Անհանդուրժողականութիւն ազատ օրակարգի

Քրտական դատի պաշտպան «Էօզկիւր Կիւնտէմ» (Ազատ Օրակարգ) թերթը 16 Օգոստոսին փակուեցաւ դա­տական որո­շու­մով։ Իս­թանպու­լի 8-րդ Հաշ­տա­րար Պատ­ժա­կան Ատեանը որո­շու­մը կա­յացուց թեր­թին բո­լոր թի­ւերուն մէջ ՓՔՔ զի­նեալ ապստամ­բութեան շար­­ժումին քարոզչութեան մե­­ղադ­­րանքով։ Դա­­տարա­­նի այս որո­­շու­­մէն ետք ոս­­տի­­­կանու­­թեան յա­­տուկ բաժ­­նի ծա­­ռայող­­նե­­­րը ներ­­խուժե­­ցին թեր­­թի խմբագրա­­­տու­­նը եւ բեր­­ման են­­թարկե­­ցին այնտեղ գտնուող 23 աշ­­խա­­­տող­­նե­­­րը։ Բեր­­ման են­­թարկուեցան նաեւ ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու մի­­ջամը­­տութիւ­­նը նկա­­րահա­­նող ԻՄՃ հե­­ռուստա­­կայա­­նի թղթա­­կից­­նե­­­րը։ Խմբագ­­րա­­­տու­­նը կնքուեցաւ Պե­­յօղ­­լուի քա­­ղաքա­­պետա­­րանի պաշ­­տօ­­­նեանե­­րուն կող­­մէ։ Ապա ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը փոր­­ձե­­­ցին բեր­­ման են­­թարկել թեր­­թի նախ­­կին գլխա­­ւոր խմբա­­գիր­­ներ իրա­­ւաբան Էրէն Քէս­­քի­­­նը, հրա­­տարա­­կիչ Ռա­­կըպ Զա­­րաքօ­­լուն եւ Ֆի­­լիզ Քո­­չալին։ Սա­­կայն այս երեքն ալ այդ պա­­հուն իրենց բնա­­կարան­­նե­­­րուն մէջ չէին։

«Էօզ­­կիւր Կիւնտէմ» օրա­­­թեր­­­թը հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան սկսած էր 30 Մա­­­յիս 1992-ին։ Ան ժա­­­ռան­­­գորդը կը հան­­­դի­­­­­­­սանայ «Եէնի Իւլքէ» (Նոր Եր­­­կիր) եւ «Էօզ­­կիւր Իւլքէ» (Ազատ Եր­­կիր) շա­­բաթա­­թեր­­թե­­­րուն։ Թեր­­թի ու­­թը թղթա­­կից­­նե­­­րը եւ 19 բա­­ժանորդնե­­րը սպան­­նուած են հե­­ղինա­­կը ան­­յայտ ոճիր­­նե­­­րով։ Ցարդ հրա­­տարա­­կուած 580 հա­­մար­­նե­­­րէն 486-ի հա­­մար դատ յա­­րու­­ցուած եւ թեր­­թի աշ­­խա­­­տակից­­նե­­­րը 147 տա­­րի բան­­տարկու­­թեան դա­­տապար­­տուած են։

Թեր­­թի դէմ ամե­­նամեծ յար­­ձա­­­կու­­մը տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ 3 Դեկ­­տեմբեր 1994-ին։ Նոյն օր Գումգա­­բուի մէջ գտնուող խմբագ­­րա­­­տու­­նը, Ճա­­ղալօղ­­լուի մէջ կեդ­­րո­­­նական գրա­­սենեակը եւ Ան­­գա­­­րայի գրա­­սենեակը ռմբա­­կոծուեցան, որոնց հե­­տեւան­­քով Գումգա­­բուի մէջ մա­­հացաւ վա­­րորդ Էր­­սին Եըլ­­տըզ, իսկ 23 աշ­­խա­­­տող­­ներ վի­­րաւո­­րուե­­ցան։

«Էօզ­­կիւր Կիւնտէմ» են­­թարկուած քա­­ղաքա­­կան ու դա­­տական ծանր ճնշումնե­­րու դի­­մաց զօ­­րակ­­ցութեան կոչ ըրած էր մա­­մու­­լի գոր­­ծիչնե­­րուն։ Այսպէս, կա­­տարուած կո­­չին ար­­ձա­­­գան­­գե­­­լով «հեր­­թա­­­կան գլխա­­ւոր խմբա­­գիր»ի պաշ­­տօ­­­նը ստանձնող­­նե­­­րուն դէմ դա­­տեր յա­­րու­­ցուեցան եւ անոնցմէ երեք լրագ­­րողներ՝ Էրոլ Էօն­­տե­­­րօղ­­լու, Ահ­­մէտ Նե­­սին եւ ակա­­դեմա­­կան Շեպ­­նեմ Քո­­րուր Ֆին­­ճանճը բեր­­ման են­­թարկուեցան։

Խօս­­քի եւ մա­­մու­­լի ազա­­տու­­թեան առու­­մով խիստ կա­­րեւոր այս զար­­գա­­­ցու­­մը ան­­տե­­­սուե­­ցաւ իշ­­խա­­­նամէտ մա­­մու­­լին կող­­մէ։ Իսկ միւս կող­­մէ Թուրքիոյ ազատ մա­­մու­­լը ներ­­կա­­­յաց­­նող բազ­­մա­­­թիւ լրագրողներ եւ անոնց միու­­թիւննե­­րը ելոյթնե­­րով քննա­­դատե­­ցին թեր­­թի ար­­գի­­­լու­­մը։ 17 Օգոս­­տո­­­սի երե­­կոյեան մամ­­լոյ յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը հրա­­պարա­­կուե­­ցաւ խմբագ­­րա­­­տան առ­­ջեւ եւ ան­­գամ մը եւս զօ­­րակ­­ցութեան կոչ ու­­ղուեցաւ ազատ մա­­մու­­լի դէմ գոր­­ծադրուած ճնշումնե­­րուն դի­­մադ­­րե­­­լու հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ