Սէմա կը ծանօթացնէ Գառնիկ Կարմիրեանը

«Արաս» Հրատարակչատունը Յակոբ Պարոնեանի «Ատամնաբոյժն Արեւելեան» գործի թարգմանութենէն ետք անգամ մը եւս առիթ կը ստեղծէ իր հրատարակութիւններուն նոր գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու գետին պատրաստելուն։ Ինչպէս պիտի յիշուի Պարոնեանի թատրերգութիւնը հրատարկութենէն ետք բեմադրուած էր Իսթանպուլի Քաղաքապետարանի Թատրոնի կողմէ։ Այս անգամ անտեսուած հայ երգահանի մը՝ Գառնիկ Կարմիրեանի կեանքն ու գործը ծանօթացնող գիրքը հրատարակելով պատճառ դարձաւ մինչեւ օրս միայն հեղինակի հարազատներուն ծանօթ այդ երգերուն նոր շունչով մը վերակենդանացման։ Արդարեւ վաստակաւոր երգչուհի Սէմա Մօրից գիրքի միջոցաւ ծանօթանալով Գառնիկ Կարմիրեանի երգերուն, ձեռնարկեց այդ երգերը ձայնաւորելու դժուարին գործին։ Իրաւ ալ դժուարին գործ էր այս, քանի որ հնաոճ այդ երգերը պատշաճ կերպով ներկայացնելու համար հարկ էր նախապատրաստական բծախնդիր աշխատութիւն։ Այստեղ բարեբախտութիւն է տեսնել որ Սէմա իբրեւ լաւ պատրաստուած երգչուհի՝ այն քիչերէն է, որ կրնայ գլուխ հանել նման դժուարին գործը։ Արդարեւ Տողան Հըզլան 13 Մարտ 2016 թուակիր «Հիւրրիյէթ» թերթի իր սիւնակին մէջ այս մասին գրած յօդուածով կը փառաբանէ երգչուհին, թէ իր գտած գիրքի էջերէն այս երգերը վերակենդանացնելուն, եւ թէ անոնց խօսքին, յօրինման համապատասխան կատարումը յաջողելուն պատճառաւ։ «Որովհետեւ այս յօրինումները առանց պէտք եղած խնամքը ցուցաբերելու, առանց ստեղծուած շրջանին գիտակցելու եթէ կատարուին, այս ազդեցութիւնը չէին կրնար գործել»։

Ալպոմը հեղինակը ծանօթացնող գրքոյկի հետ միասին հրատարկուեցաւ «Պոյութ» ընկերութեան կողմէ։ Այժմ մեզի կը վիճակի ծանօթացնել այս անտեսուած երգահանի վաստակը, մանաւանդ խրախուսել Սէմա Մորիցը այս երգացանկով համերգներ, նոյնիսկ հիւրահամերգներ սարքելու ուղղութեամբ։