Դատավարութիւն՝ պետական քննիչներու

ԿԷՕԶՏԷ ՔԱԶԱԶ

gozdekazaz@agos.com.tr

Ամէն մի նոր զարգացում վերստին կը բարդացնէ Հրանդ Տինքի ոճիրի դատական գործընթացքը։ Վարչապետութեան Քննիչ Յանձնախումբի պաշտօնեաներուն կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրը յստակեցուցած էր գործուած ոճիրին մէջ պետական պաշտօնեաներուն դերակատարութիւնը։ Սակայն նոյն կառոյցի նախկին պաշտօնակատարներ եւս տեղեկագիր մը պատրաստելով վիճելի դարձուցին նախորդ որոշումը։ Այս պայմաններու տակ Ներքին Գործոց Նախարար Էֆքան Ալա 7 Ապրիլ 2016 թուակիր որոշումով մը հարցաքննութեան արտօնութիւն տուաւ։ Այդ արտօնագրին մէջ նշուած է թէ քննիչները կանոնագիրով ճշդուած սահմաններէն դուրս գալով հարցաքննուած ոստիկանապետներուն դատուելուն արգելք ըլլալ փորձած են։ Այս որոշումով նախկին քննիչներ Մուսթաֆա Իւչքույու եւ Մեհմէտ Ճանօղլուի դէմ նոր հարցաքննութիւն կատարելու ճամբայ բացուած է։ Այս որոշումին մէջ նշուած է թէ կեանքը վտանգի տակ գտնուողները առանց իրենց պահանջքը սպասելու պէտք է պահպանուին ոստիկանութեան կողմէ։ Մեղադրուածները թերացած են այս միջոցին դիմելու համար։ Տրապիզոնի Լրաքաղութեան Բաժինը Էրհան Թունճելի հետ կատարած լրաքաղութենէն ետք պարզած է, որ Եասին Հայալ կը պատրաստուի Հրանդ Տինքը սպաննելու եւ ոչ մէկ կերպով այս որոշումէն ետ պիտի կենայ։ Այս տեղեկութեան իրազեկ ըլլալով հանդերձ Իւչքույու եւ Ճանօղլու ոչ մէկ ջանք վատնած են ոճիրը կանխելու համար։ Այս վերջին որոշումէն ետք նման բնոյթով մեղադրուածներու թիւը բարձրացած է չորսի։ Նախապէս պետական քննիչներ Շիւքրիւ Եըլտըզ եւ Մեհմէտ Ալի Էօզքըլընչ ալ նոյն յանցանքով մեղադրուած էին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ