Բանավէճ Ղարապաղեան համագումարի շուրջ

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԲԱԼԵԱՆ

vardbalian@gmail.com

Լեռնային Ղարապաղի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 25 ամեակին նուիրուած համագումարը Թուրքիոյ Կրթութեան նախարարութեան արգելքով ծանօթ դարձաւ պոլսահայութեան։ Նախարարութիւնը 10 Օգոս­տո­սին հրա­պարա­կած շրջա­բերա­կանով Թուրքիոյ քա­ղաքա­ցինե­րը կը զգու­շացնէր 15-18 Սեպ­տեմբեր թուական­նե­րուն կա­յանա­լիք հա­մագու­մա­րին չմաս­նակցե­լու մա­սին։ Շրջա­բերա­կանին մէջ գրուած է հե­տեւեալը. «Լսումնե­րու հա­մաձայն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Երի­տասար­դութեան եւ Մարմնա­մար­զութեան Նա­խարա­րու­թիւնը Ատրպէյ­ճա­նի գրա­ւեալ տա­րած­քի՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րապա­ղի մէջ կը կազ­մա­կեր­պէ Լեռ­նա­յին Ղա­րապա­ղի Հան­րա­պետու­թեան հիմ­նադրու­թեան 25 ամեակը խո­րագ­րեալ մի­ջազ­գա­յին հա­մագու­մար մը։ Հա­ւանա­կան հրա­ւէրի մը պա­րագա­յին կը զգու­շացնենք մաս­նակցու­թե­նէն հրա­ժարե­լու մա­սին»։ Հա­մագու­մա­րը կազ­մա­կեր­պող Ղա­րապա­ղի Երի­տասարդ ակա­դեմա­կան­նե­րու եւ մաս­նա­գէտ­նե­րու միու­թեան հիմ­նա­դիր Աւե­տիք Յա­րու­թիւնեան այս մա­սին «Ակօս»ին փո­խան­ցեց հե­տեւեալ տե­ղեկու­թիւնը. «Հիմ­նադրու­թեան 25 ամեակին Լեռ­նա­յին Ղա­րապա­ղի Հան­րա­պետու­թեան հա­տած ճա­նապար­հը, յա­ջողու­թիւննե­րը եւ ան­յա­ջողու­թիւննե­րը քննար­կե­լու հա­մար պի­տի մէկ­տե­ղուինք։ Այս առ­թիւ Ղա­րապա­ղի երի­տասարդ ակա­դեմա­կան­նե­րը այլ եր­կիրնե­րէն եկած պաշ­տօ­նակից­նե­րու հետ պի­տի ծա­նօթա­նան եւ կար­ծիքներ պի­տի փո­խանա­կեն։ Հինգ եր­կիրնե­րէ մաս­նա­կից­ներ ու­նինք, որոնց մէջ թուրքիացի­ներ չկան։ Բայց եթէ ցան­կութիւն ըլ­լայ մենք պատ­րաստ ենք զիրենք ընդունելու»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ