տայ­լի։ Իսկ եղ­բայրը Արամ, առա­ջին մրցու­մին պար­տուելով դուրս մնաց աս­տի­ճանա­կար­գէ։ Այս առ­թիւ Սեւ Ծո­վեան Տնտե­սական Հա­մագոր­ծակցու­թեան շրջագը­ծով Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յացուցչու­թեան մէջ զրու­ցե­ցինք եր­կու եղ­բայրնե­րու հետ, անոնցմէ լսե­լով այս մրցա­շար­քի մա­սին իրենց տպա­ւորու­թիւնը եւ ապա­գայի ծրա­գիր­նե­րը։ Ար­սէն Ջուլֆա­լակեան յայտնեց, թէ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւաքա­կանը ներ­կա­յաց­նե­լով եկած են Իս­թանպուլ իրենց մար­զի­չի Արամ Գաս­պա­րեանի հետ։ «Իմ քա­շի խմբա­ւորու­մին մէջ եւ­րո­պական կամ ողիմ­պիական յա­ջողու­թիւններ ար­ձա­նագ­րած ըմ­բիշտներ կա­յին։ Հա­յաս­տա­նի ըմ­բիշտներս առա­ջին ան­գամ է, որ կը մաս­նակցինք այս մրցու­մին։ Նկա­տեցի, որ կազ­մա­կեր­պիչներն ալ ոգե­ւորուած են մեր մաս­նակցու­թե­նէն։ Քաջ տե­ղեակ էին թէ հօրս եւ թէ իմ նախ­կին յա­ջողու­թիւննե­րուն վերաբերեալ։ Իրենց պար­բե­րաթեր­թին մէջ ալ մեզ ծա­նօթաց­նող յօ­դուած կար։ Շատ լաւ պայ­մաննե­րու մէջ հիւ­րընկա­լուե­ցանք։ Թուրքիոյ մէջ ըմբշա­մար­տը բա­ւական սի­րուած ոճ է։ Նա­խորդ Նա­խագահ Ապ­տուլլահ Կիւլն ալ ըմ­բիշտ մըն էր։ Բո­լոր ըմ­բիշտնե­րու նկատ­մամբ յար­գանք ու­նէին։ Շատ ու­րա­խալի է ար­դար մրցումնե­րու մէջ յաղ­թա­նակ տա­նիլը»։

Արամ Ջուլֆա­լակեան ալ կը բաժ­նէ իր եղ­բօր հա­մոզումնե­րը եւ ան կ՚ափ­սո­սայ, թէ առա­ջին մրցու­մին պար­տութիւն կրե­լով չէ յա­ջողած մե­տայլ նուաճե­լու։ «Մա­նաւանդ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյ­ճա­նի մէջ մե­տայլ նուաճե­լը շատ կա­րեւոր է։ Հայ ժո­ղովուրդը կ՚ու­րա­խանայ մեր յա­ջողու­թիւննե­րով։ Գա­լով յա­ռաջի­կայ տա­րի դար­ձեալ մաս­նակցե­լու մա­սին ձեր հար­ցումին, ատի­կա կա­խեալ է գալ տա­րուայ մրցումնե­րու օրա­ցոյ­ցէն։ Ընդհան­րա­պէս շատ ծան­րա­բեռ­նուած օրա­ցոյց մը կ՚ու­նե­նանք։ Յա­ջորդ մրցա­շար­քը եր­կու ամիս վերջ է, այս իմաս­տով ալ շատ յար­մար թուական մը եղաւ Թուրքիոյ մրցումնե­րը։ Եթէ յա­ռաջի­կայ տարի ալ նոյնը պատահի, դարձեալ կու գանք։ Հայաստանի մէջ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտով կարեւոր յաջողութիւններ արձանագրուած է։ Բազմաթիւ ողիմպիական մետայլներ ունինք, որոնք կը փորձենք պսակել ոսկեայ մետայլով»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ