Հայ մշակոյթի հսկաներուն ձօնուած միջոցառում՝ «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ

Վերջին տարիներուն, երբ սանուց միութիւններու երդիկին տակ օրըստօրէ կը նահանջեն մշակութային ձեռնարկները, անդին դպրոցներ աշակերտներու կարողութեամբ կեանքի կոչուած բարձրորակ նախաձեռնութիւններով կը գերազանցեն իրենցմէ ակնկալուածը։ Տակաւին յիշողութիւններու մէջ թարմ են այն յաջող ելոյթները, որոնք իրականացած էին Կեդրոնականի կամ Տատեանի նման դպրոցներու ուսուցիչներուն ջանքերով։ Այդ շարքին կու գայ միանալու իսթանպուլաբնակ Հայաստանի քաղաքացիներու զաւակներուն յաճախած «Հրանդ Տինք» դպրոցի 12 Մայիսի գեղարուեստական միջոցառումը։ «Հրանդ Տինք» վարժարանի սաները իրենց հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Լիլիթ Պօղոսեանի եւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի բծախնդիր աշխատանքով ներկայացան հասարակութեան՝ պանծացնելու համար հայոց գրականութեան եւ երաժշտութեան երկու հսկաները՝ Կոմիտաս Վարդապետը եւ մեծ լոռեցի Յովհաննէս Թումանեանը։ Երկու մեծ անուններ, որոնք անուրանալի դրոշմ մը թողած են հայ մշակոյթին իրենց բերած փառաւոր նպաստով։ Ծրագիրը ունէր թէ՛ երաժշտական եւ թէ թատերական բնոյթ։ Այսպէս, աշակերտներ յաջողապէս ներկայացուցին հայ ժողովուրդի երկու հսկաներուն փառաւոր վաստակը։ Այստեղ ծրագրի թատերական մասի իրականացման համար գովելի աշխատանք տարաւ բեմական խօսքի ուսուցիչ Յարութիւն Գէորգեան։ Իսկ ծրագրի երաժշտական ձեւաւորումի մէջ ալ շատ կարեւոր դեր ստանձնեց երաժշտութեան ուսուցչուհի Աննա Գէորգեան։ Այս առթիւ դպրոցը ունեցած եղաւ երգչախումբ, որ երգեց «Հոյ Նազան», «Քէլէ Քէլէ», «Հայրապետական Օրհներգ» եւ այլ երգեր, ամենայն հարազատութեամբ։ Միջոցառումը իր աւարտին հասաւ այս անգամ ուսուցչական կազմի միասնաբար արտասանած Թումանեանի պատգամով՝

«Գործն է անմահ, լաւ իմացէք,

Որ խօսւում է դարէ դար,

Երնե՜կ նրան, ով իր գործով

Կ՚ապրի անվերջ, անդադար»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ