«Երգ Պանդուխտի» կը բեմադրուի Պաքըրգիւղի մէջ

Թերթիս աշխատակից Բագրատ Էսդուգեանի «Պանդուխտ Երգեր» անուն պատմուածքներու հաւաքածոյէն ծանօթ արուեստագէտ Արամ Կոստանեանի կողմէ թատրերգութեան վերածուած բեմադրութիւնը կը կրկնուի 6 եւ 8 Ապրիլ թուականներուն Պաքըրգիւղի Տատեան Վարժարանի Տիգրան Կիւլմէզկիլի անուան դահլիճին մէջ։

Կոստանեանի այս նախաձեռնութիւնը նախապէս երեք անգամ բեմադրուած էր Եունուս Էմրէ Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ եւ արժանացած էր դիտողներու բարձր գնահատանքին։ Էսդուգեան իր պատմուածքներուն մէջ կը նկարագրէ պոլսահայ այժմու ընկերային խնդիրները, յատկապէս անդրադառնալով 1970-ական, 1980-ական տարեթիւերուն դէպի արտասահման կատարուած գաղթին եւ այդ գաղթի պատճառաւ ցրուած ընտանիքներու երեւոյթին։ Կոստանեան եւ իր պատրաստած դերասանական խումբը յաջողած էին թափանցել հեղինակի նկարագրած կերպարներու հոգեբանութեան։ Իրականութեան մէջ այդ հոգեբանութիւնը բաւական ծանօթ է իւրաքանչիւր պոլսահայ ընտանիքին, քանի որ հոն պատմուածը շատերու տուներէն ներս իրականօրէն տիրող ապրումներ են։

Պաքըրգիւղի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը շատ գնահատելի նախաձեռնութեամբ կազմած է մշակոյթի յանձնախումբ մը, ուր կը մէկտեղուին Տատեան Վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պէնլիօղլու, այժմու տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, վաստակաւոր արուեստագէտ Արամ Կոստանեան, նուիրեալ արուեստի գործիչ Մինաս Օֆլազ եւ դեռ ուրիշներ։ Այս խմբակցութիւնը անցեալին ալ յաջողած էր երեւան բերել շատ յաջող բեմական ներկայացումներ, ձօնուած՝ Մեսրոպեան գիրերու գիւտին, Հայոց քրիստոնէացման 1700 ամեակին եւ այլն։

Նորակառոյց Տատեան Վարժարանի շէնքը եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլի անուան դահլիճը եւս խրախուսիչ գործօններ են այս թաղին մէջ նման բնոյթով միջոցառումներ կազմակերպելու համար։