PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Պատասխանատուութիւն ապագայի առջեւ

Տարիներ առաջ «Մենք ու Մերոնք» սիւնակէն պոլսահայ հասարակութեան օրակարգին բերել փորձած էինք այս պատմական քաղաքին մէջ հայապատկան համալսարանի մը հիմնադրութեան նիւթը։ Խնդիրը արծարծած էինք դիտելով երկրէ ներս սունկի նման աճող յատուկ համալսարաններու երեւոյթը։

Համոզուած էինք, որ իբրեւ պոլսահայութիւն, եթէ հաւատանք նման տեսլականի մը, շատ աւելի հարուստ աղբիւրներ ունինք նման նպատակի մը իրագործման ձեռնարկելու համար։

Նախ եւ առաջ պետութիւնը խրախուսիչ բազմաթիւ միջոցներ ընձեռած է ուսման ոլորտէ ներս նախատեսուած ծրագիրներուն համար։ Բացի այդ, մեր միասնական կարողութիւններն ալ հրաշալի առիթներ կը պարգեւեն բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելու ուղղութեամբ։

Սակայն այս բոլորը իրականացնելու համար կը պակսէր միայն երկու բան՝ կամեցողութիւն եւ հաւատք։

Պոլսահայ համայնքային համալսարանի մը գաղափարը նախ դիտուեցաւ որպէս «ոչ իրատես երազանք»։ Համացանցի միջոցաւ բացատրողներ եղան թէ որքան դժուար բան է համալսարան մը հիմնել։ Նոյնիսկ օրինակներ թուարկողներ եղան «հապա ուրկէ՞ պիտի գտնես դիազննութեան համար պէտք եղած դիակը»։ Աւելի մեծ մտահոգութիւն էր համալսարանի մը պահանջած ծախսի դիմագրաւումը։ Ի վերջոյ մեր սովորական միտքը այս առաջարկը կը դիտէր իբրեւ համայնքի ուսերուն նոր բեռ մը։ «Մենք նախ մեր վարժարաններու խնդիրը լուծենք», կ՚ըսէին։ Չէին հասկցած, որ յատուկ համալսարանի դրութիւնը ո՛չ թէ գումար սպառելու այլ, տեղին կարգադրութիւններու պարագային, գումար կուտակելու միջոց էր։ Ամէն անկիւնէ յայտնուող յատուկ համալսարաններու հիմնադրութեան ետին անշուշտ որ կար շահոյթ ապահովելու հեռանկարը։ Իսկ մենք լաւ ծրագրուած կառոյցով մը պիտի կրնայինք մէկ կողմէն մեր վարժարաններուն համար ուսուցիչ պատրաստել, միւս կողմէ երկրի երիտասարդութեան ներկայանալ պարծանք պատճառող հաստատութիւնով մը։ Ինքնին «Սուրբ Փրկիչ բժշկական համալսարան» անունը անգամ հպարտութեան առիթ է։ Մենք այդ անուանումի տակ բժշկական ասպարէզի զանազան մակարդակի մասնագէտներ պատրաստելու համար շատ աւելի լայն հնարաւորութիւններ ունինք, քան որեւէ յատուկ համալսարան։ Դեռ ատոր կողքին երեւակայեցէք մանկավարժական համալսարան մը, որ պիտի կրնայ հայերէնի եւ այլ դասանիւթերու ուսուցիչները պատրաստել։

Այս բոլորը ստիպուած չենք յօդուածի մը սահմանափակ տարողութեան մէջ դեղատոմսի մը նման շարադրելու։ Եթէ գոյանայ հարկ եղած հաւատքը եւ կամեցողութիւնը, բոլոր մանրամասնութիւնները կը ճշդուին նիւթին տիրապետող անձանց խորհրդածութիւնով։

Նիւթը անգամ մը եւս մեր յիշողութեան մէջ մարմնաւորուեցաւ Պաքըրգիւղի Տատեան Վարժարանի հին շէնքի վարձուելու խնդիրով։ Նախկին սաներու քննադատութիւններուն դիմաց թաղական խորհուրդի ատենապետը կ՚ըսէր, թէ ինք շատ փափաքած է աւելի ազգանպաստ նպատակով մը շէնքը օգտագործել, օրինակի համար համայնքային համալսարանի մը որոշ մէկ բաժնին վերածել։ Ան կ՚ընդվզի, որ ոչ ոք ձայնակցած է այս մասին իր դիմումներուն։

Տիար Մեսուտ Էօզտէմիրի այս ելոյթը թող առիթ դառնայ որ անգամ մը եւս խորհրդածենք համայնքային համալսարանի մասին։

Ցաւօք հասարակական խնդիրներու շուրջ մեր պատասխանատուութեան զգացումը սահմանուած է այսօրով։ Հասկնալի է որ օրուայ պահանջները արդէն կը խլեն մեր կարողութիւններու կարեւոր բաժինը, բայց պարտաւոր ենք ապագայի մարտահրաւէրները կանխատեսել եւ այդ ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկել։