Երբեմնի դատաւորները ձերբակալուած

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

Հրանդ Տինքի ոճիրի դատավարութիւնը դէպքէն ինը տարի անց բոլորովին նոր դիմագիծ մը կը ստանայ։ Արդարեւ ոճիրէն ետք մինչեւ 2013 թուական շարունակուող դատավարութեան դատակազմը այսօր կը մեղադրուի Ֆէթուլլահ Կիւլէնի համայնքին անդամակցելով։ Իսկապէս զաւեշտային երեւոյթ մըն է այս, քանի որ այդ տարիներուն կազմակերպութիւն մը յայտնաբերելու դժուարացնողները այսօր իրենք կը մեղադրուին յանցագործ կազմակերպութեան մը անդամակցելու ծանր մեղադրանքով։ Ինչպէս պիտի յիշուի դատակազմի պետը վճիռ արձակելու պահուն յայտարարած էր որ կազմակերպչական բնոյթ մը չեն կրցած հաստատել եւ այդ իսկ պատճառաւ ալ անպարտ կը հռչակեն մեղադրուածները։ Այս շրջանակով յատուկ լիազօրուած 14-րդ Եղեռնադատ Ատեանի ամբողջ դատակազմը ձերբակալուած են։ Նոյն դատակազմին նախորդ պետը Էրճան Չանաք եւս ձերբակալուած էր յանցագործութեան նպատակով կազմակերպութիւն հաստատելու եւ կաշառակերութեան մեղադրանքներով։ Բազմաթիւ են Հրանդ Տինքի դատավարութեան գործին մէջ իրաւագէտներու զանցառութիւնները։ Օրինակի համար Հրանդ Տինքը կուսակցութիւն հրաւիրելով իրեն սպառնալիքներ տեղացնող Լրաքաղութեան Բաժնի պաշտօնեաներուն դէմ Տինքի ընտանիքը պահանջած էր հարցաքննութիւն։ Հակառակ որ այդ ժամանակ կառավարութիւնը այդ արտօնութիւնը տուած էր դատակազմը ժամանակի լրացումը պատճառ բերելով չէր հարցաքննած այդ պաշտօնեաները։ Այժմ այդ դատախազի դէմ ալ Կիւլէնի կազմակերպութեան անդամակցելու մեղադրանքով դատ բացուած է։ Ոճիրի կարեւորագոյն երեսակներէն մէկն էր պետական պաշտօնեաներուն դատուելու պարագան։ Երկար ժամանակ իշխանութիւնները չէին արտօնած անոնց դատուելուն։ Իսկ աւելի ետք ալ այս անգամ դատակազմը զանազան միջոցներով արգելք հանդիսացած էր անոնց դատարանի դիմաց հաշիւ տալուն։ Տինքի ընտանիքը բազում անգամներ դատարան դիմեցին անոնց հարցաքննուելուն համար։

Այս մասին պետական քննիչները հարցաքննուելու արգելք հանդիսացող տեղեկագիրներ գրեցին։ Այժմ այդ քննիչներն ալ ձերբակալուած են։       

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ