Աննախադէպ փորձ՝ Արա եւ Շամիրամ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Որպէս արեւմտահայ մշակոյթի կեդրոն Պոլիս բազմաթիւ նախափորձերու օրրանը եղած է։ Հայերէն երաժշտութեան բազմաթիւ նմոյշներու առաջին կատարումը տեղի ունեցած է Պոլսոյ մէջ։ Այս ծիրէն ներս կրնանք յիշել նաեւ նորաստեղծ զանազան գեղարուեստական գործ ներառեալ հայերէն առաջին թատերական բեմադրութիւնները, եղեկեցիներէ ներս երաժշտական գործիքի օգտագործումը, հայկական օփերայի առաջին նմոյշները եւայլն։ Եթէ այս բոլորը ընդհանրապէս կը յուշեն անցեալի երանելի օրերը, Մարտի 1-ին այս անգամ ականատես եղանք բոլորովին աննախադէպ գործի մը՝ «Մարալ Երգ ու Պարի Միութեան» ներկայացումով «Արա եւ Շամիրամ» պարային բեմադրութեան։

«Մարալ Երգ ու Պարի Միութիւն» պարային այս ծրագրով առաջին անգամ կը ներկայանայ հանրութեան, եւ կարելի է ըսել որ յաղթանակով աւարտեցաւ այդ ներկայացումը։ Ինչպէս պիտի նկատենք այս անուանումը բաւական երկար անցեալ ունի որպէս հայկական ժողովրդական պարեր ներկայացնող խումբ։ Այժմ կը տեսնենք այդ խումբին ծոցէն ելած նոր կազմ մը, որ թէեւ կազմակերպչական եւ վարչական առումով անջատուած ըլլայ նախորդէն, կը շարունակէ նման աւանդոյթ։

Հայ ժողովուրդի դիցաբանութեան մէջ լուսապայծառ պատմութիւն մըն է Արա Գեղեցիկի եւ Շամիրամի միակողմանի սիրարկածը, որ շնորհիւ պատմահայր Մովսէս Խորէնացիի, հասած է մեր ժամանակներուն։ Թէեւ այստեղ սխալ է «սիրարկած» կամ առհասարակ սիրոյ հետ առնչուած որեւէ բացատրութիւն։ Որովհետեւ Ասորեցւոց թագուհի Շամիրամի Արա Գեղեցիկի նկատմամբ ցանկութիւնը սէրէն շատ աւելի պիտի յիշեցնէ «կիրք» բացատրութիւնը։

Լերնա Փաբազեան յաջողած էր իր բեմադրութեան մէջ Շամիրամին Հայոց Արքայի նկատմամբ անսանձ հակումը պարի միջոցաւ փոխանցել հանդիսատեսին։ Պարուհի Դալար Քէօսէօղլու յաջողած էր իր ստանձնած պարտականութեան մէջ, բացի պարէ, դիմային արտայայտութիւններով ալ ցոլացնել կիրքոտ թագուհու կերպարը։ Նոյն յաջողութիւնը կարելի է վերագրել բոլոր մենակատարներուն, գլխաւորութեամբ Արա Գեղեցիկի դերով Արթինճան Պահարօղլուի։

Յայտագիր պրակի վրայ եւ այլ տեղեր կատարուած գործը կը ներկայացուէր «թատերական պար» բացատրութիւնով։ Վերջապէս անխօս թատերական ներկայացում մըն էր կատարուածը, ուր բոլոր խօսքերը փոխանցուած էին պարին։ Այդ պահուն միտքը հանդիսատեսին փոխանցելու համար Լերնա Փափազեան վայելած էր փորձառու դերասանուհի Անի Իփէքքայայի բեմադրական կարողութիւնը։

Այս նախագիծէն տեղեակ դարձած պահէն ի վեր «երանի» ըսելով կ՚երազէինք յատուկ այս ներկայացման համար յօրինումի մը մասին։ Կը հաւատանք թէ Պոլիս դեռ ունի այդ կարողութիւնը եւ եթէ բաւարար ժամանակ գտնուէր անպայման կը ստեղծէր Արա եւ Շամիրամ թատերական պարի ուրոյն երաժշտութիւնը։ Այս անգամ հայ դասական երաժշտութեան անուանի հսկաներ՝ Արամ Խաչատուրեան, Խաչատուր Աւետիսեան, Կոմիտաս Վարդապետ, Էտուարտ Միրզոյեան, Ալեքսանտր Յարութիւնեան, Ալեքսանտր Սփենտիարեան, Լեւոն Մինասեան, Առնօ Պապաճանեան, Արամ Կարապեքեան եւ Երուանդ Երկանեանի յօրինումներէն մէջբերումներով հիւսուած երաժշտութիւն մը լսեցինք, որու շաղկապումը կը պատկանէր նոյն ինքն պարուսոյց Լերնա Փափազեանի եթէ ոչ մեղեդիներու ընտրութեան, բայց յատկապէս շաղկապման մէջ իրեն օգնական ունեցած էր Արաս Մանուկեանը եւ Նուրհան Պէյլէրեանը։

Ինչպէս նշած ենք գրութեան մուտքին, Արա եւ Շամիրամ թատերական պարի յայտնութիւնով պոլսահայ մշակոյթը ոստում մը եւս կատարեց տածելով այն յոյսը որ մշակութային այս կեդրոնը դեռ խօսք ունի ըսելու։