Մեկնարկեց «Եփրատի Վահան» գործողութիւնը

ՆԱԶԱՆ ԷՕԶՃԱՆ

ozcanazan@gmail.com

Չորեքշաբթի առաւօտ ժամը չորսին Թուրքիա զինուորական գործողութիւն մը մեկնարկեց Սուրիոյ Ճէրպլուս գիւղաքաղաքին դէմ, որ կը գտնուէր Իսլամ Պետութեան հսկողութեան ներքեւ։ «Եփրատի Վահան» անուանուած գործողութիւնը սկսաւ թնդանօթաձգութեամբ։ Իսկ ժամը 11.00-ի շրջաններուն թրքական բանակը սահմանը հատելով մտաւ Ճէրապլուս։ Այս միջոցին Սուրիոյ Ազատ Բանակի շուրջ 1.500 ռազմիկներն ալ ընկերակցեցան բանակին։

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հրասայլերուն սահմանը անցնիլը երկրի անկախութեան ոտնակոխումը ըլլալով մեկնաբանեց։ Ուշագրաւ է որ այս գործողութիւնը կը զուգադիպի ԱՄՆ նախագահի օգնական Ճօ Պայլընի Թուրքիա այցելութեան օրին։

Արտ Գործ Նախարար Մեվլուտ Չավուշօղլու այս մասին յայտարարութիւն մը ընելով ըսաւ թէ Սուրիոյ Ժողովրդական Ուժերուն մէջ գտնուող ԵՓԿ-ի տարրերը պէտք է ժամ առաջ Եփրատի արեւելեան հատուածը անցնին։ «Ապա թէ ոչ Թուրքիա հարկ եղածը կը կատարէ» սպառնաց Չավուշօղլու։ Միւս կողմէ ԵՓԿ-ի համանախագահ Սալիհ Միւսլիմ գործողութիւնը մեկնաբանեց «Թուրքիա Սուրիական ճախճախուտին մէջը։ Պիտի պարտուի ՏԱԻՇ-ի նման» խօսքերով։

«Եփրատի Վահան» զինեալ գործողութեան մասին կարծիքներ ստացանք Սուրիոյ, ՏԱԻՇ-ի եւ Միջին Արեւելքի վերաբերեալ խնդիրները ուսումնասիրող մասնագէտէ՝ Տոքթ. Տէնիզ Չիֆչիէ։

ՆԱԶԱՆ ԷՕԶՃԱՆ- Կը պնդուի թէ Թուրքիա ՏԱԻՇ-ը մաքրելու համար Ճերապլուս մտած է։ Սակայն իսկոյն կը խօսուի քիւրտերուն Եփրատի Արեւմտեան ափը չանցնելու մասին։ Բուն նպատակը ի՞նչ է։

ՏԷՆԻԶ ՉԻՖՉԻ- Ճիշդ է որ Իսլամ Պետութիւն ահաբեկչական կազմակերպութիւնը ամբողջ աշխարհի դէմ սպառնալիք մըն է։ Սակայն Թուրքիա ունի առաջնահերթ այս սպառնալիքներ։ Երբ Սուրիա ու Ամբողջ Միջին Արեւելքը կը վերաձեւաւորուի, Թուրքիա զգուշօրէն կը խուսափի Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին մէջ քիւրտերու ինքնավար տարածք մը ապահովելէն։ Թուրքիա յատկապէս ալ քիւրտերու Միմպիչը ազատագրելէն ետք կը մտահոգուի Աֆրինի եւ Քոպանիի քանդումներու միացումով քրտական ինքնավարութեան կայանալէն։ Այդ հաւանականութիւնը կանխելու համար ալ Ճէրապլուս մտնելով կ՚ուզէ այդ տարածքին մէջ իրեն ենթակայ ուժեր ունենալ։ Այսինքն բուն խնդիրը Աֆրին-Քոպանի գծին արգելք ըլլալ է։ 40 օր առաջ Սուրիա էի եւ որու հետ որ խօսեցայ միաբերան նոյն համոզումը յայտնեցան՝ «քիւրտերը հերոսաբար պատերազմեցան եւ իբրեւ հետեւանք ինքնավարութիւն ձեռք բերին։ Ասկէ աւելին հաւասարակշռութիւնները կը խանգարէ»։ Միւս կողմէ քիւրտերը հողային ինքնավարութիւն մը կը պահանջեն, որուն թէ Ռուսաստան եւ թէ Իրան դէմ են։ Ասատի կառավարութիւնը եւ Թուրքիա արդէն ի հիմանէ դէմ են, իսկ Միացեալ Նահանգներ միւս դերակատարներուն հետ յարաբերութիւններու սահմանով աւելի ճկուն ռազմավարութիւն մը կը փորձէ։

    

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ