Քաղաքականութիւնը կը բնորոշէ դատին ընթացքը

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

ԿԷՕԶՏԷ ՔԱԶԱԶ

gozdekazaz@agos.com.tr

Հրանդ Տինքի ոճիրի դատավարութիւնը շարունակուեցաւ 8 եւ 9 Օգոստոս թուականներուն, Իսթանպուլի 14-րդ Եղեռնադատ Ատեանի մէջ։ Նիստին ներկայ էին ձերբակալուած ամբաստանեալներ՝ Ռամազան Աքեիւրէք, Ալի Ֆուաթ Եըլմազէր եւ ոչ ձերբակալեալ՝ Ճէլալէտտին Ճերրահ, Ռէշատ Ալթայ, Ահմէտ Իլհան Կիւլէր, Էրճան Տէմիր, Մեհմէտ Այհան, Ֆարուք Սարը, Օնուր Գարաքայա, Էօզքան Մումճու եւ Էրհան Թունչէլ։

Թամէր Պիւլէնթ Տէմիրէլ, Օսման Կիւլպէլ, Օկիւն Սամասթ, Եասին Հայալ եւ Մուհիտտին Զէնիթ ալ նիստին մասնակցեցան տեսալսողական կապի դրութեամբ։

Տինք ընտանիքը կը ներկայացնէին իրաւապաշտպաններ՝ Հաքան Պաքըրճըօղլու, Սեպուհ Ասլանկիլ, Պահրի Պելէն, Ինճի Իշպուլուր եւ Այշէնուր Տէմիրքալէ։ Կարգ մը ամբաստանեալներու փաստաբանները 15 Յուլիսի դէպքէն ետք հրաժարած էին իրենց պաշտօններէն։

Դատական այս նիստերու ընթացքին հարցաքննուեցաւ Էրճան Տէմիր։ Ան այս առթիւ յայտնեց թէ ոճիրի մէջ ոստիկան զօրաց դերակատարութիւնը, ինք է որ բացայայտած է։ «Քօղարկուած բաներ կան, որոնք երկրի օրակարգի համաձայն կը փոխուին։ Կեղծ փաստաթուղթեր պատրաստելով, դատարանը խաբելով կարելի չէ դատը շահիլ, քանի որ ամբողջ երկիր այս դատին կը հետեւի» ըսաւ ամբաստանեալը։

Խաչաձեւեալ հարցաքննութեան առաջին հարցումները եկան դատակազմէն։ Դատակազմի պետ Ճանսէլ Ռիւզկար հարցուց՝ «թղթածրարին մէջ ահագին փաստեր կան, որոնք կ՚ազդարարեն Հրանդ Տինքի սպանութեան։ Ժամանակագրական կարգով, եթէ հետեւիք թղթածրարը արդէն կ՚ահազանգէ։ Նոյնիսկ եթէ վէպի նման ընթերցէք, առաջին յիսուն էջերը կը պարզեն թէ Տինք պիտի սպանուի։ Դուն որ Տրապիզոնի մէջ հրամանատար դիրքի մէջ ես, ի՞նչ կ՚ըսես»։ Էրճան Տէմիր այս հարցումին պատասխանեց ըսելով, որ թեքնիքական լսումները եւ հետապնդումները կատարուած են ու արդիւնքը հաղորդուած է Իսթանպուլ։

Ամբաստանեալին յաճախակիօրէն հարցուեցաւ Էրհան Թունճէլի ո՞ր պայմաններու տակ լրաքաղութեան օգնական պաշտօնեայ կարգուիլը ու ապա պաշտօնազրկութիւնը։ Չէ որ այս վերջինը 2004-ին Տրապիզոնի մէջ Մէք Տանըլտսի ճաշարանին ռմբակոծման դէպքին մէջ Եասին Հայալին հետ գործակցած էր։ Տէմիր այս հարցումին պատասխանեց, որ ինք չէր գիտեր Էրհան Թունճէլի այս դէպքին մասնակցութիւնը։ Յաջորդ հարցումը դարձեալ Էրհան Թունճէլի մասին էր։ «Տինքի ոճիրի ծրագրաւորման մասին լուր հաղորդող միակ անձը ինչո՞ւ համար պաշտօնանկ ըրիք եւ պաշտօնազրկումէ ետք ինչո՞ւ համար շարունակեցիք իրեն հետ հանդիպելու»։ Ամբաստանեալը այս հարցումին ալ պատասխանեց ըսելով, որ պաշտօնազրկման կարգադրութիւնը ամբողջովին օրինական է եւ պաշտօնազրկումէ ետք հանդիպումները սովորական երեւոյթ են այս ասպարէզին մէջ։

Իրաւապաշտպան Հաքան Պաքըրճըօղլու, Տէմիրին հարցուց որ Տրապիզոնի Ոստիկան Զօրաց Լրաքաղութեան Բաժնի հետ համագործակցութիւն ունեցա՞ծ են։ Այս հարցումին ժխտական պատասխան առնելէ ետք, այս անգամ ալ հարցուց որ երկու անգամ հեռախօսելով ի՞նչ խօսած է, այդ կառոյցէն Մէթին Եըլտըզի հետ։ Ամբաստանեալը չէր յիշեր այդ զրոյցները։

15 Յուլիսէ ետք կառավարութիւնը բոլոր սլաքները ուղղած է բանակին, ուր Տինքի ոճիրի խնդրին հետ առնչուած կերպով կը մեղադրուին ոստիկան զօրաց պաշտօնեաներ։ Անշուշտ որ այս զարգացումը տեղի պիտի տայ նոր ալեկոծումներու։

Դատական նիստերը պիտի շարունակուին թերթիս տպարան յանձնուած 11 եւ 12 Օգոստոս թուականներուն, որոնց մանրամասնութիւնները օրըստօրին պիտի հաղորդուին «Ակօս»ի կայքէջին վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ