«Յիմարութեան շարասիւնով հասանք այս կէտին»

Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան «Ակօս»էն Պարոյր Գույումճեանին տուած պատասխաններով այսպէս կը նկարագրէ իսթանպուլահայութեան ներկայ իրավիճակը։

Թղթակիցը յիշելով Սուրբ Զատկի նախօրեակին պատրիարքական երկու թեկնածուներու՝ Գարեգին Արք. Պէքճեանի եւ Սեպուհ Արք. Չուլճեանի թերթի էջերուն լոյս տեսած արտայայտութիւնները, կը հարցնէ Սահակ Սրբազանի թեկնածութեան մասին։ Սրբազանը կը խուսափի կանխաւ յայտարարութիւններով խաղաղ ծովը ալեկոծելէ։ «Մեծ յաւակնութիւններ չունիմ։ Եթէ ինձմէ պահանջուի, չեմ խուսափիր որեւէ պարտականութենէ։ Ես առանց պատրիարքի աթոռ բարձրանալու կրնամ ընել իմ հոգեւոր ծառայութիւնները։ Խորհուրդ կու տամ, որ մեր թեկնածու ներկայացած հոգեւոր եղբայրները հակառակ հեռուէն ճառելու, աւելի յաճախ այցելեն այս աթոռը եւ շփուին ժողովուրդի հետ»։

Սահակ Սրբազան յիմարութիւններու շարասիւն կը համարէ բոլոր այն սխալ որոշումները, որոնց հետեւանքով չիրականացաւ պատրիարքի ընտրութիւնը։ «Մեր սիրելի պատրիարքի հիւանդութեամբ արդէն թափուր մնացած էր Պատրիարքական աթոռը։ Սակայն կարգ մը յիմարներ այս իրողութիւնը համարեցին պատրիարքի դէմ դաւաճանութիւն։ Ես այս իրողութիւնը 2008-ին մատնանշած էի, բայց զիս մեղադրեցին պատրիարք ըլլալու ցանկութեամբ տառապող երիտասարդ եպիսկոպոս մը ըլլալով։ Ի զուր տեղ ժամանակ վատնեցինք՝ աթոռակից, հրաշքի հաւատացող կամ ցկեանս գահակալութիւն ու նման պատմութիւններու հետեւանքով։ Ընթացքը չէ փոխուած, այսօր ա՛լ ոչ ոք կը համարձակի խոստավանելու, թէ Պատրիարքական աթոռը թափուր է»։

Սրբազանը կը մեղադրէ նաեւ ընտրութեան համար կատարուած դիմումներու հակասութիւնը։ «Ի՞նչպէս կ՚ըլլայ, որ մենք նոր պատրիարք մը ընտրելու աղերսագրին մէջ կը նշենք նաեւ, թէ կը հաւատանք պատրիարքի ցկեանս գահակալութեան։ Այս պայմաններուն մէջ պետութիւնը չենք կրնար մեղադրել։ Արամ Սրբազանի 2009 եւ 2015 թուականներուն իշխանութեան փոխանցած աղերսագիրներուն մէջ այս հակասութիւն յստակ է։ Բնական է, որ պատասխան մը չենք ստանար։ Մենք նախ պէտք է յայտարարենք, որ պատրիարք մը չունինք այլեւս։ Այդ հանգոյցը լուծելէն ետք եթէ պետութիւնը շարունակէ նոր ընտրութեան մը արգելք ըլլալ այն ատեն մեր իրաւունքը կը պահանջենք ամէն գնով»։

Գույումճեանը կը հարցնէ, թէ պոլսահայ հասարակութիւնը իր աշխարհիկ ու կրօնական միաւորումներով ինչպէ՞ս պիտի կրնայ Աթոռին թափուր ըլլալը յայտարարել։ «Կը յիշեմ որ եօթը տարիներ առաջ ալ նման բնոյթով հարցումի մը պատասխանած էի։ Պետութիւնը երկրի փոքրամասնութիւնները կը դիտէ որպէս կրօնական համայնքներ։ Այս առումով ալ մենք ներկայիս ընտրուած երեք իշխանութիւն ունինք։ Առաջինը՝ պատրիարքն է։ Յետոյ կու գայ պատրիարքին հետ ընտրուած ու պաշտօնակոչուած ինը հոգիներէ բաղկացող կրօնական ժողովը։ Ի վերջոյ թաղական խորհուրդները եւ ազգային հիմնարկներու ներկայացուցիչները։ Պատրիարքի ընտրութիւնը մեր մօտ ազգային գործողութիւն մըն է։ Աշխարհականները աւելի կարեւոր դեր կը ստանձնեն, քան հոգեւորականները։ Սակայն այս վերջինները չեն գիտակցիր իրենց իրաւասնութիւններու սահմանին։ ՎԱՏԻՓ անոնց միասնութիւնն է, բայց դժբախտաբար չէ կրցած արդարացնել իր գոյութիւնը։ Արամ Սրբազան նախապէս ըսած էր, թէ պոլսահայութեան 80 տոկոսին հոգը անգամ չէ, թէ Պատրիարքական աթոռը թափուր է թէ ոչ։ Ես պիտի ըսեմ 90 տոկոսը։ Սակայն վհատելու պատճառ չկայ, հայ ժողովուրդի մօտ այդ մնացեալ 10 տոկոսը բաւարար է որ գտնուին լուծման եղանակներ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ