Օսմանեան կայսրութենէն ցայսօր ապստամբութեան աւանդը

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

Ապստամ­բութիւննե­րու պատ­մութեան մէջ «Ենի­չէրի» կո­չուած զօ­րախումբ շատ եր­կար ժա­մանակ գլխու փոր­ձանք եղած է Օս­մա­նեան սուլթան­նե­րուն հա­մար։ Բազ­մա­թիւ վար­չա­պետ­ներ գլխա­տուած են այդ ապստամ­բութիւննե­րու հե­տեւան­քով։ Ի վեր­ջոյ Ենի­չէրի­ներու բա­նակը վերջ գտած է պե­տու­թեան ծանր հա­լածանքնե­րուն տակ։ Պատ­կե­րը կը յի­շեց­նէր այ­սօ­րուայ երե­ւոյթնե­րը։ Անխնայ սպա­նուե­ցան Ենի­չէրի­ները ժո­ղովուրդի ալ մաս­նակցու­թեամբ։ 15 Յու­լի­սին բո­լոր մզկիթ­նե­րէն կա­տարուած կան­չով ժո­ղովուրդը փու­թաց մե­րօրեայ Ենի­չէրի­ները սպան­նե­լու։ Կար­ծես պատ­մութիւ­նը կրկնուած ըլ­լար։ Ան­ցեալին Մահ­մուտ Բ. սուլթա­ն հրա­հան­գած էր Ենի­չէրի­ները տեղ­ւոյն վրայ գլխա­տել։ Անոնցմէ ոմանք իրենց կեան­քը փրկե­լու հա­մար փոր­ձե­ցին Պէլկրա­տի Ան­տառներ կո­չուած վայ­րը փա­խուստ տալ, իսկ ժո­ղովուրդը նկա­տելով այս, ան­վա­րան կրա­կի տուաւ ամ­բողջ ան­տա­ռը։ Ար­դի Օս­մա­նեան բա­նակը կա­ռու­ցուած էր այս աւան­դութեան վրայ։ Այ­սօր Ենի­գաբու­յի հրա­պարա­կին վրայ, երբ կը տես­նեմ Մեհ­տէրնե­րու ֆան­ֆա­րը, այս է որ կը մտա­բերեմ։ Կը հա­մոզուիմ որ ան­ցեալի Ենի­չէրի­ները մեծ փառ­քով վե­րադար­ձած են։ Ճիշդ է որ ամէն առ­թիւ պե­տու­թեան հա­մար գլխա­ցաւ դար­ձած Ենի­չէրի­ները այս դէպ­քով պատ­մութիւն դար­ձան։ Սա­կայն նո­րակազմ ար­դի բա­նակն ալ շա­րու­նա­կած է նոյն աւան­դը։

1876-ին Ապ­տիւլա­զիզի դէմ ան­գամ մը եւս բե­մադ­րուեցաւ յե­ղափո­խու­թեան աւան­դը։ Այսպէ­սով սահ­մա­նադ­րա­կան դրու­թեան կրցանք անցնիլ յե­ղափո­խու­թեան շնոր­հիւ։ Բայց եր­կա­րատեւ չե­ղաւ այդ։ Տա­րի մը անց այս ան­գամ Սուլթան Ապ­տիւլհա­միտ 40 տա­րուայ ընդհա­տու­մի մը մատ­նեց սահ­մա­նադ­րա­կան հա­մակար­գը։ Թե­րեւս ժո­ղովրդա­վարու­թեան գլխա­ւոր դրու­թիւնն ալ հոս­կէ կը ծնի։ Երկրի բո­լոր սահ­մա­նադ­րութիւննե­րը յե­ղափո­խու­թեան մը, կամ հա­րուա­ծի մը ար­դիւնքն են։ Սահ­մա­նադ­րա­կան հա­մակար­գը իբ­րեւ թէ 1908-ին այս ան­գամ Երիտ Թուրքե­րու հա­րուա­ծով վե­րականգնուեցաւ։ «Իբ­րեւ թէ» կ՚ըսենք, քա­նի որ այս վեր­ջինն ալ եր­կա­րատեւ չէ եղած։ Կար­ճա­տեւ շրջա­նի մը համար Օս­մա­նեան ժո­ղովուրդնե­րը կը տի­րանան որոշ ազա­տու­թիւննե­րու։ Հա­յեր, յոյ­ներ, թուրքեր եւ հրեաներ ոգե­ւորու­թեամբ կը դի­մաւո­րեն սահ­մա­նադ­րա­կան մեր­ձե­ցու­մով քա­ղաքա­ցիու­թիւնը։ 2 Յու­լիս թուակա­նը եր­կար տա­րիներ կը յի­շուի որ­պէս ազա­տու­թեան տօն։ 1960-ի յե­ղափո­խու­թե­նէն ետք նմա­նապէս տօն հա­մարուեցաւ 27 Մա­յիս թուակա­նը։ Ըստ երե­ւոյ­թի հի­մա ալ 15 Յու­լի­սին նման իմաստ մը վե­րագ­րել պի­տի ու­զեն։ Մինչ այդ, շրջա­նային վար­չութիւն պա­հան­ջողնե­րուն դէմ կեդ­րո­նական իշ­խա­նու­թիւնը ամ­րացնել ու­զողնե­րու պայ­քա­րը կը շա­րու­նա­կուէր, երբ Թա­լաթ, Էն­վէր եւ Ճէ­մալ փա­շաներ 1913-ին հա­րուած մը իրա­կանա­ցու­ցին Մեծ Դրան դէմ։ Ար­դէն ան­մի­ջապէս ետք ալ սկսաւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրագ­րի գոր­ծադրու­թիւնը։

Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թիւնը կա­ռու­ցուած է Ազ­գա­յին Խորհրդա­րանի հի­ման վրայ։

14 Յու­նիս 1926-ին Մուսթա­ֆա Քէ­մալի դէմ գոր­ծադրուած մա­հափոր­ձը պատ­րուակ մը եղաւ բռնա­տիրու­թեան հա­մար։ Ար­դէն 1925-ի առա­ջին կի­սուն ծա­գած քրտա­կան ապստամ­բութիւ­նը ենթահող պատ­րաստած էր որոշ խստու­թեան մի­ջոց­ներ կա­տարե­լու առու­մով։ Այ­սօ­րուան ար­տա­կարգ դրու­թիւնը յի­շեց­նող այդ խստու­թեան կա­նոն­նե­րով սան­ձուեցան ժո­ղովրդա­վարու­թեան պա­հան­ջած բո­լոր ազա­տու­թիւննե­րը։ Այս պայ­մաննե­րու մէջ թրքա­կան բա­նակի մէջ հա­րուած մը իրա­կանաց­նե­լու առա­ջին խլրտումնե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան։ 1949-ին։ Զօ­րավար Սու­նա­յի գլխա­ւորած այդ շար­ժումը, եթէ Իս­մէթ Ինէօնիւ որե­ւէ ձե­ւով հրա­ժարէր իշ­խա­նու­թիւնը փո­խան­ցե­լէ տրա­մադ­րուած էր յե­ղաշրջում կա­տարե­լու։ 1957-ի քա­ղաքա­կան ճգնա­ժամի պայ­մաննե­րուն մէջ դար­ձեալ երե­ւեբում մը կը նկա­տուի, բայց ապա այդ խլրտու­մը կը մա­րի։ Վրայ կը հաս­նի 27 Մա­յիս 1960 թուակա­նի յե­ղաշրջումը եւ եր­կի­րը ան­գամ մը եւս կը տի­րանայ հա­մեմա­տաբար աւե­լի ժո­ղովրդա­վար սկզբունքնե­րու վրայ կա­ռուցուած սահ­մա­նադ­րութեան։

Ինչպէս որ 1876-ի սահ­մա­նադ­րութիւ­նը իր գլխա­ւոր թշնա­միին՝ Սուլթա­նին կը շնոր­հէր սահ­մա­նադ­րութիւ­նը վե­րաց­նե­լու իրա­ւունք՝ 1961-ի սահ­մա­նադ­րութիւնն ալ նոյն մեր­ձե­ցու­մով իրա­ւաս­ութիւն կու տար «Ազ­գա­յին Անվտան­գութեան Խոր­հուրդ»ին։ Այսպէ­սով բա­նակը կը սկսի ստուերա­յին կա­ռավա­րութեան մը նման գոր­ծե­լու։ 1960-ի Նո­յեմ­բե­րին տա­կաւին յե­ղափո­խու­թեան փո­թոր­կա­ծ ծովը չէ հան­դարտած, երբ վրայ կը հաս­նի եւս մի յե­ղափո­խու­թիւն, որ ամե­նայն զգու­շութեամբ կը չէ­զոքա­ցուի բա­նակի կող­մէ։ Այս բո­լորը իմ երի­տասար­դութեան տա­րինե­րէ ցնցիչ պատ­մութիւններն են։ Կը յի­շեմ 1961-ին մեր ու­սուցչին առաջ­նորդու­թեամբ Ան­գա­րա Թան­տո­ղանի հրա­պարա­կին վրայ յե­ղափո­խու­թեան տօ­նի մեր մաս­նակցու­թիւնը։ Ապա վրայ հա­սան մեր սե­րունդը տան­ջող, այլ յե­ղաշրջումներ։ Ամէն մէ­կը անէծ­քով յի­շուե­լու ար­ժա­նի տա­րիներ։ 1971,1980 ու ապա Թուրքիոյ ձա­խակող­մեան շար­ժումի ամ­բողջո­վին չէ­զոքա­ցու­մը։ Ահա­ւասիկ այ­սօր դեռ կը մնանք 1980 թուի զի­նուո­րական հա­րուա­ծի պայ­մաննե­րով պատ­րաստուած սահ­մա­նադ­րութեան ճիրաններուն տակ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ