Գնդապետ Ալի Էօզ ձերբակալուած

Հրանդ Տինքի ոճիրին հետ առնչուած դատավարութիւնը շարունակուեցաւ 11-12 Օգոստոս թուականներուն։ Տրապիզոնի ոստիկանութեան լրաքաղութեան բաժնի պաշտօնեայ Էօզքան Մումճու աւարտեց իր պաշտպանութիւնը։ Ան յայտնեց որ պաշտօնազրկուած Էրհան Թունճէլ լրաքաղութեան կարեւոր գործիչ մը եղած է։ Իրեն հարցուեցաւ թէ Եասին Հայալի հետապնդման մէջ թերացում մը կայացա՞ծ է։ «Մենք նկատի ունենալով Եասին Հայալին բանտէն արձակուիլը եւ գիտնալով անոր ճիհատի շրջաններ մեկնելու միտումը՝ որոշեցինք մօտէն հսկել։ Իսկ Ազգային Լրաքաղութեան Կազմակերպութեան Տրապիզոնի մասնաճիւղը ի՞նչ ըրած է։ Ոստիկան զօրաց Տրապիզոնի շրջանային նախագահութիւնը ի՞նչ ըրած է։ Ո՛չ մի բան», պատասխանեց Էօզքան Մումճու։

Ապահովութեան նախկին տնօրէն Հանէֆի Ավճը դատարանին նամակ մը ուղարկելով յայտնեց թէ Մուհիտտին Զէնիթ Սապրի Ուզունի հեռախօսով իրենց հետ խօսած է։ «Զէնիթ այդ խօսակցութեան ընթացքին զիս մեղադրեց՝ զինք կրկին ձերբակալելու ուղղութեամբ աշխատելու մէջ։ Պնդեց որ այս մասին դատախազին վրայ ճնշում բանեցուցած եմ։ Մերժեցի այս պնդումը եւ ըսի, որ այս խօսքը տարածողները ստորին մարդիկ են։ Հասկցայ որ ոմանք թղթածրարի միջոցաւ գրգռութիւն կ՚ընեն», ըսաւ Հանէֆի Ավճը։

Զէնիթ հաստատեց այս տեսակցութիւնը եւ ըսաւ որ ինք հետեւցուցած է Հանէֆի Ավճըին դատախազի վրայ ճնշում բանեցնելու վարկածը։

Գնդապետ Ալի Էօզ ձերբակալուած

Միւս կողմէ դատախազութիւնը կը շարունակէ հարցաքննութեան։ Այդ ծիրէն ներս ձերբակալութիւններ ալ կը կատարուին։ Մինչեւ օրս 14 անձեր ձերբակալուած են որոնց մէջ կը գտնուին ոստիկան զօրաց լրաքաղութեան բաժնի պաշտօնեաներ եւ Տրապիզոնի ոստիկան զօրաց հրամանատար գնդապետ Ալի Էօզ։ Հարցաքննութեան զուգահեռ կը յայտնուին նաեւ ուշագրաւ մանրամասնութիւններ։ Յայտնի դարձաւ որ ոճիրի պահուն ոստիկան զօրաց ինը զինուորներ դէպքի վայրը կը գտնուէին։ Այս իրողութիւնը փաստուեցաւ թէ՛ հեռախօսի արձանագրութիւններով եւ թէ ականատեսներու վկայութեամբ։ Բացի այդ ինը զինուորներէն, պարզուեցաւ որ ոստիկան զօրաց պատկանող երկու ինքնաշարժներ ալ դէպքի վայրի մօտ էին։ Այս պաշտօնեաներէն Օքան Շիմշէքի, Էրկիւն Եօրուլմազի եւ Կազի Կիւնայի հեռախօսները Օգոստոս 2016-ին Իսթանպուլի մէջ Հրանդ Տինքի բնակարանին եւ «Ակօս»ի խմբագրատան շուրջ արձանագրուած են։

Տրապիզոնի ոստիկան զօրաց պաշտօնեաները Իսթանպուլ գալով իսկոյն հեռախօսակապ հաստատած են Իսթանպուլի ոստիկան զօրաց պաշտօնեաներուն հետ։ Տեսակցած անուններէն մէկը այժմ անյաջող յեղափոխութեան պատճառաւ ձերբակալուած Մուհարրէմ Տէմիրքալէն է։ Ոճրագործ Օկիւն Սամասթ ոճիրին նախորդող օր Իսթանպուլ եկած էր ու ապա պարզուեցաւ Տրապիզոնի ոստիկան զօրաց լրաքաղութեան բաժնի ենթասպայ Սաթըլմըշ Շահինի նոյն օր Իսթանպուլ գալը։

Պարզուեցաւ նաեւ ոստիկան զօրաց պաշտօնեաներու ոճիրի օրուայ հեռախօսահաղորդումները։ Տրապիզոն պաշնօտավարող Օքան Շիմշէք 19 Յունուար 2007-ին ժամը 11։49-ին Իսթանպուլի ոստիկան զօրաց պաշտօնեայ ենթասպայ Շէրէֆ Աթէշի հետ 10 վայրկեան եւ 28 երկվայրկեան տեւող տեսակցութիւն մը ունեցած է։ Այդ պահուն Աթէշ կը գտնուէր Տինքի մօտակայքը։ Նոյն հեռախօսահաղորդումներու հետապնդման առթիւ պարզուեցաւ որ Շէրէֆ Աթէշ Իսթանպուլի ոստիկան զօրաց պաշտօնեաներ հարիւրապետ Մուհարրէմ Տէմիրքալէ, Մուսթաֆա Քիւչիւք, Միքթաթ Էօզպէք եւ Ռահմի Էօզէրի հետ Հրանդ Տինքի Պաքըրգիւղի բնակարանին մօտակայքը գացած է։ Ոճիրէն անմիջապէս ետք այս անգամ Մուհարրէմ Տէմիրքալէի եւ ոստիկանութեան Իսթանպուլի բաժնի պետ Ալի Ֆուաթ Եըլմազէրի միջեւ հեռախօսակապը եւս պարզուած է։

Դատավարութեան յաջորդ նիստերը պիտի կայանան 26-27-29-30 Սեպտեմբեր թուականներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ