ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԽԱՆՈՒԹ

- Բարեւ, կրնա՞նք հինգ հոգի նստիլ,- թաքսիին վարորդը կը տեսնէ, թէ մեր չորս աշակերտները նիհարակազմ են՝ ձեռքի շարժումով մը ներս կ՚ընդունի մեզ։

- Ո՞ւր էք ուզում գնալ։

- Ֆութպո­լի իս­կա­կան գնդակ ծա­խող խա­նութ մը... Բայց արագ կրնա՞նք ընել, կէս ժամ վերջ մրցում ու­նինք։

Երբ թաք­սին կը սկսի սու­րալ Երե­ւանի փո­ղոց­նե­րուն մէջ, Հա­լապեան պո­ղոտա­յէն, Թու­մօ դպրոց-կեդ­րո­նէն սկսող եւ գլխու պտոյտ տո­ւող շրջան մը կ՚ու­նե­նանք մայ­րա­քաղա­քի տե­սակա­ւոր խա­նութնե­րու եւ «խա­նութ» բա­ռի պատ­մութեան մէջ.

- Ուշ էք մնա­ցել, եօթ անց կէս է։ Այս ժա­մին խա­նութնե­րը կը փա­կեն։

- Գնդակ ու­նէինք իրա­կանու­թեան մէջ, բայց հի­մա չու­նինք։ Կիւմրի գա­ցեր էինք, հոն ման­կա­տան երե­խանե­րուն հետ կը խա­ղայինք։ Անոնք ալ կար­ծե­ցին, թէ գնդա­կը նո­ւէր բե­րած ենք իրենց հա­մար։

Մեր վա­րոր­դը յան­կարծ ոտք կը դնէ ինքնա­շար­ժի ար­գե­լարա­նին վրայ։ Մայ­թի վրայ խա­ղալիք­ներ, գնդակ­ներ ծա­խող պա­ռաւ մը։ Կ՚իջ­նենք։ Քա­ղաքի ամե­նէն փոքր խա­նո՞ւթն է, սա։ Եր­կու աղիւս եւ վրան՝ տախ­տակ մը։ Ամէն ինչ կայ՝ ֆութպո­լի իս­կա­կան գնդակ չկայ։

«Խա­նութ» բա­ռը հին է, որ­քան հին են ար­հեստնե­րը։ Ե. դա­րէն սկսեալ տեղ գտած է մեր մա­տենագ­րութեան մէջ։ Արա­մերէն փո­խառու­թիւն է։ Բու­նը՝ «խա­նու­թա»։

Աբո­վեանի վրայ ենք։ Adidas ըն­կե­րութեան խա­նու­թը։ Ու­նին կո­ղովագնդա­կի, թէ­նիսի, փինկ-փոն­կի եւ այլ մար­զանքնե­րու բո­լոր գնդակ­նե­րը։ Ոտ­նագնդա՞կ... «Վեր­ջա­ցաւ»,- կ՚ըլ­լայ անոնց պա­տաս­խա­նը։

«Խա­նութ» բա­ռը կու գայ արա­մերէն «խնթ» ար­մա­տէն։ Կը նշա­նակէ ծռել, կո­րաց­նել, կա­մարել, կա­մարի տակ առ­նել։ Մի­ջագետ­քի մէջ առա­ջին խա­նութնե­րը թա­ղածածկ, այ­սինքն կա­մարա­կապ խու­ցեր են եղած, սե­նեակ, նկուղ, կամ՝ մա­ռան։ Խա­նութնե­րը նախ եղած են պա­հես­տա­նոց­ներ, մթե­րանոց­ներ, ապա՝ առու­ծա­խի տե­ղեր։

Վա­րոր­դը կը յի­շէ աւե­լի մեծ խա­նութ մը. Piccolino։ Արագ ետ­դարձ՝ ու Սա­յաթ-Նո­վայի ծայ­րա­մասն ենք։ Ար­դիական ճա­շակով, ժա­մանա­կակից ձե­ւաւո­րու­մով, ներ­կա­յանա­լի ման­կա­կան խա­նութ։ Բո­լոր լոյ­սե­րը վառ են։ Ու­րա­խու­թեամբ կ՚իջ­նենք։ Ցու­ցա­փեղ­կի վրայ է ան. Fifa 2014-ի պաշ­տօ­նական գնդա­կի տե­սակը։ Կը փոր­ձենք դու­ռը բա­նալ։ Ապար­դիւն։ «ՓԱԿ Է»։ Դրան վրայ կը նկա­տենք աշ­խա­տան­քա­յին ժա­մերը՝ «11։00-8։00»։

«Խա­նութ» բա­ռը հարստու­թիւն տո­ւած է մեր լե­զուին. խա­նութպան, խա­նու­թա­տէր, խա­նութչէք, խա­նութք ալեաց «ծո­վու խո­րագոյն խոր­շե­րը»։ Իսկ Պոլ­սոյ մէջ «հա­նութճի» են անոնք, որոնք տո­կոսի կամ վար­ձատրու­թեան փո­խարէն յա­ճախորդներ, մա­նաւանդ՝ զբօ­սաշրջիկ­ներ կը բե­րեն խա­նութ։ Ասոնք աչ­քը բաց տե­սակն են։ Իսկ «խա­նու­թը բաց է» կ՚ըսենք անոնց, որոնք վեր­ջիննե­րուն չափ ար­թուն չեն, երբ, -ըստ Մալ­խա­սեանի Բա­ցատ­րա­կան բա­ռարա­նին՝- «շալ­վա­րի կո­ճակ­նե­րը բաց են, կոճ­կած չեն»։

Յու­սա­հատ ենք։ Մեր խումբը եւ Թու­մո­յին խումբը Հրազ­դա­նի կիր­ճին մէջ, Թու­մա­նեանի այ­գիին մէջ մեզ կը սպա­սեն։ Վա­րոր­դը, հնա­րամիտ մարդ, մեզ ներս կը կան­չէ։ Ծայ­րէ ծայր պի­տի կտրենք քա­ղաքը, հաս­նե­լու հա­մար Երե­ւանեան խա­նութնե­րու ամե­նամե­ծին. Dalma garden Mall։

- Սի­րելի­ներ, -կ՚աւելցնեմ- ձեր մեծ հայ­րե­րը եւ անոնց հայ­րե­րը, իրենց ու­րոյն բար­բա­ռով բա­ցեր են խա­նութներ եւ հա­ցի դրամ շա­հեր են. Զէյ­թունի, Կա­րինի, Հաճ­նոյ, Սե­բաս­տիոյ, Երե­ւանի մէջ «խա­նութ»ը մնա­ցեր է «խա­նութ»։ Իսկ Ոզ­միի մէջ դար­ձեր է «խա­նօւթ», Աս­լանպէ­կի մէջ՝ «խը­նիւթ» եւ Համ­շէ­նի մէջ՝ «խօ­նութ»։

Չորս աշա­կեր­տուհի­ներու հա­մար տե­սար­ժան պտոյտ մը կը դառ­նայ այս ար­կա­ծախնդրու­թիւնը։ Մեծ ու փոքր պո­ղոտա­ներ, փո­ղոց­ներ, տե­սակա­ւոր խա­նութներ... Երե­ւանը եւ իր խա­նութնե­րը աւե­լի գե­ղեցիկ են գի­շեր­նե­րը։ Մու­թը կը ծած­կէ թե­րու­թիւննե­րը։ Ամէն տեղ եռու­զեռ մը կայ։ Խա­նութներ մտնող ել­լող յա­ճախորդներ, մայ­թե­րու վրայ խա­նութնե­րէն առ­նո­ւած տոպ­րակնե­րով տուն վե­րադար­ձողներ... Թաք­սիի պա­տու­հա­նէն կար­ծես շար­ժանկար մըն է, որ կը դի­տենք։

«Մոլ»ը լու­սա­ւոր շքե­ղու­թիւն մըն է, 116 ճա­շակա­ւոր խա­նութնե­րու հա­ւաքա­ծոյ։ Կը նե­րէք, -կը մօ­տենանք պաշ­տօ­նեայի մը- ֆութպո­լի իս­կա­կան գնդակ ծա­խող խա­նութ մը կա՞յ։

Ֆութպո­լի իս­կա­կան գնդա­կով դուրս կ՚ել­լենք։ Դե­ղին ու կար­միր է։ Վրան գրո­ւած է Manchester United։ Մտա­ծեր ենք նաեւ մէ­կական պաղ­պա­ղակ առ­նել։

- Պա­րոն, այս գնդա­կը ինչպէ՞ս ին­կեր է հոս։

- Դժո­ւար հար­ցում, Փա­թի՛լ։ Աւե­լի դիւ­րին էր բա­ցատ­րել, թէ «խա­նութ»ը ինչպէս եկեր է հոս... Եր­թանք։ Խա­ղը թող սկսի։

Թու­մո­յի խումբը լաւ մար­զո­ւած է։ Մեր բեր­դը կը դառ­նայ ինը կո­լերու «խա­նութ»։ Անձրե­ւի տակ հիւ­րա­նոց կը վե­րադառ­նանք։ Բա­ցի ճա­շարան­նե­րէն եւ շուրջօ­րեայ «սու­պերմար­կետ»նե­րէն՝ բո­լոր խա­նութնե­րը,- ճամ­բա­ներու վրայ դրո­ւած սե­ղանիկ­նե­րը, կրպակ­նե­րը, վա­ճառա­նոց­նե­րը, գրա­խանութնե­րը... բո­լորը փակ են։ Իսկ յա­ջորդ օր, 9-ին, 10-ին կամ 11-ին, անոնք դար­ձեալ պի­տի բա­ցուին ու բո­լորը հա­ցի դրամ շա­հելու եռու­զե­ռին մէջ պիտի ըլլան։