Բարի եկար Աշոտ

Աշոտ Եան՝ նախ աւար­տած է Երե­ւանի Յա­կոբ Կո­ճոյեանի անուան արուես­տի դպրո­ցը, ապա ըն­դունուած է Երե­ւանի Գե­ղարուես­տի Ակա­դեմիա եւ աւար­տած է 2006 թուակա­նին։ Ան Երե­ւանի թիւ 2 դպրո­ցին մէջ երեք տա­րի գե­ղան­կարչու­թիւն դա­սաւան­դած է եւ հի­մա կ՚աշ­խա­տի իր սե­փական արուես­տա­նոցին մէջ։

Իս­թանպուլ եր­րորդ ան­գամ այ­ցե­լող գե­ղանը­կա­րիչը եր­­կու ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի պի­­տի մաս­­նակցի։ 5 Մա­­յիս ժա­­մը 17։00-ին Գը­­զըլ­­թոփրաք՝ «Իմո­­կա Արդ Կա­­լէրի»ի մէջ բա­­ցու­­մը կա­­յանա­­լիք առա­­ջին ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը իւ­­ղա­­­ներ­­կի ցու­­ցա­­­հան­­դէս մըն է եւ իր հետ ու­­նի ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի տէր ուր երկրորդ արուես­­տա­­­գէտ մը՝ Արծրու­­նի Ապ­­րե­­­սեանը։ «Եր­­կու Հա­­յեացք» անու­­նով այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը «Իմո­­կա Արդ Կա­­լէրի»ի եւ «3B4»ի եր­­կաշխա­­տու­­թիւնով հան­­դէս կու գայ։ Աշոտ եկած է նաեւ ան­­հա­­­տական կրա­­ֆիքի ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի մը, ուր բա­­ցու­­մը պի­­տի կա­­յանայ 7 Մա­­յիսին Իս­­թանպու­­լի Կրա­­ֆիքի Թան­­գա­­­րանին մէջ։ Եր­­կու ցու­­ցա­­­հան­­դէսներն ալ պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կուին մին­­չեւ 27 Մա­­յիս Ուրբաթ օր։

Լուսյէն Քո­­փար- Երկրորդ ան­­գամ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի մը հա­­մար Իս­­թանպուլ եկած էք։ Պոլ­­սոյ մէջ ձեր առա­­ջին ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը ինչպէ՞ս ան­­ցաւ, հա­­յեր եկած էին։

Աշոտ Եան- Շատ յա­­ջող ան­­ցած էր։ Որա­­կով, բարձր մա­­կար­­դա­­­կի կազ­­մա­­­կեր­­պութեան մը հետ աշ­­խա­­­տած էի։ Քուրվա­­թէօրս Պայ­­քար Տէ­­միրն էր, որ պոլ­­սա­­­հայ մըն է եւ հի­­մա ալ միասին կ՚աշ­­խա­­­տինք։ Վա­­ճառքն ալ յա­­ջող էր։ Բայց հա­­յեր քիչ մաս­­նակցած էին։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի մի­­ջոցաւ քա­­նի մը հայ նկա­­րիչ­­նե­­­րու հետ ծա­­նօթա­­ցած էի։

Լ. Ք.- Ինչպէ՞ս ծա­­գեցաւ Իս­­թանպու­­լի Կրա­­ֆիքի Թան­­գա­­­րանին մէջ ցու­­ցա­­­հան­­դէս մը կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու ծրա­­գիրը։

Ա. Ե.- Այս ան­­գամ ին­­ծի հա­­մար կա­­րեւո­­րը վա­­ճառ­­քը չէր։ Առա­­ջին ան­­գամ թան­­գա­­­րանի մէջ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի մը պի­­տի մաս­­նակցիմ։ Կրա­­ֆիքի Թան­­գա­­­րանի տնօ­­րէնը քուրվա­­թէօրս Պայ­­քա­­­րի մի­­ջոցաւ ին­­ծի առա­­ջարկ բե­­րաւ։ Սա ամէն երի­­տասարդ նկա­­րիչի հա­­մար մեծ պա­­տիւ է։ Պա­­տաս­­խա­­­նատուու­­թեամբ գոր­­ծի լծուեցայ, մօտ եր­­կու տա­­րի աշ­­խա­­­տեցայ եւ այ­­սօր 56 նկար­­նե­­­րով այստեղ եմ։

Լ. Ք.- Ձեր ցուցահանդէսը կը կոչուի «Ամնեզիա», ինչո՞ւ ընտրած էք այն անունը։

Ա. Ե.- Շար­­քը կը կո­­չուի Ամ­­նե­­­զիա։ Ամ­­նե­­­զիա հի­­ւան­­դութեան մը անունն է։ Յի­­շողու­­թեան ժա­­մանա­­կաւոր կո­­րուստի հի­­ւան­­դութիւն է։ Ես որ փի­­լիսո­­փայա­­կան նա­­յիմ այս թե­­մային կը մտա­­ծեմ որ մարդ արա­­րածը եթէ ան­­ցեալէն դրուագ­­ներ չի յի­­շեր, դա­­տարկ չկրնար մնալ իր այն մա­­սը եւ ինքնի­­րեն ար­­հեստա­­կան ան­ցեալ կը ստեղ­­ծէ ու կը զբա­­ղուի անոր հետ։ Որով­­հե­­­տեւ մար­­դը առանց յի­­շողու­­թեան չի կրնար ապ­­րիլ։

Լ. Ք.- Ան­­մե­­­զիա շար­­քին մէջէն սրտիդ ամենէն մօտիկ նկա­­րը ո՞րն է։

Ա. Ե.- Ադամ եւ Եւա անու­­նով նկար մը ու­­նիմ։ Ամ­­բողջ շար­­քը այս նկա­­րով սկսաւ։ Նոր մօ­­տեցում մըն է։ Սո­­վորա­­կանէն դուրս։ Գե­րիրա­­պաշտ տե­­սան­­կիւնէն նա­­յած եմ։ Ադամ եւ Եւա Ալ­­մո­­­լորա­­կային­­նե­­­րու տես­­քով նկա­­րած եմ։ Մի գու­­ցէ աշ­­խարհը ասանկ ստեղ­­ծուած է կամ եթէ այսպէս ստեղ­­ծուէր յե­­տոյ ի՞նչ կ՚ըլ­­լար, տե­­սան­­կիւնն է։

Լ. Ք.- Ամ­­նե­­­զիա շար­­քին ի՞նչ մտա­­ծումնե­­րով սկսար։

Ա. Ե.- Տար­­բեր մտա­­ծում եւ զգա­­ցումնե­­րով սկսայ նկա­­րել։ Չար ու բա­­րի, աշ­­խարհի պատ­­մութիւ­­նը… Ես միշտ մտա­­ծած եմ որ ինչ ինչ թուակա­­նին սա պա­­տերազ­­մը չըլ­­լար աշ­­խարհը ինչպէս կ՚ըլ­­լար։ Կամ երբեմն կը մտա­­ծեմ որ, եթէ այդ պա­­տերազ­­մը չըլ­­լար աւե­­լի վատ բան մը կրնա՞ր պա­­տահիլ։

Լ. Ք.- Ո՞ր նկա­­րով աւար­­տե­­­ցիր շարքդ։

Ա. Ե.- «Աս­­տուած­­նե­­­րու Պար» նկա­­րով աւար­­տե­­­ցի շարքս։ Այս նկա­­րը թան­­գա­­­րանին տնօ­­րէնին Սիւ­­լէյման Թէք­­ճա­­­նին նուիրած եմ։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սէն ետք իրեն պի­­տի յանձնեմ։

Լ. Ք.- Կը թուիք հետաքրքրուած հայկական դիցաբանութեամբ։ Ո՞ր չաստուածը հարազատ է ձեզի։

Ա. Ե.- Պտղա­­բերու­­թեան չաս­­տուած Անա­­հիտը ին­­ծի ամե­­նահա­­րազատ չաս­­տուածն է. քա­­նի որ կի­­նը յղիացած ատեն կը նմա­­նի տիեզեր­­քի։ Ինչպէս տիեզեր­­քէն կը ծնի աստղեր, նոյնպէս ալ կի­­նէն կը ծնի երա­­խաներ։

Լ. Ք.- Նկար մը աւարտելը որքա՞ն ժամանակ կը տեւէ։

Ա. Ե.- Անանկ չեմ կրնար ըսել, որով­­հե­­­տեւ ես քա­­նի մը նկար միասին կը սկսիմ։ Կարգ մը ատեն լմնցած է ըսած նկար­­նե­­­րուս ան­­գամ կ՚անդրա­­դառ­­նամ ու կրկին փոփոխութիւններ կ՚ընեմ։ Սա երազ­­նե­­­րու աշ­­խարհ է։ Կ՚երա­­զեմ ու կը գծեմ։

Լ. Ք.- Նկա­­րելու ժա­­մանակ ի՞նչ կը մտա­­ծես։

Ա. Ե.- Նկա­­րելու ժա­­մանակ կամ ոչ մի բա­­նի մա­­սին կը մտա­­ծեմ, կամ ամէն բա­­նի։ Կարծես որ կիժ ըլ­­լամ։ Ստեղ­­ծե­­­լու ժա­­մանակ ոչ մարդ ես, ոչ ալ երկնա­­յին, ինչ որ մէջ­­տեղ գտնուող էա՛կ։ Ես իրա­­կան աշ­­խարհէն չբա­­ւարա­­րուե­­լով իմ աշ­­խարհս կը ստեղ­­ծեմ։ Այն աշ­­խարհին մէջ ես հան­­գիստ կ՚ապ­­րիմ։

Լ. Ք.- Իս­­թանպուլ թե­­մայով նկար­­ներ ու­­նի՞ս։

Ա. Ե.- Ճիշդ Իս­­թանպուլ թե­­մայով նկար չու­­նիմ, բայց Իս­­թանպու­­լեան թե­­մայով «Թէյ Վա­­ճառո­­ղը» անուն գործ մը ու­­նիմ։ Նկա­­րը բե­­րած եմ։ Առա­­ջին իւ­­ղա­­­ներ­­կի ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին մաս կը կազ­­մէ։

Լ. Ք.- Իւ­­ղա­­­ներ­­կի ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի մա­­սին ի՞նչեր կրնաս ըսել։

Ա. Ե.- 5 Մա­­յիսին սկսող ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը պի­­տի կա­­յանայ Արծրու­­նի Ապ­­րե­­­սեանի հետ միասին։ Մենք ամէն մէկս անձնա­­կան տա­­սը իւ­­ղանկար­­նե­­­րով պի­­տի մաս­­նակցինք այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը թե­­մայ չու­­նի։

Լ. Ք.- Այս տա­­րի տար­­բեր թե­­մայով այլ ցու­­ցա­­­հան­­դէս մը պի­­տի ու­­նե­­­նա՞ս։ Ո՞ւր եւ ի՞նչ թե­­մայով է այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը։

Ա. Ե.- Դեկ­­տեմբե­­րին Պեռ­­լի­­­նի մէջ ցու­­ցա­­­հան­­դէս մը ու­­նիմ։ «Նոր Աս­­տուածա­­շունչ» կը կո­­չուի։ 33 նկար­­նե­­­րով պի­­տի մաս­­նակցիմ։ Դեռ այդ շա­­րքին վրայ կ՚աշ­­խա­­­տիմ։

Լ. Ք.- Ի՞նչ է քու երա­­նիդ, ի՞նչ է քու երա­­զան­­քը։

Ա. Ե.- Իմ սե­­փական դպրոցս ու­­նե­­­նալ եւ հա­­րուստ ըլ­լալ կ՚ու­զէի։ Այնպէ­սով Հա­յաս­տա­նի բո­լոր երա­խանե­րուն անվճար կրնա­յի դասաւանդել։