Յաջողութեան անհանդուրժողութիւն

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

«Զիրաաթ»ի Թուրքիոյ Բա­ժակի մրցումնե­րը անակնկալ­նե­րով կը շա­րու­նա­կուին։ Վի­ճակա­հանու­թեամբ յայտնի եղաւ քա­ռորդ եզ­րա­փակի­չի մրցա­կից խումբե­րը։ Նա­խորդ շա­բաթ, իր մա­սին ամե­նաշատ խօ­սուած «Ամէտսփոր» քա­ռորդ եզ­րա­փակիչ փու­լին պի­տի մրցի Ֆէ­նէր­պահչէ ֆութպո­լի ակումբին հետ։ Վի­ճակա­հանու­թե­նէն քա­նի մը ժամ ետք Թուրքիոյ Ֆութպո­լի Ֆէ­տէրա­ցիան պա­տիժ­ներ տնօ­րինեց Ամէտսփո­րի դէմ։ Այսպէս ան քա­ռորդ եզ­րա­փակի­չի մրցու­մին երկրպա­գու­նե­րու զօ­րակ­ցութե­նէն զուրկ պի­տի մնայ Ֆէ­նէր­պահչէի դի­մաց։

Ազ­գայնա­կան շրջա­նակ­ներ Պուրսաս­փո­րի դէմ ար­ձա­նագ­րած յաղ­թա­նակէն ետք կրակ կը ժայթքէն քրտաբ­նակ քա­ղաքի մը ներ­կա­յացու­ցի­չը հան­դի­սացող այս ակումբին հան­դէպ։ Նա­խատինքնե­րը գլխա­ւորա­բար կ՚ուղղուին խումբի յա­ջողա­գոյն մար­զիկնե­րէն Տէ­նիզ Նա­քիի։ Այս վեր­ջինս Պուրսաս­փո­րը տա­պալող կո­լը ար­ձա­նագը­րե­լէ ետք ձեռ­քե­րով յաղ­թա­նակի նշած ըրած եւ ապա յայ­տա­րարած էր, որ այս կո­լը կը ձօ­նէ Ճի­զիր, Սուր եւ Սի­լոփիի մէջ զո­հուած քիւրտե­րուն։ Նա­խատինքնե­րու եւ հայ­հո­յանքնե­րու տա­րափին դէմ, Ամէտսփո­րին զօ­րակ­ցողներն ալ քիչ չեն։ ՃՀՓ կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր՝ Սէզ­կին Թան­րը­քու­լու Թուիթը­րի մէջ կը գրէր հե­տեւեալը՝ «հիւ­րա­խաղե­րուն երկրպա­գու­նե­րու ար­գելք, իր դաշ­տի մրցումնե­րուն կողմնա­կից­նե­րու ար­գելք, եթէ աս ալ չբա­ւէր, գո­նէ դաշ­տի ել­լա­լու ար­գելք հռչա­կեցէք»։

Ֆէ­տէրա­ցիայի տնօ­րինած պա­տիժէն ետք, ակումբի նա­խագահ Նու­րուլլահ Էտէ­մէն բո­ղոքեց որո­շու­մին դէմ։ «Եթէ մրցա­կիցը Ֆէ­նէր­պահչէ չըլ­լար նման պա­տիժ մը չէին տար։ Սպա­սեցին որ մրցա­կիցը յայտնի ըլ­լայ։ Պի­տի առար­կենք այս որո­շու­մին դէմ եւ եթէ մեր առար­կութիւ­նը նկա­տի չու­նե­նան, դաշտ չենք ել­լեր»։

Տէ­նիզ Նա­քի Գեր­մա­նիայէն Ամի­տա

Ամէտսփո­րի փայ­լուն աստղը Տէ­նիզ Նա­քի ար­հեստա­վարժ ֆութպո­լի կեան­քին սկսաւ Գեր­մա­նիոյ «Ռոտ Վէյս Ահ­լէն» ակումբին մէջ։ Յա­ջորդ եղա­նակին ան փո­խան­ցուեցաւ «Սէն Փո­լի», ուր պաշ­տօ­նավա­րած երեք տա­րինե­րու ըն­թացքին իր անու­նը սկսաւ հետզհե­տէ փայ­լիլ։

«Փա­տէր­պորն»ի մէջ ալ խա­ղալէ ետք, 2013-2014 տա­րեշրջա­նին Նա­քի փո­խան­ցուեցաւ Կենչլէր­պիրլի­ղի ակումբ։ Այստեղ իր ալէ­վի ինքնու­թեան հե­տեւան­քով խտրա­կանու­թեան եւ բիրտ յար­ձա­կումնե­րու են­թարկուեցաւ։ Այս դէպ­քէն ետք Նա­քի ջնջեց իր հա­մաձայ­նա­գիրը եւ երկրէն հե­ռացաւ։ Ան 2015-2016 տա­րեշրջա­նին կը խա­ղար Ամէտսփո­րի կազ­մին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ