Հայաստանի մէջ ինչե՞ր, ինչո՞ւ պատահեցան վերջին երկու շաբաթներուն

ՖԱԹԻՀ ԿԷՕՔՀԱՆ ՏԻԼԷՐ

fgdiler@agos.com.tr

«Սասնայ Ծռեր» խումբին կողմէ Երեւանի մէջ իրագործուած զինեալ ապստամբութիւնը թէեւ աւարտեցաւ սակայն արձագանգները դեռ կը շարունակուին։ Զինեալ խմբակը իր գործողութեան ձեռնարկած էր Յուլիսի 17-ին՝ գրաւելով մայրաքաղաք Երեւանի Էրեբունի թաղամասին մէջ գտնուող պարետապահակային ծառայութեան շէնքը եւ գերի առնելով այնտեղ գտնուող ոստիկանները։ Զինեալ ապստամբները իրենց կատարած առաջին իսկ յայտարարութեամբ կը պահանջէին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան մը կազմաւորումը։ Խմբակի մէկ այլ պահանջքն էր իրենց զինակից Ժիրայր Սեֆիլեանի եւ քաղաքական այլ բանտարկեալներու ազատ արձակումը բանտէն։

Ոստիկանական կեդրոնին 14 օրուան պաշարումը ոմանց կողմէ առնչութեան մէջ դրուեցաւ Հայաստան եւ Ատրպէյճանի միջեւ Ղարապաղի պատճառով Ապրիլին պատահած զինեալ բախման հետ։ «Սասնայ Ծռեր» զինեալ խմբակի անդամները Հայաստանի իշխանութիւնները մեղադրեցին երկրի անվտանգութիւնը վնասելու յանցանքով՝ որպէս պատճառ յառաջ քաշելով վերոնշեալ քառօրեայ պատերազմը։ Յայտարարութեան մէջ կը նշուէր թէ անյաջողութեան մատնուած են խաղաղ ցոյցերն ու բողոքները, հետեւաբար «ազգի ու հայրենիքի ապագան փրկելու միակ ճանապարհը զանգուածային ոտնձգութիւնն ու ապստամբութիւնն է»։

Հիմնադիր խորհրդարան

«Սասնայ Ծռերը» դատապարտուեցան Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ. Խմբակին անդամները որակուեցաւ որպէս ահաբեկիչ, իսկ կատարուած գործողութիւնը բնորոշուեցաւ որպէս ահաբեկչական արարք։ Ինչո՞ւ կատարուեցաւ այս գործողութիւնը եւ ինչպիսի՞ առնչութիւն մը ունի երկրի մէջ նախապէս պատահած այլ բողոքներու եւ ապստամբութիւններու հետ։

Զինեալ խմբակի անդամներու մեծամաս-նութիւնը միաժամանակ կ՚անդամակցի կամ կը համակրի «Հիմնադիր խորհրդարան» անուն մէկ այլ կազմակերպութեան, որ հիմնադրուած է 2012-ին ու արտախորհրդարանական քաղաքական շարժում մըն է։ Հիմնադրութեան օրէ իսկ կը պահանջեն Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը եւ վարչակարգի փոփոխութիւն։

«Հիմնադիր խորհրդարան»ը աւելի լայն հէնք մը ունի, քան «Սասնայ Ծռեր»ը եւ իր մէջ կը ներառնէ քաղաքական տարբեր հայեացքներու տէր անձեր։ Իսկ «Սասնայ Ծռեր»ու անդամներուն մեծամասնութիւնը նախկին զինուորներ են եւ մասնակցած են 1990-ականներու Ղարապաղեան պատերազմին։ Իսկ Ժիրայր Սեֆիլեան, որու ազատ արձակումը կը պահանջէին խումբին անդամները, «Հիմ-նադիր խորհրդարան»ի հիմնադիրներէն մէկն է։ Զինքը զինեալ ապստամբութենէն շուրջ ամիս մը առաջ՝ Յունիսի 23-ին, ձերբակալած էին։ Իրեն առաջադրուած մեղադրանքը հետեւեալն էր՝ անօրէն զէնք պահել եւ ապահովել։ Սեֆիլեան ծնած է Լիբանանի մէջ, մօտ 20 տարի առաջ գաղթած է Հայաստան եւ որպէս հրամանատար մասնակցած՝ Ղարապաղեան պատերազմին։ Հակառակ Հայաստանի մէջ ապրած այդքան տարիներու՝ միշտ մերժուած է քաղաքացի դառնալու ուղղութեամբ կատարած իր դիմումները։

«Ծուռ» հերոսներ

Սեֆիլեան կը ճանչցուի որպէս մէկը որ խստօրէն կը քննադատէ կառավարութիւնը։ «Հիմնադիր խորհրդարան»ը քաղաքացիական կազմակերպութիւն մըն է որ հակակառավարական բողոքի երթեր կը սարքէ. Սեֆիլեան եւ իր չորս ընկերները նման ցոյցի մը ընթացքին ձերբակալուած էին, որու առթիւ Եւրոպական յանձնաժողովի, մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու կողմէ հնչած էին հակազդեցութիւններ։

«Սասնայ Ծռեր» անունը կը բխի Ը.-Ժ. դարերուն ստեղծուած ժողովրդական առասպելի մը։ «Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան կը տեղեկացնէ թէ «Սասնայ Ծռեր» ու մէջ կը պատմուի չորս սերունդէ տղամարդկանց առասպելը։ «Սանասարի ու Պաղտասարի, Մեծ Մհերի, Սասունցի Դաւիթի ու որդւոյն Փոքր Մհերի՝ Հայաստանը ազատագրելու համար բռնատէրերու դէմ կատարած ապստամբութիւնը կը պատմէ այս առասպելը, զոր շատ լաւ գիտեն հայաստանցիները։ Հերոսները մէկ կողմէ անվախ ռազմիկներ են, սակայն մէկ կողմէ ալ ունին խենդ կողմ մը», կ՚ըսէ ան։

Իսկ Արմինէ Իշխանեան, որ Լոնտոնի տնտեսագիտական վարժարանին մէջ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ Հայաստանի մասին, կը յայտնէ թէ «Սասնայ Ծռեր», անունը պատահական չէ ընտրուած եւ ան ունի բազմաթիւ խորհրդանշաններ։ Ան իր ուսումնասիրութիւններու ժամանակ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամներուն հետ, ներառեալ Սեֆիլեանը, կատարած է հարցազրոյցներ եւ գործողութիւններու առաջին իսկ օրերուն «Բաց ժողովրդավարութիւն» կայքէջին վրայ կը գրառէր տեսակէտները։ Ան ընդունեց նաեւ պատասխանել մեր հարցումներուն։

Հերո՞ս թէ ահաբեկիչ

Իշխանեան կ՚ըսէ թէ անոնք անցեալին հայերու մղած ազատագրական պայքարին յղում կատարելով թերեւս ուզած են իրենց զինեալ պայքարը արդարացնել։ Երբ հայաստանցիները ընկերային ցանցերու վրայ կը քննարկեն անոնց ահաբեկիչ թէ հերոս ըլլալու պարագան, Իշխանեան կը յայտնէ հետեւեալը. «Երբ քայլ մը ետ քաշուելով դիտենք կացութիւնը կրնանք ըսել թէ այս անձերը հայկական հասարակութենէ ներս կ՚արտացոլեն իտեալ տղամարդու տիպարը»։

Երբ գնահատենք ապստամբներու անցեալը, իրենց առնչուած քաղաքացիական շարժման էութիւնը ու մէջտեղ դրուած պահանջքները՝ բացայայտ է որ 17-21 Յուլիս թուականներուն Հայաստանի մէջ պատահածները կապ ունին Ղարապաղի հետ։

Համաշխարհային դրամատան տուեալներով Հայաստանի բնակչութեան 35 տոկոսը կ՚ապրի աղքատութեան սահմանէն վար։ Նոյն այդ տուեալներու համաձայն 2016-ին արձանագրուած տնտեսական շարժման մեծագոյն բաժինը հասած է երկրի հարուստ ընտանիքներուն։ Կարելի է ըսել թէ ընկերային անարդարութիւնը հասարակութենէ ներս կը ստեղծէ լուրջ տագնապ մը։ Որոշ լրագրողներ, որոնք վերջին պատահարներու ընթացքին տեղ գրաւած են ցուցարարներու մէջ, կ՚ըսեն թէ ընկերային անարդարութեան պատճառով փողոց ելած հանրութենէն աւելին կար այդտեղ։ Այդ լրագրողներէն մէկը Գէորգ Մէլիքեանն էր իսկ միւսը Սեդա Գրիգորեանը։

Փորձառու լրագրող Գէորգ Մէլիքեան ամէն առաւօտ պետական ձայնասփիւռի մէջ կը վարէ «Սթաթիւքօ» հաղորդումը։ Ան յիշեցնելէ ետք թէ քառօրեայ պատերազմին աւարտին երկիրներուն միջեւ վերսկսած են բանակցութիւնները կ՚ընէ հետեւեալ մեկնաբանութիւնը. «Սկսաւ շրջիլ զրոյց մը թէ Հայաստան Ռուսաստանի ճնշումով համաձայնած է նահանջել Ղարապաղի ազատագրեալ տարածքներու մէկ մասէն։ Այս պնդումի մասին կը խօսէին նաեւ Հիմնադիր խորհրդարանի անդամները»։ Ապրիլեան հակամարտութեան ընթացքին որոշ քանակով տարածք կորսնցուցած հայ ժողովուրդը այս լսումներու պատճառով ալ աւելի լարուեցաւ։ Սակայն յիշեցնենք թէ «Սասնայ Ծռեր» Ղարապաղի վերաբերեալ ոչ մէկ պահանջք ներկայացուցած էր։

«Իշխանութիւնները կը գողնան»

Սեդա Գրիգորեան ԱՄՆ-ի մէջ իր ուսումը աւարտելէ ետք վերադարձած է իր երկիրը եւ կ՚աշխատակցի «Սիվիլնեթ»ին։ Ըստ իրեն Հայաստանի հասարակութեան կարծիքով ընկերային անարդարութիւնը հասած է աստիճանի մը, որու հետեւանքով կարելի է փողոց ելլել։ «Ղարապաղի վերաբերեալ շրջանառուող բամբասանքները պատերազմէ ետք արդէն իսկ զգայուն դարձած քաղաքացիներու մօտ հակազդեցութիւն ստեղծեց։ Բախումներու հետեւանքով նահատակուած էր 100 զինուոր։ Տեսնուեցաւ թէ բանակը պատրաստ չէ նման հակամարտութեան մը։ Նման միջավայրի մը մէջ կառավարութեան դեռ դրամ գողնալը հակազդեցութիւնը ընդարձակեց», կ՚ըսէ Գրիգորեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ