ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՄԵՏԱՂ

Կը մօտենայ 1905-ի ձմեռը։ Անիի մէջ հնաբան Թորոս Թո­րամա­նեանին եւ պե­ղումներ կա­տարող ար­շա­ւախումբին վեր­ջին օրն է։ Հոն են նաեւ աշ­խա­տանքնե­րուն ռուս առաջ­նորդը Նի­կողա­յոս Մա­ռը եւ գե­ղան­կա­րիչ Ար­շակ Ֆէթ­վա­ճեանը։ Վեր­ջի­նը հիւ­րա­բար Անի եկած է հնու­թիւննե­րը նկա­րելու հա­մար։ Սուրբ Աս­տուածա­ծին մայր տա­ճարին առ­ջեւ, պարզ սե­ղանի մը շուրջ կը նստինք։ Սե­ղանին գլխա­ւոր եւ ամե­նէն ներ­կա­յանա­լի առար­կան պղնձեայ սա­մովար մըն է, հան­դերձ իր ճեր­մակ յախ­ճա­պակի թէ­յամա­նով։

- Մե­զի հա­մար, կ՚ըսէ Մա­ռը, թէյ խմե­լը ծի­սակա­տարու­թիւն մըն է։ Ռու­սաստա­նի մէջ կայ «սա­մովա­րին շուրջ նստիլ» ար­տա­յայ­տութիւ­նը, այ­սինքն ըն­կե­րային եր­կար զրոյցներ ու­նե­նալ գա­ւաթ մը թէ­յի հետ։

Եւ պղնձեայ այդ սա­մովա­րին մէջ եռա­ցող թէ­յը կը բա­նայ Անիի մէջ յայտնա­բերուած առար­կա­ներու մա­սին խօ­սակ­ցութիւն։

- Պե­ղումնե­րու այս եղա­նակը անսպա­սելիօրէն ար­դիւնա­բեր էր, կ՚ըսէ Մա­ռը։ Կա­ւէ աման­նե­րը, ար­ձա­նիկ­նե­րը, փայ­տա­փորագ­րուած գրքա­կալ­նե­րը՝ բո­լորը կը մտա­ծենք հա­ւաքել, դա­սաւո­րել, ապա ցու­ցադրել թան­գա­րանի մը մէջ։ Յար­մա­րագոյն շի­նու­թիւնը հա­մոզուած եմ, թէ մաք­սա­տունն է։

Իսկ Թո­րամա­նեանը յափշտա­կուած կ՚երե­ւի մե­տաղեայ գտա­ծոնե­րով.

- Երե­ւան հա­նեցինք հա­րիւ­րա­ւոր կեն­ցա­ղային առար­կա­ներ.... Բայց առա­ւել տպա­ւորիչ էին եր­կա­թէ, պղին­ձէ, ար­ծա­թէ եւ ոս­կիէ շի­նուած եկե­ղեցա­կան իրե­րը. մեծ ու փոքր խա­չեր, բուրվառ­ներ, սկիհ­ներ, ճար­մանդներ, գօ­տիներ, սուր մը եւ եռո­տանի աշ­տա­նակ­ներ։ Բո­լորին մէջ ամե­նէն տպա­ւորի­չը՝ Ս. Աս­տուածա­ծին մայր տա­ճարի ջա­հը... Եօթա­նասուն սան­տիմ տրա­մագիծ ու­նե­ցող շրջա­նակ մըն է, որ ըն­դուներ է 114 գու­նա­ւոր ապա­կի լապ­տերներ։ Ու­նի տաս­ներկու թեւ, որոնք զար­դա­րուած են ար­ծիւնե­րով, վի­շապ­նե­րով եւ պղնձեայ վեց աղաւ­նի­ներով։

- Պա­րոն­ներ, ստու­գա­բանա­կանօ­րէն, -պէտք կ՚ըլ­լայ աւելցնել-, ձեր երե­ւան հա­նած բո­լոր առար­կա­ները «մե­տաղ­ներ» են։ «Մե­տաղ»ը յու­նա­րէն փո­խառու­թիւն է, բու­նը՝ μέταλλον, մե­տալ­լոն.- հանք, հա­նածոյ, մե­տաղ եւ ջուր հա­նելու հա­մար բա­ցուած փոս։ Անոր ար­մատներն են յու­նա­րէն եր­կու բա­յեր. «մե­տալ­լաօ»՝ փնտռել, քննել, հարցնել, որո­նել, խու­զարկել, «մե­տալ­լան»՝ պրպտել, որո­նել, հե­տախոյզ ըլ­լալ, հե­տապնդել։ Ուստի ի՛նչ որ բահն ու բրի­չը լոյս աշ­խարհ կը բե­րեն՝ եր­կաթ ու ար­ծաթ, կաւ ու փայտ, կամ ջուր, կամ քա­րիւղ՝ բո­լորն ալ «մե­տաղ» են։

- Մե­տաղը, (կը մի­ջամ­տէ Ֆէթ­վա­ճեանը), երկրա­բան­նե­րու եւ հնա­բան­նե­րուն հա­մար հա­րուստ գիւտ է, բայց յան­ցա­գոր­ծե­րու հա­մար՝ պա­տիժ։ Ինչպէս լա­տին­նե­րու «damnare in metallum» եւ «condamnare ad metalla» ար­տա­յայ­տութիւննե­րը կը վկա­յեն, «մե­տաղք» բա­ռը «տա­ժանա­կիր աշ­խա­տանք» է, «աք­սո­րավայր», ուր դա­տապարտեալ­նե­րը կ՚աշ­խա­տին հան­քե­րու մէջ։

- Իսկ մեր լե­զուին հա­մար իս­կա­կան հարստու­թիւն եղաւ ան. մե­տաղա­բան, մե­տաղա­գործ, մե­տաղա­ձոյլ, մե­տաղեայ, մե­տաղա­պարան, մե­տաղան­ման... Պա­րոն Ֆէթ­վա­ճեան, Պա­քուի ձեր նկար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը մեծ ար­ձա­գանգ գտաւ։ Իսկ այժմ գրա­խանութնե­րու մէջ կը տես­նեմ բա­ցիկ­ներ, ուր պատ­կե­րուած են Անիի աւե­րակ­նե­րուն նուիրուած ձեր ջրա­ներկ աշ­խա­տանքնե­րը։

- Վիեն­նա­յի մէջ տպուեցան անոնք։ 15 հատ են։ Իսկ հի­մա կ՚ու­զեմ մայր տա­ճարը նկա­րել։ Մեծ ջրա­ներկ մը պի­տի ըլ­լայ, մօ­տաւո­րապէս յի­սու­նով եօթա­նասուն սան­տիմ։

Երբ ար­շա­ւախումբի հա­ւատա­րիմ ծա­ռան կը լեց­նէ մեր պար­պած բա­ժակ­նե­րը, բո­լորս կ՚անդրա­դառ­նանք, թէ այս զրոյ­ցը կը պար­տինք «սա­մովա­րին»։ Չենք ու­զեր զայն ան­տե­սել ու կը ստու­գենք այդ բառն ալ։ Մա­ռը հպար­տութեամբ կը բա­ցատ­րէ.

- Ռու­սե­րէն է. կազ­մուած է «սա­մօ»՝ ինք, եւ «վա­րիտ»՝ եռալ բա­ռերով։

- Կրնանք ան­մի­ջապէս հա­յաց­նել. «ինքնաեռ»։

- Պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, կը խնդրէ Ֆէթ­վա­ճեանը, հա­ճեցէք Պա­րոն Թո­րամա­նեանը եւ զիս լու­սանկա­րել։ Ասի­կա մեր հրա­ժեշ­տի թէյն է։

- Ան­կասկած սա­մովարն ալ կ՚ու­զէք նկա­րին մէջ։

- Ան­շուշտ։ Ան մե­տաղ­նե­րուն ամե­նէն բու­րումնա­ւէտն է եւ այս զրոյցին հերոսը։

Ձախին՝ Արշակ Ֆէթվաճեան

Աջին՝ Թորոս Թորամանեան

1905, Անի