ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՀԵՏ

Ներսէսը եւ Շուշանը։ Քոյր եւ եղբայր որբեր։ Երկու հոգի են եւ մէկ զոյգ ոտք։ Ներսէսը, կռնակը առած իր քոյրը, կը տանի հարեւան գիւղ։

-Քոյրս ինծի հետ կ՚երթայ դպրոց, դաշտ, այգի... Այսօր ալ երգելու... Միշտ իրարու հետ ենք։ Ես իր ոտքերն եմ։

Շուշանը ունի գեղեցիկ ձայն։ Բոլորը ծանօթ են անոր եւ կը զմայլին անոր երգերուն, մանաւանդ Սայաթ Նովայի իր կատարումներուն։ Գիւղացիները զինք հրաւիրած են, որ բոլորը խանդավառէ։ Երբ կը քալենք նուրբ փոշիով ծածկուած արահետին մէջէն, կը խօսինք կեանքի հետքերու եւ «հետ»ի մասին։

-Ի՞նչպէս եղաւ, Ներսէս։

-Դաշտի մէջ ականներ մնացեր են։ Պատերազմի տարիներէն։ Կը խաղայինք առանց կասկածելու։ Շուշանը ոտքը դրեր է անառակին վրայ։

-Ցաւ չունիմ ես, կ՚ըսէ Շուշանը, երգելու երջանկութիւնը կը վայելեմ։ Չեմ զգար ոտքերուս բացակայութիւնը։

-Սիրելի Շուշան, ստուգաբանականօրէն դուն զրկուած չես ոտքերէդ, այնքան ատեն որ եղբօրդ «հետ» ես։ Տե՛ս, լեզուաբանները կ՚ըսեն, թէ «հետ» բառը բնիկ հայկական է։ Անոր նախահայրն է հնդեւրոպական նախալեզուի ped- արմատը, սանսկրիտը pad, յունարէն pos, լատիներէն pes, որ կը նշանակէ ՈՏՔ։ Այս արմատէն ծագեր են միջաազգայնացած pedal «ոտնակ», pedestal «պատուանդան», pedestrian «հետիոտն, հետեւակ», pedicure «ոնտաբուժութիւն, ոտնայարդարում», octopus «ութոտանի», tripod «եռոտանի» բառերը։

-Իսկ ես կ՚ուզէի զոյգ մը նախշուն բաբուճ ունենալ, կ՚ըսէ Շուշանը։ Պարոն ստուգաբանութիւն, «բաբուճ»ը հայերէն չէ՞…

-Պարսկերէն։ Բունը papush, արաբերէն «պապուշ»։ Կը յիշե՞ս նախալեզուի ped- արմատը։ Միջին պարսկերէն pad- է ան, իսկ արդի պարսկերէն pa, այսինքն՝ ոտք եւ «բուշ», «ծածկոց»… «Ոտք» իմաստով «հետ»ի ամենահին գործածութիւնը կը գտնուի ոսկեդարեան «Մինչեւ ցե՞րբ կաղայք յերկուս հետս (ոտքով)» նախադասութեան մէջ։

-Եղբայրս իմ «ՈՏՔ»ս է… Ի՜նչ բարի մարդիկ են լեզուաբանները։

Շուն մը մեզ կը հետեւի, ոտքի խաղեր ընելով եւ իր շուրջ փոշիի ամպ մը բարձրացնելով։

-Գիւղի շունն է, մեր ընտանի հետեւակը։

-Սիրելիներ, «ՀԵՏ» արմատը հետզհետէ ձեւափոխուելով եւ միանալով բազմաթիւ մասնիկներու հետ, ստեղծեր է բառերու հարստութիւն մը. ՀԵՏՔ «ոտքի կոխած տեղին նշանը, ճանապարհ, օրինակ», ՀԵՏԸ «միասին, միատեղ», ԶՀԵՏ «ետեւէն», Ի ՀԵՏ «միասին»։ Բառը ստացած է նաեւ ժամանակի նշանակութիւն. «Առաջին հետ» առաջին անգամ, «նոյնհետայն» նոյն ժամուն, իսկոյն։ Նաեւ «հետ ընդ հետ», «ի հետոց», «հետզհետէ», «միահետ», «հետազօտել», «հետակորոյս», «հետամուտ», «հետեւիլ», «հետաքրքիր» բառերը։ Հրաչեայ Աճառեանի մօտ կը գտնենք «հետամտիկ» բառը. «Փախչող թշնամիի ետեւէն հետապնդելու եւ բռնելու համար ուղարկուած զինուոր»։

-Մեր զինուորները, պարոն ստուգաբանութիւն, մարտի դաշտէն փախչող քանի՜ տմարդ թշնամիներ հետապնդած են։

- Ունինք նաեւ ՀԵՏԻ բառը, «ոտքով», ուրկէ յառաջացած են «հետիոտ», «զուգահետ», «զրահետ», «մանրահետել» բառերը։ Իսկ նոր շրջաններուն՝ «հետախուզութիւն», «հետաքրքրամոլ», «հետեւողականութիւն», «հետեւողական» բառերը։

-Մենք շրջակայ գիւղերու մէջ կը լսենք տարբեր ձայներ։ Ինչո՞ւ է այդպէս։

-Ամէն գաւառ, երբեմն գիւղ, կ՚ունենայ իր բարբառը։ Շուշան դուն աշուղական երգեր կը սիրես, չէ՞, Սայաթ Նովան աւելի։ Օրինակ, անոր «Պուլպուլի Հիդ» երգը ալաշկերտցի սիրահարի մը համար «Պուլպուլի հեդ» պիտի ըլլար, մշեցիի համար «Պուլպուլի հըտ», ագուլիսցիի համար «Պուլպուլի հիտ», վանեցիի համար «Պուլպուլի խետ», մոկացիի համար «Պուլպուլի խիտ», գորիսցիի եւ արցախցիի համար «Պուլպուլի նըհէտ»… Սայաթ Նովայի մօտ կան նաեւ «միզիդ» եւ «քիզիդ» արտայայտութիւնները. «մեզի հետ», «քեզի հետ»։

Գիւղի մշակոյթի տան մէջ հիւրընկալ բազմութիւն մը կը դիմաւորէ քոյր-եղբայրները։ Շուշանը կը բազմեցնեն աթոռի մը վրայ։ Թառը եւ քամանչան կը սկսին նուագել։ Ու կը լսուին Սայաթ Նովայի քնարերգական խօսքերը, Շուշանի անզուգական ձայնի միջոցով։ Կը լսենք, թէ ինչպէս միաձուլուած են աշուղը իր սիրածին հետ եւ Շուշանը աշուղին հետ։ Նախ «Բըլբուլի հիդ լաց իս էլի, վարթի նման բաց իս էլի», ապա «Ի՞նչ կուլի մէկ հիդըս խօսիս», «Յիփ քաղցըր ձայնըտ վիր կոնիս, բաց կուլի հիտըդ խաղողն», «Չի՚մ կըշտանում գոզալի հիդ խոսալով», «Հիդըս խօսի՛, մի՛ կենա խըռովի պէս»… Շուշանին վերջին երգն է «Նազանի»ն, ուր աշուղը կ՚ուզէ զրուցել, լաւ ժամանակ անցընել իր եարին հետ. «Շատ մարթ քու էշխեմեն կու դառնայ յիզիդ /Արի մէ ռահմ արա, լա՛ւ կացի միզիդ/Գուզիմ թէ համաշա դամ անիմ քիզիդ՝/ Սանթուրով, քամանչով, դափով, Նազանի»։

Օրը երբ կը հասնի իր լրումին, Ներսէսը կը շալկէ իր սիրելի քոյրը եւ նոյն արահետէն, թեթեւ ոտքով կը վերադառնան տուն, հաւատարիմ շունն ալ անոնց հետ։

Սայաթ Նովա