ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԼԱՄԲԱԿ

Լամբակ։ Չկայ ու­րիշ բառ մը, որ անոր չափ յա­ջողած ըլ­լայ մեծ­նալ մար­դու եւ անոր ձեռքբե­րումնե­րուն հետ։ Ըստ բա­ռարան­նե­րու անոր առա­ջին իմաստն է՝ «կո­ճակա­մայր, բաճ­կո­նի կամ շա­պիկի կո­ճակը անցնե­լու բա­ցուածք, օղակ»։ Մինչդեռ, ազ­գա­յին մե­ծերու կեան­քը, ինչպէս Թո­­րոս Թո­­րամա­­նեանի՝ մե­­զի կու տայ պատ­­մութիւն մը, որ շատ աւե­­լի ըն­­դարձակ է քան կո­­ճակի մը անցքը.

- Պա­­րոն Թո­­րամա­­նեան, Վիէն­­նա պի­­տի եր­­թա՞ք մրցա­­նակը ըն­­դունե­­լու հա­­մար։

- Փա­­փաքս է, եթէ պայ­­մաննե­­րը նե­­րեն։

- Մեծ պա­­տիւ պի­­տի ըլ­­լայ ձեր լամ­­բա­­­կին վրայ կրել Աւստրիական Կայ­­սե­­­րական գլխա­­ւոր մրցա­­նակ՝ արուես­­տի լա­­ւագոյն աշ­­խա­­­տան­­քի հա­­մար։

- Պա­­րոն ստու­­գա­­­բանու­­թիւն, այդ յա­­ջողու­­թիւնը ես կը պար­­տիմ ըն­­տա­­­նիքիս, ծննդա­­վայ­­րիս եւ հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րուս։ Ճշմար­­տութիւ­­նը պա­­րոն ստու­­գա­­­բանու­­թիւն, մենք Շա­­պին Գա­­րահի­­սար­­ցի­­­ներս յա­­մառ, աշ­­խա­­­տասէր, հո­­ղին կառ­­չած, ազա­­տատենչ, պար­­կեշտ ար­­հեստա­­ւոր­­ներ ենք։ Քա­­ղաքի շու­­կա­­­յին մէջ եր­­կու տաս­­նեակ աս­­պա­­­րէզ­­նե­­­րու մէջ կը տես­­նէիք հայ տա­­ղան­­դա­­­ւոր վար­­պետներ։ Մեր ըն­­տա­­­նիքը հո­­ղագործ էր։ Իսկ լամ­­բակ բա­­ռը իմ մօտս պա­­տան­­կեան աղօտ եւ յա­­ճախ յու­­զումնա­­լից յիշ­­տակներ կ՚արթնցնէ... Շատ փոքր եմ, մայրս կու­­ժը լամ­­բա­­­կով ու­­սէն կա­­խած է, սա­­րի պաղ ջուր կը բե­­րէ։ Ու­­րիշ օր մըն է. Անդրա­­նիկին քոյ­­րը, Նա­­զելին, լամ­­բա­­­կէն բռնած է կով­­կի­­­թը ու մե­­զի տաք կաթ կը բե­­րէ։ Միասին կը խմենք։ Հա­­մը դեռ բե­­րանս է։ Անդրա­­նիկը ինձմէ մէկ տա­­րի պզտիկ էր։ Քա­­ղաքի տղա­­ները կը յա­­ճախէին Մու­­շե­­­ղեան դպրո­­ցը։ Անդրա­­նիկը գե­­ղադէմ էր։ Օր մը սի­­րահա­­րեցաւ։ 17 տա­­րեկան էր։ Սկսաւ ամէն Կի­­րակի իր լամ­­բա­­­կին վրայ ճեր­­մակ շու­­շան զե­­տեղել։ Շու­­տով ամուսնա­­ցաւ։ Սա­­կայն, յա­­ջորդ տա­­րին իր սի­­րելի կի­­նը մա­­հացաւ անդրա­­նիկ զա­­ւակի ծննդա­­բերու­­թեան ժա­­մանակ։ Մեր լամ­­բակնե­­րուն վրայ դրինք թուղթէ շի­­նուած սեւ շու­­շաններ։ Ապա ես գա­­ցի Պո­­լիս, հիւսնի մօտ աշ­­խա­­­տեցայ։ Ու­­սում առի Պոլ­­սոյ կայ­­սե­­­րական գե­­ղարուես­­տից վար­­ժա­­­րանի ճար­­տա­­­րապե­­տու­­թեան բաժ­­նին մէջ։

- Պա­­րոն Թո­­րամա­­նեան, կեան­­քի բա­­ժակը ցմրուր քա­­մած էք։ Ձեր եւ ձեր սի­­րած­­նե­­­րուն լամ­­բակն է անոր ակա­­նատե­­սը։

- Իս­­կա­­­պէս, ամէն եր­­ջանկու­­թիւն, ամէն կո­­րուստ, ամէն ցաւ մեր լամ­­բակնե­­րուն վրայ կը յայտնուի։

- Չենք գի­­տեր, թէ մեր լամ­­բակնե­­րէն կար­­միր ծա­­ղիկ մը պի­­տի անցնի, թէ շքան­­շան, թէ՝ սու­­գի սեւ նշան, բայց ստոյգ է անոր ծա­­գու­­մը։ Թէեւ «լամ­­բակ» է բա­­ռը նոր գրա­­կանու­­թեան մէջ, բայց մեր հին մա­­տենագ­­րութեան մէջ ու­­նե­­­ցեր է «լամբ» ձե­­ւը։ «Օղակ» է ան, որուն մէ­­ջէն անցնե­­լով ձող մը, կամ փայտ մը՝ բեռ կը վերցնեն։ Կը կար­­ծուի եկած ըլ­­լալ յու­­նա­­­րէն «λαμβάνω», -լամ­­վա­­­նօ- բա­­յէն, որ կը նշա­­նակէ «բռնել, կրել, ըն­­դունիլ, առ­­նել, պա­­րու­­նա­­­կել»։ Բա­­ռը Ալաշ­­կերտի մէջ «լամ­­բայ» է, Ան­­կայ եւ Բին­­կեանի մէջ՝ «լամ­­բոկ»։ Ակ­­նայ մէջ «լամ­­բօնք» կը կո­­չեն այն պա­­րանը, որ կու­­ժի բեր­­նին կը կա­­պեն ու­­սը առ­­նե­­­լու հա­­մար։

- Ինչպէս՝ մայրս եւ Նա­­զելին կ՚ընէին։ Իսկ «լամ­­բօնք»ը Զէյ­­թունի մէջ գլխար­­կի այն կապն էր, որ ծնօ­­տի տա­­կէն կ՚անցնէր։ Բա­­ռը սի­­րած է ճամ­­բորդել եւ մնա­­ցեր է ժո­­ղովուրդին հա­­րազատ. 19-րդ դա­­րուն Կով­­կա­­­սի եւ ձեր լեռ­­նա­­­նիստ քա­­ղաքին մէջ տեղ գտաւ՝ այ­­ծենկաճ կո­­չուած ուղղան­­կիւն ու­­սե­­­րով, լայն քղանցքնե­­րով եր­­կար թիկ­­նո­­­ցին վրայ։

- Այ­­սինքն, այ­­ծի չխու­­զած մոր­­թէն շի­­նուած այն աւան­­դա­­­կան հա­­գուստին, զոր մեր հո­­վիւ­­նե­­­րը կը գոր­­ծա­­­ծէին։

- Այո։ Անոնք կո­­ճակ­­նե­­­րու փո­­խարէն կ՚ու­­նե­­­նան կուրծքի աջ եւ ձախ եզ­­րե­­­րուն ամ­­րա­­­ցուած լամ­­բակներ։

- Անդրա­­նիկը կը պատ­­մէր, թէ 1826-28 թուական­­նե­­­րուն Ռուս-Պարսկա­­կան պա­­տերազ­­մին մարտնչող հայ կա­­մաւոր զի­­նուոր­­նե­­­րը հա­­գեր են լամ­­բա­­­կաւոր այ­­ծենկաճ­­ներ։

- Իսկ քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ, քայլ յար­­մարցնե­­լով քա­­ղաքակրթու­­թեան եւ եւ­­րո­­­պական նո­­րաձե­­ւու­­թեան՝ վա­­յելուչ երի­­տասարդնե­­րու, ու­­սումնա­­տենչ սա­­նիկ­­նե­­­րու, ազ­­գա­­­յին հե­­րոս­­նե­­­րու, լու­­սա­­­ւորու­­թեան հա­­մար աչ­­քի լոյս թա­­փած մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րու բաճ­­կոննե­­րուն օձի­­քին վրայ պա­­տուա­­ւոր տեղ գրա­­ւեց։ Այդ լամ­­բակնե­­րուն մէ­­ջէն ան­­ցան բու­­րումնա­­ւէտ ծա­­ղիկ­­ներ, ոս­­կե­­­զօծ մե­­տալ­­ներ, խա­­չաձեւ կրծքան­­շաններ, պա­­տուոյ ժա­­պաւէն­­ներ... Իսկ հի­­մա կար­­գը ձերն է Պա­­րոն Թո­­րամա­­նեան։

- Չգի­­տեմ։ Դժուար ժա­­մանակ­­ներ են։ Ան­­կասկած կար­­դա­­­ցած էք Վա­­րու­­ժա­­­նի «Առ­­կայծ Ճրա­­գ» բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը։ Ան­­ցեալ տա­­րի լոյս տե­­սաւ «Հե­­թանոս Եր­­գեր» ժո­­ղոուա­­ծուին մէջ.

- Այո, կար­­դա­­­ցի։ Թէեւ ծա­­ւալով փոքր էր, բայց բո­­վան­­դա­­­կու­­թեամբ՝ շատ խոր։

- Ող­­բերգու­­թիւն մը. վեր­­ջին երկտո­­ղը կը յի­­շէ՞ք. «Հե­­րոս տղաս հոն զար­­նուա՜ծ է սրտէն / Ա՜խ հարս, ճրագդ մա­­րէ՜...»։ Պա­­րոն ստու­­գա­­բանու­թիւն լամ­բա­կէն կ՚անցնի նաեւ... թշնա­միի փամ­փուշտը։ Այն ատեն արիւն չի վա­զեր նա­հատա­կի կուրծքէն, «կը ծաղ­կի կար­միր շու­շան», ինչպէս բա­նաս­տեղծը կը գրէ։ Ես կը լսեմ ահա­ւոր օրե­րու ոտ­նա­ձայննե­րը։ Պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, խա­ղաղու­թեան եւ սի­րոյ նշան­ներ միայն թող կա­խուին լամ­բակնե­րուն վրայ։

- Սիրոյ անմեղ շուշաններ՝ միայն։