Աղվերանի մէջ կայացաւ 7-րդ կրթական խորհրդաժողովը

Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութեան կազմակերպութեամբ Աղ­վե­րանի մէջ կա­յացաւ 7-րդ կրթա­կան խորհրդա­ժողո­վը։ Ժո­ղովի բո­վան­դա­կու­թեան մա­սին տե­ղեկու­թիւններ կը փո­խան­ցէ նախ­կին պոլ­սա­հայ, այժմ փա­րիզաբ­նակ կրթա­կան գոր­ծիչ Կա­րապետ Տա­քեսեան։

«Այս խորհրդա­ժողո­վը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ եր­կու տա­րին ան­գամ մը։ Խորհրդա­ժողո­վին մաս­նակցե­ցան 145 կրթա­կան մշակ­ներ։ Անոնցմէ 100-ը սփիւռքի 21 տար­բեր հա­մայնքնե­րէն։ Մե­ծագոյն խմբա­կը կու գար Ռու­սաստա­նէն 34 մաս­նա­կից­նե­րով։ Հա­յաս­տա­նէն 42 ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու (ու­սուցիչ, գիտ­նա­կան) մաս­նակցու­թիւնը հան­դի­պումնե­րը դար­ձուցին բա­ւական հե­տաքրքրա­կան։ Ըն­կե­րային շատ տար­բեր մթնո­լորտնե­րու մէջ գոր­ծող ու­սուցիչ­նե­րու հա­մար օգ­տա­շատ էր մա­նաւանդ իրենց պատ­կե­րացումնե­րը բաղ­դա­տել իրենց գոր­ծա­կից­նե­րու փոր­ձին հետ։ Ըն­կե­րային քա­ղաքա­կան պայ­մաննե­րու զա­նազա­նու­թեան յա­ռաջա­ցու­ցած խնդիր­նե­րուն հա­մապա­տաս­խա­նող նիւ­թե­րով կա­յացան աշ­խա­տանոցներ որոնց հե­տեւանք յստա­կացան առաջ­նա­հերթ խնդիր­նե­րը եւ հա­մապա­տաս­խան լուծման առա­ջար­կութիւններ կա­տարուեցան։ Առա­ջար­կութիւննե­րու եւ հաս­տա­տումնե­րու կար­գին կրնանք ու­նե­նալ հե­տեւեալ­նե­րը.

1-Ու­սուցիչ­նե­րու վե­րապատ­րաստման աշ­խա­տան­քը կը կազ­մա­կեր­պուի նաեւ գաղ­թա­վայ­րե­րու մէջ որ­պէսզի նկա­տի առ­նե­լով գե­րակայ պայ­մաննե­րը վե­րապատ­րաստու­մը դառ­նայ աւե­լի ար­դիւնա­բեր։

2-Բազ­միցս շեշ­տուեցաւ նոր դպրո­ցի անե­լի մէջ յայտնուած խնդիր­նե­րը, այդ խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու կեն­սա­կանու­թիւնը։ Հո­գեբան­նե­րը առա­ջար­կե­ցին մաս­նա­գէտ­նե­րու միջ­նորդու­թիւնը որ­պէսզի առողջ եւ ար­դիւնա­բեր հա­մագոր­ծակցու­թիւն վե­րահաս­տա­տուի։

3-Այն հա­մայնքնե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը որոնք իրենց հա­մայնքնե­րու դպրո­ցական կեան­քին մա­սին ընդհա­նուր պատ­կերներ ներ­կա­յացու­ցին, ընդգծե­ցին նաեւ ծնող­նե­րու ակնկա­լու­թիւննե­րը հայ դպրո­ցէն։ Ակնկա­լու­թիւններ, որոնց իրա­կանաց­ման հա­մար հայ դպրո­ցը պէտք ու­նի նե­ցու­կի եւ ծրագ­րուած նոր աշ­խա­տան­քի։ Ընդգծուեցաւ սփիւռքի մէջ ծնած ու մեծ­ցած սե­րունդնե­րու ինքնու­թեան, հա­յեցի ինքնու­թեան վե­րակազ­մուելու խնդի­րը»։

Հա­մագու­մա­րի կազ­մա­կեր­պութեան մաս­նա­կից­նե­րը պայ­մա­նաւո­րուե­ցան սոյն խնդիր­նե­րու շուրջ խորհրդակ­ցիլ յա­ջորդ ժո­ղովին, որ պի­տի կա­յանայ երեք տա­րի ետք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ