Երանելի օրերու Գ. տարեդարձը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍ­ԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Երեք տա­րի առաջ, Մա­յիս ամ­սու 27-րդ օրուան երե­կոյեան բռնկե­ցաւ Թաք­սի­մի Հրա­պարա­կը, ապա բո­վան­դակ Իս­թանպու­լը, Թուրքիոյ 81 քա­ղաք­նե­րը եւ հետզհե­տէ երկրի սահ­մաննե­րէն դուրս բռնու­թեան դէմ կամք դրսե­ւորող զան­գուած­նե­րը հրահ­րող կրա­կը։ Այդ օր ոչ ոք կրնար երե­ւակա­յել «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի մէջ քա­նի մը ծա­ռերուն կտրուիլը ար­գի­լելու հա­մար հսկողներուն դէմ ոս­տի­կան­նե­րու ան­հա­մեմատ բռնու­թեան հե­տեւանքնե­րը։ Ըն­դա­մէնը 25 կամ 30 բնա­պահ­պաններ էին, որոնք զբօ­սայ­գիի տեղ նախ­կին զօ­րանո­ցի մը տես­քով նոր առեւտրա­կան կեդ­րո­նի մը կա­ռուցման դէմ կը բո­ղոքէին։ Յատ­կա­պէս ալ ար­գելք ըլ­լալ կը ջա­նային այ­գիի բազ­մա­մեայ ծա­ռերու ար­մա­տախիլ ըլ­լա­լուն։ Ոս­տի­կան­ներ վայ­րա­գաբար յար­ձա­կեցան անոնց վրայ եւ դա­ժան ծե­ծով փոր­ձե­ցին այ­գիէն դուրս հա­նել։ Այս լու­րը կայ­ծա­կի արա­գութեամբ տա­րածուեցաւ սո­սեալ սան­ձե­րու մի­ջոցաւ։ Յա­ջոր­դող քա­նի մը ժամերու ըն­թացքին այ­գի փու­թա­ցող­նե­րուն թի­ւը կ՚են­թադրուէր հա­զար­նե­րով։ Այս եկող­ներն ալ ճա­շակե­ցին ոս­տի­կանա­կան բռնու­թիւնը։

Յա­ջորդ օր քան­դումի եւ ծա­ռահատ­ման աշ­խա­տու­թիւննե­րը վերսկսած էին եւ այդ պա­հուն ծա­նօթ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ Սըր­րը Սիւ­րէյյա Էօն­տէր յայտնուեցաւ քան­դիչ սար­քե­րու դի­մաց։ Այս զար­գա­ցումնե­րու ըն­թացքին կա­ռավա­րու­թեան են­թարկուած ԶԼՄ-ներ կը հա­ղոր­դէին ան­թե­ւուկնե­րու, փին­կուին­նե­րու մա­սին վա­ւերագ­րա­կան ֆիլմ մը։ Սա­կայն ան­տե­սելու այս ջան­քե­րը ի սպառ կը մնա­յին ժո­ղովուրդի դի­մադ­րութեան դի­մաց։ Քաղաքի ամէն կող­մէն զան­գուած­ներ կը փու­թա­յին Թաք­սի­մի հրա­պարակ։ Իշ­խա­նու­թիւննե­րը ճա­րահա­տու­թեան մատ­նուած էին։ Քա­ղաքի Ասիական ափէն դէ­պի Եւ­րո­պական ափը ժո­ղովուրդին հո­սան­քը կա­սեց­նե­լու հա­մար ընդհա­տեցին Վոս­փո­րի կա­մուրջնե­րու եր­թե­ւեկու­թիւնը։ Սա­կայն ոչ մէկ բան կրնար ար­գելք ըլ­լալ ժո­ղովուրդի կամ­քին։ Հե­ռուստա­կայան­նե­րը սկսան սփռել կա­մուրջը հե­տիոտն անցնող զան­գուած­նե­րու նկա­րը։

Երբ օրա­ցոյ­ցի էջե­րը կը նշէին 31 Մա­յիսը, ժո­ղովուրդը գրա­ւած էր զբօ­սայ­գին եւ Թաք­սի­մի հրա­պարա­կը։ Ոս­տի­կան­նե­րը իրենց հրկի­զուած քա­նի մը ինքնա­շարժնե­րը ետեւ­նին թո­ղած, հե­ռացած էին տա­րած­քէն։ Սա­կայն դէ­պի Թաք­սիմ տա­նող ճամ­բա­ներու վրայ բա­խումնե­րը կը շա­րու­նա­կուէին։ Այդ բա­խումնե­րէն դրուագ­ներ անջնջե­լի կեր­պով տպա­ւորուեցան ժո­ղովուրդի յի­շողու­թեան։ Օրի­նակի հա­մար Պէ­շիք­թա­շի երկրպա­գու­նե­րու «Չար­շը» կազ­մա­կեր­պութիւ­նը շի­նու­թիւնը շա­րու­նա­կուող մար­զա­դաշ­տէն քան­դիչ մե­քենայ մը դուրս բե­րած եւ սկսած էր ոս­տի­կան­նե­րու մե­քենա­ները հետապնդել։ Իս­կա­պէս տես­նե­լիք բան էր այդ պա­հուն առ­թած ու­րախ ոգե­ւորու­թիւնը։

Միւս կող­մէն ազա­տագ­րուած հրա­պարա­կին վրայ պուլղա­րացի գոր­ծիչ մը իր հետ բե­րած ռո­յալ դաշ­նա­մու­րով դա­սական երաժշտու­թիւն կը կա­տարէր զինք շրջա­պատող երի­տասար­դութեան։

Դի­մադ­րութիւ­նը հնա­րամիտ էր։ Քա­ղաքի վա­րիչ­նե­րը առա­ւօտ մը զար­մա­նալով տե­սան ամէն մէկ աս­տի­ճանը տար­բեր գոյ­նով ներ­կուած փո­ղոցա­յին սան­դուխը։ Շուարած էին, շուարած ու շատ վախ­ցած։ Այդ գու­նա­գեղ սան­դուխը պե­տու­թեան դէմ աս­պա­րէզ կար­դա­լու իմաստ մը ու­նէր։ Ու­րեմն իս­կոյն կի­րար­կե­ցին պե­տակա­նու­թեան պա­հան­ջը եւ կար­գա­պահու­թիւնը ապա­հովե­լու հա­մար բազ­մե­րանգ աս­տի­ճան­նե­րը կրկին ներ­կե­ցին մոխ­րա­գոյ­նով։ Բայց ո՞վ կրնար սան­ձել անհնա­զան­դութեան այսքան գե­ղեցիկ ար­տա­յայ­տութիւ­նը։ Մէկ եր­կու օրուայ մէջ քա­ղաքի տե­սանե­լի բո­լոր աս­տի­ճան­նե­րը ներ­կուեցան նոյն ձե­ւով։

Երեք տա­րի առաջ քա­ղաքա­ցիական անհնա­զան­դութեան հրա­շալի փորձ մը ապ­րուեցաւ, որ միայն զո­հուած ու­թը երի­տասարդնե­րու յի­շատա­կով կը տխրեց­նէ մեզ, եւ իշխանութիւններուն մատնուած սարսափով ալ կը զովացնէ բոլորիս սրտերը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ