Սիլվա ու Սըլա

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Յուլիսի 15-ի պե­տական հա­րուա­ծի փոր­ձը բա­րեբախ­տա­բար պսա­կուե­ցաւ ան­յա­ջողութեամբ, որով­հե­տեւ հա­սարա­կու­թիւնը կրցաւ տէր կանգնիլ ժո­ղովրդա­վար վար­չա­ձեւին։ Այդ օրէն ետք ստեղ­ծուած մթնո­լոր­տը յու­սադրիչ չէ սա­կայն։ ԱՔՓ-ի կող­մէ հռչա­կուած ար­տա­կարգ դրու­թիւնը թէեւ պե­տական հա­մակար­գը կիւ­լե­նական հա­մայնքի ան­դամնե­րէն մաք­րա­գոր­ծե­լու նպա­տակ կը հե­տապնդէ, սա­կայն ար­դէն իսկ ակնյայտ դար­ձած է որ իշ­խա­նու­թիւննե­րը ընդդի­մադիր­նե­րու հետ հա­շիւ ալ կը մաք­րեն ի մէջ այ­լոց։ Գրաքննուած ու ար­գի­լուած թեր­թեր, նոյ­նիսկ զա­ւեշ­տա­թեր­թեր, խա­փանուած թա­տերա­խաղեր, կղպան­քի տակ դրուած աշ­խա­տատե­ղիներ, գրա­ւեալ սե­փական ինչք, աշ­խա­տան­քէ հե­ռացուող ու հար­ցաքննուող ակա­դեմա­կան­ներ, ու­սուցիչ­ներ, դե­րասան­ներ, այ­լա­խոհ պարզ քա­ղաքա­ցիներ իրենց բա­ժին հաս­նող անար­դա­րու­թիւնը կը վա­յելեն լիու­լի՝ զրկուած մնա­լով պա­տահա­ծը դա­տական ատեան­նե­րուն առ­ջեւ բո­ղոքար­կե­լու տար­րա­կան իսկ իրա­ւունքէն։ Իսկ ստուար զան­գուած մըն ալ, քիչ մը վախ­նա­լով, աւե­լի շատ ալ մո­լեգ­նած, շա­բաթ մը առաջ մին­չեւ ամէն իրի­կուն հրա­պարակ կը վա­զէր՝ ապա­ցու­ցե­լու հա­մար, թէ կիւ­լե­նական հա­մայնքին չի պատ­կա­նիր, թէ դե­մոկ­րատ է, կը ներ­կա­յաց­նէ «ազ­գա­յին կամ­քը»։ Վեր­ջա­պէս պարզ քա­ղաքա­ցին շա­տոնց գի­տէ, սոր­ված է, որ հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հին ու ոմանց նման պի­տի չկա­րենայ օձի­քը ազա­տել պարզ «խա­բուե­ցայ, կը նե­րէք»ով մը՝ երբ հնչէ դա­տաս­տա­նի փո­ղը։

Եզ­րա­փակիչ հան­րա­հաւա­քը պի­տի կա­յանար Ենի­քափուի նո­րաս­տեղծ հրա­պարա­կին վրայ։ Հրա­ւիրո­ղը եթէ հան­րա­պետու­թեան նա­խագահն է՝ ո՞վ կրնայ ընդդի­մանալ, ո՞վ կրնայ հա­մար­ձա­կիլ մեր­ժել։ Հին ու նոր վար­չա­պետ­ներ, ազ­գայնա­կան կու­սակցու­թիւննե­րու վա­րիչ­ներ, պա­լատա­կան արուես­տա­գէտ­ներ, դրա­նիկ մար­զիկներ, նոյ­նիսկ արամ-աթե­շեան­ներ ու մար­գար-էսա­յեան­ներ, հա­րիւր-հա­զարա­ւոր քա­ղաքա­ցիներ, կիւ­լե­նական ըլ­լա­լու կաս­կա­ծի տակ իյ­նա­լու հա­ւանա­կանու­թեան նշոյլ իսկ ու­նե­ցող­ներ խոս­տա­ցան փու­թալ հրա­պարակ։

Յան­կարծ պա­տահե­ցաւ անսպա­սելին․ յայտնուեցաւ սպի­տակ ագ­ռաւ մը։ 36-ամեայ երգչու­հի Սը­լա յայ­տա­րարեց, թէ դէմ ըլ­լա­լով հան­դերձ պե­տական հա­րուած­նե­րու՝ մաս պի­տի չկազ­մէ Ենի­քափուի ցու­ցադրու­թեան, հան­դէ­սին։ Սո­վորա­կանա­ցած ար­տա­կարգ դրու­թեան մը իրա­կան ար­տա­կար­գութիւն մը հա­ղոր­դեց ան։ Թունդ ընդդի­մադիր­ներն իսկ չէին կրցած դի­մադ­րել սպառ­նա­լիքի նման հնչող ու ազ­գայնա­կան ծրա­րով փաթ­թուած հրա­ւէրին, սա­կայն Սը­լա կրցած էր հա­մար­ձա­կիլ։ Եւ հոն գա­ցող­նե­րէն ոմանք, մա­նաւանդ հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցիէն հո­գեւո­րական­ներ, լսե­ցին խիստ «դե­մոկ­րա­տական» խօս­քեր, զորս պի­տի չու­զէին լսել (ար­դեօ՞ք), որով­հե­տեւ «Կոս­տանդի­նի զա­ւակ­նե­րը» թշնա­մի հռչա­կուե­ցան ան­գամ մը եւս, «հայ­կա­կան հրո­սակա­խումբեր»ն ու անոնց դէմ ան­ցեալին ի ցոյց դրուած «քա­ջու­թիւնը» դար­ձեալ հո­լովուեցան, սա­կայն անոնք՝ աթե­շեան-էսա­յեանա­կան­ներ, բազ­մա­թիւ ու­րիշնե­րու նման, չկրցան լքել այդ հրա­պարակն ու եր­թալ։

Բնա­կանոն պայ­մաննե­րու տակ, յա­նուն ժո­ղովրդա­վարու­թեան կա­յացող հան­րա­հաւա­քի մը չմաս­նակցիլ ու զայն շոու կո­չել ժո­ղովրդա­վարու­թեան մէկ ար­տա­յայ­տութիւնն է, սա­կայն Նոր Թուրքիոյ մէջ այդպէս չէ. Սը­լային բո­լոր հա­մերգնե­րը ջնջուեցան, պա­լատա­կան մա­մուլն ու դրա­նիկ արուես­տա­գէտ­նե­րը խա­չակ­րաց ար­շա­ւան­քի մը ձեռ­նարկե­ցին Սը­լային դէմ, լա­ւագոյն պա­րագա­յին նա­խընտրե­ցին լռել, ծայ­րա­յեղա­կան­ներ՝ լին­չի դա­տաս­տա­նի սկսան են­թարկել զին­քը։ Եղաւ նոյ­նիսկ մէ­կը, որ դա­տարան դի­մեց՝ Սը­լան ամ­բաստա­նելով ժո­ղովուրդը ար­հա­մար­հե­լու, զայն ատե­լութեան եւ թշնա­մու­թեան մղե­լու յան­ցանքով։ Տես­նենք, դա­տախա­զու­թիւնը ըն­թացք պի­տի տա՞յ ար­դեօք։

Իսկ մենք այստեղ կը շա­րու­նա­կենք ապ­րիլ՝ ամէն ինչ դի­տելով դուրսէն։ Կար­ծես այս եր­կի­րը մե­րը չէ, կար­ծես հա­զարա­ւոր տա­րինե­րու ան­ցեալ մը չու­նինք այս հո­ղերուն վրայ, կար­ծես հիւ­րընկալ եր­կիր մը ապաս­տա­նած գաղ­թա­կան­ներ ենք եւ ոչ մէկ բան մե­զի կը վե­րաբե­րի։ Հա­յերէ­նով ոչ իսկ քննա­դատա­կան խօսք կը հնչէ, քար լռու­թիւն հա­րիւ­րա­ւոր մե­ռեալ­նե­րու առ­ջեւ նոյ­նիսկ, եր­կի­րը վե­րածուած է հնո­ցի, սա­կայն մենք կը նա­խընտրենք դի­տել հե­ռուէն։ Սը­լայի հա­մար­ձա­կու­թեամբ արուես­տա­գէտ մը, մամ­լոյ գոր­ծիչ մը, դե­րասան մը, եր­գիչ մը, հո­գեւո­րական մը, որ քննա­դատա­կան հա­յեաց­քով մը դի­տէ այս ամէ­նը եւ ոչ թէ հա­լած իւ­ղի նման ըն­դունի իշ­խա­նական բո­լոր յայ­տա­րարու­թիւննե­րը։

Այսքան հա­մակեր­պող չենք, ինչքան որ ալ այ­սօր այլ օրի­նակ­ներ դնեն մեր առ­ջեւ։ 12-13 Ապ­րիլ 2004-ին, ուշ գի­շերին, նա­խագահ Ռո­պերթ Քո­չարեան անուն հրէ­շին ոս­տի­կան­նե­րը ջարդ ու փշուր կ՚ընէին Երե­ւանի Մար­շալ Բաղ­րա­մեան պո­ղոտա­յին վրայ ցոյց կա­տարող քա­ղաքա­ցինե­րը՝ անոնց արիւ­նով ներ­կե­լով մայ­րա­քաղա­քին փո­ղոց­նե­րը։ 85-ամեայ բա­նաս­տեղծ Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեան այդ դէպ­քե­րէն ան­մի­ջապէս ետք, որ­պէս բո­ղոքի ցոյց, կը վե­րադարձնէր «Մես­րոպ Մաշ­տոց» շքան­շա­նը, զոր 1998-ին ստա­ցած էր Քո­չարեանէն։ «Շքան­շա­նով չէ, որ ես ինձ պի­տի կա­պուած զգամ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի հետ,- յայ­տա­րարած էր Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեան։ -Նա իմ կեան­քի, իմ հո­գու շա­ղախի մէջ խառ­նուած մի մե­ծու­թիւն է, մի սրբու­թիւն է, որին ես այս իմ քայ­լով մտա­ծում եմ, որ հա­ւատա­րիմ մնա­ցի, քա­նի որ նրա ժո­ղովուրդը այ­սօր են­թարկւում է հա­լածան­քի ոչ միայն ֆի­զիկա­կան, ու­ժա­յին մե­թոդ­նե­րով, այ­լեւ մշա­կոյ­թի աս­պա­րէզում, որ անհրա­ժեշտ չա­փով չի յարգւում Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի լե­զուն, Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի հիմ­նած դպրո­ցը, Մես­րոպ Մաշ­տո­ցով շնչա­ւորուած մշա­կոյ­թը»։ Ան իր խօս­քե­րը կ՚եզ­րա­փակէր հե­տեւեալ նա­խադա­սու­թեամբ. «Դա իմ հո­գու ճա­րահատ ճիչն եմ հա­մարում ընդդէմ այդ անար­դա­րու­թիւննե­րի»։

«Խօսք իմ որ­դուն»ի հե­ղինա­կը կը պատ­գա­մէր դէմ կե­նալ անար­դա­րու­թեան, ժո­ղովրդա­վարու­թեան քօ­ղին տակ իշ­խա­նու­թիւննե­րու կող­մէ գործ դրուող ամէն տե­սակ նեն­գութեան, քա­ղաքա­ցիական իրա­ւունքնե­րու սեղ­մումնե­րուն, մամ­լոյ ազա­տու­թեան բռնա­բարու­մին։

Ու մենք այ­սօր օդի ու ջու­րի պէս պէտք ու­նինք Սը­լանե­րու ու Սիլ­վա­ներու օրի­նակին՝ շա­րու­նա­կելու հա­մար ապ­րիլ ար­ժա­նապատուօ­րէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ