Բողոքագիր

Այսօր (16 Օգոս­տոս 2016) ար­գե­լափա­կուած է ան­ցեալին իմ ալ իբ­րեւ գլխա­ւոր խմբա­գիր եւ սիւ­նա­կագիր աշ­խա­տակ­ցած «Էօզ­կիւր Կիւնտէմ» (Ազատ Օրա­կարգ) օրա­թեր­թը։

Ոս­տի­կան կո­չեալ խու­ժա­նը խմբագրա­տուն յար­ձա­կեցան, լրագ­րող գոր­ծընկեր­ներս խոշ­տանգե­լով բեր­ման են­թարկե­ցին։ Անոնց մէջ էին գլխա­ւոր խմբա­գիր Զա­նա Քա­յա, հաս­տա­տու­թեան տնօ­րէն Տա­վութ Ու­չար, մեկ­նա­բան Պայ­րամ Պալ­ճը, եր­գի­ծան­կա­րիչ Տո­ղան Կիւ­զել եւ բա­նաս­տեղծ Մ. Էն­տէր Էօն­տէշ։

Յար­ձա­կումներ գոր­ծուեցան թեր­թի նախ­կին գլխա­ւոր խմբա­գիր­նե­րէն Էրէն Քես­կի­նի եւ սիւ­նա­կագիր Ֆի­լիզ Քո­չալիի բնա­կարան­նե­րուն։

Իմ օրի­նական բնա­կարա­նը հա­մարե­լով յար­ձա­կում մըն ալ գոր­ծուեցաւ որդւոյս բնա­կարա­նին վրայ։ Ոս­տի­կան կո­չեալ հրո­սախումբը խոր­տա­կեց տան դու­ռը եւ գրա­ւեց իմ թարգմա­նած, հրա­տարա­կած եւ որդւոյս նուիրած գիր­քե­րը, որոնք նիւթ ու­նէին հա­յոց, պոն­տա­ցինե­րու եւ ասո­րինե­րու դէմ գոր­ծադրուած ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րը։

Կը բո­ղոքեմ այս բար­բա­րոս արարքնե­րուն դէմ։

Քա­ռասուն տա­րիներ դա­տուե­ցայ մա­մու­լի դա­տերով...Դա­տախա­զու­թիւնը բա­զում ան­գամներ զիս հրա­ւիրեց հար­ցաքննու­թեան։ Ամէն ան­գա­մուն գա­ցի եւ անի­մաստ մե­ղադ­րանքնե­րու դէմ գրած­ներս պաշտպա­նեցի...

Նե­րառեալ 90-ական տա­րինե­րու կեղ­տոտ պա­տերազ­մի օրե­րը՝ նման խայ­տա­ռակու­թիւն չեմ տե­սած։

Յաղ­թա­նակը, Իրո­ղու­թիւնը, մարդկու­թիւնը, ազա­տու­թիւնը եւ ժո­ղովրդա­վարու­թիւնը պի­տի յաղ­թա­նակէ, ո՛չ թէ բար­բա­րոսու­թիւնը, ցե­ղապաշ­տութիւ­նը, գիր­քի թշնա­մու­թիւնը։

Ռա­կըպ Զա­րաքօ­լու

16 Օգոս­տոս 2016

Սթոք­հոլմ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ