Խաղողօրհնէք-Աստուածածին

Իւրաքանչիւր մշակոյթ ի՞նչ կը թելադրէ իր հետեւորդներուն, կամ ժառանգորդներուն։ Պարզ պատահականութիւն մըն էր, որ այսօր խմբագրատուն այցելող ալէվի երիտասարդներու հետ զրուցելու ընթացքին պարզուեցաւ որ իրենք իբրեւ մշակոյթ զուրկ են մեր հասկցած առումով ուրախութեանն տեղի տուող տօնակատարութիւններէ։ «Մենք թէեւ ունինք յիշատակման օրեր, բայց զարմանալիօրէն չունինք տօներ» կ՚ըսէին երիտասարդները։ Ապա կը պատմէին թէ իրենց յիշատակման օրերը ընդհանրապէս կը վերաբերէին ողբերգութիւններու յիշատակման։ «Օրինակի համար ծոմ կը պահենք յիշելով Քէրպէլայի նահատակները։ Բայց աւարտին ոչ մէկ ուրախութիւն»։ Կ՚երեւի այս ալ բախտի խնդիր է։ Երանութիւն է որ մեր ազգային օրացոյցին վրայ նշուած է ուրախութեան օրեր, որոնց խորհուրդով ազգովին պիտի հրճուինք։ Պիտի ուրախանանք եւ պիտի վայելենք համազգային ապրումներ։ Ահաւասիկ կը պատրաստուինք թեւակոխել Սուրբ Աստուածածնի Տօնը, որ իր հետ պիտի աւետէ Խաղողօրհնէքը եւ սկսած հեթանոսական շրջաններէն հայ ժողովուրդը ով գիտէ իր պատմութեան մէջ քանի հազարերորդ անգամ պիտի ըմբոշխնէ համազգային տօնի առթած հրճուանքը։

Այս Կիրակի Աստուածածին է Խաղողօրհնէք, «Է Հէ՜յ ոտքի՛ Հայ ժողովուրդ տօնդ շնորհաւոր, բարի երթդ յարատեւ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ