Պատերազմը հետզհետէ մտահոգիչ կը դառնայ

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹէՔԻՆ

uygargultekin@agos.com

Թուրքիոյ մէջ 7 Յու­նիս 2015-ի ընտրու­թիւննե­­րէն ետք հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագա­­հի ձեռ­­քով հրահ­­րուած պա­­տերազ­­մա­­­կան իրա­­վիճա­­կը հետզհե­­տէ ծա­­ւալե­­լով կը հաս­­նի խիստ մտա­­հոգիչ փու­­լե­­­րու։ Ահա­­բեկ­­չութեան դէմ պայ­­քա­­­րի քօ­­ղար­­կումով ներ­­կա­­­յացած զի­­նեալ բա­­խումնե­­րը ար­­դէն ուղղուած էին դէ­­պի քա­­ղաք­­ներ։ Իսկ 12 Մա­­յիսին այս բա­­խումնե­­րը ուղղուեցան քա­­ղաքա­­ցինե­­րուն։ Այսպէս, Տի­­յար­­պէ­­­քիրի պա­­տերազ­­մի դաշ­­տի վե­­րածուած Սուր թա­­ղամա­­սին մեր­­ձա­­­կայ գիւ­­ղա­­­կան տա­­րած­­քին մէջ պայ­­թուցիկ սար­­քե­­­րով լե­­ցուն ինքնա­­շարժ մը պայ­­թե­­­ցաւ, որու հե­­տեւան­­քով զո­­հուե­­ցան 16 խա­­ղաղ քա­­ղաքա­­ցիներ։ Պայ­­թումը այնքան հզօր էր որ առա­­ջին հեր­­թին յայտնա­­բերուեցան միայն չորս դիակ­­ներ։ Իսկ ապա գիւ­­ղա­­­ցիներ խու­­ճա­­­պահար սկսան փնտռել իրենց ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամնե­­րը։ Պայ­­թումէն ետք 12 ան­­ձեր ան­­յայտ կո­­րած էին։ Հա­­զիւ տեղ­­ւոյն վրա­­յէն հա­­ւաքուած մար­­մի­­­նի մա­­սերու քննար­­կումով յայտնի դար­­ձաւ որ կոր­­սուած­­նե­­­րը եւս մա­­հացած են դէպ­­քի վայ­­րը, բայց անոնց ան­­շունչ մար­­միննե­­րը այնքան խիստ բզքտուած են, որ մաս­­նա­­­գիտա­­կան քննու­­թիւնով միայն կա­­րելի եղաւ իրենց ինքնու­­թիւնը որո­­շել։

Ներ­­կայ դրու­­թեան մէջ տա­­կաւին չէ լու­­սա­­­բանուած պայ­­թումին պատ­­ճառնե­­րը։ Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան կը պնդէ, թէ պայ­­թումը տե­­ղի ու­­նե­­­ցած է երբ ահա­­բեկիչ­­նե­­­րը պայ­­թե­­­ցու­­ցած են գիւ­­ղա­­­ցինե­­րու դի­­մադ­­րութեան դէմ բեռ­­նա­­­ւորուած ինքնա­­շար­­ժը։ Սա­­կայն այս պնդու­­մը կաս­­կա­­­ծով կը դի­­տուի զա­­նազան­­նե­­­րու կող­­մէ։

ՀՓԿ, որ կը հան­­դի­­­սանայ ՓՔՔ-ի զի­նեալ միաւո­­րու­­մը, «Ֆը­­րաթ» լրա­­տու գոր­­ծա­­­կալու­­թեան ու­­ղարկեց լու­­սա­­­բանու­­թիւն մը, ուր թէեւ կ՚ըն­­դունի որ բեռ­­նա­­­տար ինքնա­­շար­­ժը կը պատ­­կա­­­նի իրեն, սա­­կայն պայ­­թումը պա­­տահած է հա­­րեւան գիւ­­ղե­­­րէն եկող կարգ մը տար­­րե­­­րուն՝ ինքնա­­շար­­ժին դէմ ար­­ձա­­­կած կրա­­կոց­­նե­­­րուն հե­­տեւան­­քով։ Միւս կող­­մէ ՀՏՓ-ի հա­­մանա­­խագահ Սե­­լահատ­­տին Տէ­­միր­­թաշ շատ խիստ ոճով քննա­­դատած է այս գոր­­ծո­­­ղու­­թիւնը եւ 15 Մա­­յիսին կա­­տարած յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով պա­­հան­­ջած է որ պա­­տաս­­խա­­­նատու­­ներ նե­­րողու­­թիւն խնդրեն ժո­­ղովուրդէն։

Մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու միու­­թիւններն ալ մտա­­հոգու­­թիւն կը յայտնեն որ դէպ­­քե­­­րը ստա­­ցած են ըն­­թացք մը՝ ուղղուելով դէ­­պի ժո­­ղովուրդը։ «Մազ­­լում-Տեր» միութեան Տի­­յար­­պէ­­­քիրի մաս­­նա­­­ճիւ­­ղը պայ­­թումէն ետք գիւղ այ­­ցե­­­լելով տե­­ղեկու­­թիւններ քա­­ղեց պա­­տահած­­նե­­­րուն մա­­սին։ Այդ կազ­­մէն Ռէ­­հա Մու­­հա­­­պիթօղ­­լուի հա­­մաձայն գիւ­­ղա­­­ցինե­­րը չեն ու­­զեր դէպ­­քի մա­­սին ար­­տա­­­յայ­­տուիլ։ «Շատ ան­­հանգիստ ենք դէպ­­քին մա­­մու­­լի էջե­­րուն վրայ փո­­խանցման եղա­­նակէն։ Այս առա­­ջին ստու­­գումնե­­րով յայտնի կը դառ­­նայ թէ դէպ­­քի պա­­տահ­­ման գոր­­ծընթա­­ցին մէջ գիւ­­ղա­­­ցինե­­րը չեն իմա­­ցած խնդրին եղե­­լու­­թիւնը։ Եթէ գիտ­­նա­­­յին որ ինքնա­­շար­­ժը ՓՔՔ-ին կը պատ­­կա­­­նի նման դի­­մադ­­րութիւն մը չէին ցու­­ցա­­­բերեր», ըսած է գիւ­­ղա­­­ցի մը։ Նշենք որ գիւ­­ղի մէջ երկրա­պահ­նե­րու միաւո­րում մըն ալ գո­յու­թիւն չունի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ