Ցեղասպանութիւնը Կիպրական մամուլի էջերուն

Հայկական ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Կիպրոսի ոգեկոչման յանձնախումբի նախաձեռնութիւններէն մէկն ալ 1914-1923 թուականներու միջեւ կիպրական մամուլի մէջ լոյս տեսած յօդուածներու հաւաքածոյ մըն է։ Երկլեզու այս հատորը հրատարակուեցաւ 2016-ի Ապրիլին, որ Նիկոսիոյ համալսարանին մէջ կայացած շնորհանդէսով մը ծանօթացուեցաւ հասարակութեան։

Անցեալին ալ նոյն բնոյթով հրատարակութիւններ կատարուած էին Սուրիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ։

Երկլեզու այս գիրքի նախաբանը գրուած է Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի կողմէ։ Իսկ մամուլէ քաղուած նիւթերը խմբագրած է Նիկոսիոյ համալսարանի պատմութեան բաժնի դասախօս Տոքթ. Էմիլիոս Սոլոմու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ